Զօրակցութիւն Րաֆֆի Տուտագլեանին

Վերջին օրերուն Պէյրութի մէջ պատահած է տհաճ դէպք մը։ Յարձակման ենթարկուած է յայտնի մտաւորական ու հասարակական գործիչ Րաֆֆի Տուտագլեան։ Գանատայէն Հայաստան հաստատուած ըլլալով՝ ան վերջին տարիներուն կը ծաւալէր բեղուն գործունէութիւն։ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի տեղւոյն մասնաճիւղի պատասխանատուն ըլլալու առընթեր, Րաֆֆի Տուտագլեան հրապարակագրութեան կալուածին մէջ կատարած արտադրանքով առանձնացած է՝ բառին բուն իմաստով։ Ան սփիւռքահայ մըն է, որ հաստատուած է Հայաստան, մաս կազմած է անոր կեանքին եւ իր գրիչը հարցաքննական ուղղութիւնով կը շարժէ՝ խորաթափանց մատուցելու համար երկրին իսկական համայնապատկերը։

Բռնութեան այս դէպքին կապակցութեամբ ցարդ շարք մը մանրամասնութիւններ ճշդուած են, ոմանց ալ պարզուելուն կը սպասուին։ Կատարուած են նաեւ յայտարարութիւններ, մինչ ենթական հիւանդանոց փոխադրուելու աստիճանին հասած է։ Խնդրի գործնական մասը, անշուշտ շատ կարեւոր է, սակայն առաւել եւս զգայացունց է՝ ընդհանուր ֆոնը։ Վաղուց սփիւռքահայ ոստաններէն չէին հասներ նման տխուր լուրեր։ Այժմ սփիւռքէ ներս մօտաւոր անցեալի բաղդատմամբ անհամեմատօրէն մեղմացած են  միջկուսակցական մթնոլորտը, զանազան շրջանակներու շփումները։ Հայոց սփիւռքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր կը տիրէ գաղջ կլիմայ մը ու չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ կայ նաեւ համագործակցութեան մթնոլորտ մը։ Այս բոլորին տեսակէտէ ծայր աստիճան ցաւալի է Րաֆֆի Տուտագլեանի ենթարկուած բռնութիւնը։ Սփիւռքի առանցքային ոստաններէն մէկուն մէջ, սփիւռքահայ մտաւորականի մը դէմ կատար-ւած բռնութիւնը իսկապէս կը համարուի աններելի։ Թէեւ առհասարակ բռնութիւնը մերժելի ու պախարակելի է, սակայն այս մէկը «սովորաբար» ընկալուած ձեւաչափերէն ալ բոլորովին դուրս է։ Այդ «սովորական»ներու մանրամասնութիւններուն մէջ չխորանանք, յիշողութիւնը ծանօթ է բոլորին եւ այնքան ծանօթ՝ որ դառն ժառանգութիւնը թօթափելու գիտակցութեամբ ու ջանքերով ստեղծուած է սփիւռքի ներկայ յարաբերաբար մեղմ ու շինիչ մթնոլորտը։

Րաֆֆի Տուտագլեանի ենթարկուած բռնութիւնը ահազանգային բնոյթ կը ներկայացնէ համայն հայութեան տեսակէտէ։ Անկախ իր հայեացքներէն, մտաւորականի մը բռնութեան ենթարկուիլը կարելի չէ արդարացնել որեւէ ձեւով։ Այս դէպքը պէտք է խոշորացոյցի տակ առնել բոլոր երեսակներով։ Նախ խնդիրը պէտք է լուսաբանել՝ կամք դրսեւորելով եւ այդ կամքը պիտի նշանակէ կրկնութիւնները բացառելու միակ համոզիչ նախապայմանը։ Երկրորդ՝ Րաֆֆի Տուտագլեան պէտք է շօշափելի ձեւով զգայ, որ իր ժողովուրդը իր կողքին է անվերապահօրէն։ Միայն այսպէսով ան կրնայ խնայուիլ բարոյական ընկճումէ ու միայն այսպէսով հայրենադարձ սփիւռքահայու ծառայութեան եռանդը կրնայ ձեւով մը վերահաստատուիլ, երաշխաւորուիլ։

Րաֆֆի Տուտագլեան զօրակցութեան առարկայ պէտք է դառնայ ո՛չ թէ որպէս տուժած, այլ՝ որպէս խիզախ անհատ, որպէս յանձնառու հասարակական գործիչ ու որպէս հարցաքննող մտքի հետամուտ մտաւորական։ Րաֆֆի Տուտագլեանի ենթարկուած բռնութիւնը պէտք է վերածուի աղաղակի մը՝ որպէսզի հայ իրականութենէն ի սպառ դուրս մնան բռնութիւնները, արտադրող մարդոց դէմ խափանարարութիւնները։

Հուսկ, առաջին հերթին արագ ու կատարեալ ապաքինում կը մաղթենք Րաֆֆի Տուտագլեանին, որու հետ ունեցած ենք հաճելի ծանօթութիւն մը։ Հրապարակաւ իրեն կը յայտնենք մեր անվերապահ զօրակցութիւնը։ Կը սիրենք յուսալ, որ իր ենթարկուած այս պախարակելի բռնութիւնը ժամանակի ընթացքին վերածուի արժանապատիւ զոհողութեան մը՝ համայն հայութիւնը խնայելու համար բռնութեան խաւարամտութենէն, բռունցքներու փակ շրջանէն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018