ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՔԱՅԼ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ Պեռնար Շալանտ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Զուիցերացի աւագ մարզիչին հրաժարականը արդէն ընդունուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։
Այս հրաժարականը ձեւով մը կը նկատուէր անխուսափելի։ Արդարեւ, «Եւրօ 2016»ի որակաւորման հանգրուանի խաղերու սկիզբին մեծ յոյսերով պաշտօնի կոչուած էր Պեռնար Շալանտ՝ յաջորդելով Վարդան Մինասեանին։ Դժբախտաբար, զուիցերացի աւագ մարզիչը չկրցաւ արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերը։ Ճիշդ է, որ ան ձախորդութիւններ ապրեցաւ, որովհետեւ հայկական ընտրանիին քանի մը կարեւորագոյն տարրերը նոյնաժամանակ կազմէն հեռու մնացին վիրաւորուած ըլլալու պատճառով, սակայն Պեռնար Շալանտն ալ ընդհանուր առմամբ այդ գործընթացները չկրցաւ կառավարել՝ արհեստավարժութեան ակնկալուած մակարդակով։
«Եւրօ 2016»ի որակաւորման հանգրուանին Հայաստան նոյնիսկ զիջեց այնպիսի խումբերու, որոնց նկատմամբ մինչեւ մօտաւոր անցեալին կը հասնէր առաւելութեան։ Վերջին օրինակը ապրուեցաւ Կիրակի երեկոյեան, երբ հայկական ընտրանին պարտութիւն կրեց Ալպանիոյ դիմաց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պեռնար Շալանտ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան պատուիրակութեան հետ յատուկ թռիչքով Ալպանիայէն վերադարձաւ Երեւան եւ անմիջապէս ներկայացուց իր հրաժարականի դիմումը։ Ռուբէն Հայրապետեանն ալ ընդունեց այդ հրաժարականը եւ այսպէսով փակուեցաւ իր շրջանը։
Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքէջին միջոցաւ Պեռնար Շալանտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ան երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան, ազգային հաւաքականի մարզիչ կազմին եւ համակիրներու մասին։ «Ես Հայաստան եկայ շուրջ տարի մը առաջ՝ ունենալով միայն մէկ նպատակ՝ յաղթահարել Եւրոպայի առաջնութեան որակաւորման փուլը Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ։ Սա մեծ մարտահրաւէր մըն էր ինծի համար։ Իմ պայմանագրին մէջ յստակ նշուած էր, որ մենք պէտք է հաւաքենք որակաւորման փուլը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ միաւորներ, հակառակ պարագային ես պէտք է լքեմ իմ պաշտօնը։ Այս իսկ պատճառով, ինծի համար հիմա ամէն ինչ պարզ է։ Բնականաբար չորս խաղերու արդիւնքին մէկ միաւորը անբաւարար է՝ նոյնիսկ հաշուի առնելով, որ մենք այս մրցափուլի գրեթէ բոլոր խաղերուն ժամանակ ունեցած ենք կորուստներ։ Բաց աստի, իւրաքանչիւր խաղի ժամանակ բան մը մեզ խանգարեց։ Մխիթարեանի եւ Արզումանեանի վնասուածքները՝ Դանիոյ հետ հանդիպման ժամանակ, Մարկոսի մսխած փենալթին՝ Սերպիոյ դէմ խաղին, Համբարձումեանի կարմիր քարտը՝ Ալպանիոյ դէմ խաղին։ Եթէ ամէն խաղ տեւէր 70 վայրկեան, մենք կ՚ունենայինք 10 միաւոր։ Սա կը նշանակէ, որ մեր ընտրած կազմը կամ մարտավարութիւնը խաղերու համար այդքան ալ վատ չէր, ուղղակի վերջաւորութեան բան մը կը պակսէր։ Անկախ ամէն ինչէ՝ ես չեմ փնտռեր արդարացումներ։ Խնդիրը կատարուած չէ։
«Ի հարկէ, մենք չկարողացանք ազգային հաւաքականի հետ հասնիլ ցանկալի արդիւնքի, բայց իրականացուցինք շատ լուրջ ծրագիր ֆութպոլի զարգացման համար՝ ձեւաւորելով Հայաստանի մինչեւ տասնչորս եւ տասնհինգ տարեկաններու հաւաքականները։ Թերեւս այդ իսկ տղաները հետագային պիտի կազմեն Հայաստանի ապագայ հաւաքականին կորիզը։ Բայց ես կը հաս-կնամ, որ իմ հիմնական գործը Հայաստանի ազգային հաւաքականի յաջող խաղն էր եւ լաւ արդիւնքը։ Այո, ես հիասթափուած եմ արդիւնքէն», նշեց իր յայտարարութեան մէջ Պեռնար Շալանտ եւ հետագայ յաջողութիւններ մաղթեց Հայաստանի ազգային հաւաքականին։ Ան շեշտեց, որ ինք կը տեսնէ Հայաստանի ազգային հաւաքականի ներուժը եւ յոյս ունի, թէ օր մը հայկական ընտրանին հանդէս պիտի գայ Եւրոպայի կամ Աշխարհի ախոյենութեան մէջ։