ՆՈՐ ՄՏԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻ

 Սե­փա­կան լրա­տուու­թիւն.-

Ֆ­րան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, վեր­ջին օ­րե­րուն Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­կերպուած «Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. Հե­տա­զօ­տու­թեան 100 տա­րին» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վը յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը դար­ձաւ 2015 թուա­կա­նի ո­գե­կոչ­ման մթնո­լոր­տի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Գի­տա­ժո­ղո­վը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ շա­հե­կան խմո­րում­նե­րու, նաեւ ու­րուագ­ծեց նոր մտայ­նու­թեան մը ու­ղին։ Հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­կից­նե­րով ու բազ­մաբ­նոյթ զե­կու­ցում­նե­րով, նաեւ ծա­ւա­լուն քննար­կում­նե­րով այս ծրա­գի­րը ար­դա­րա­ցուց իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը՝ թէ՛ ա­նա­չա­ռու­թեան եւ թէ մա­կար­դա­կի ա­ռու­մով։ Շարք մը թուրք ա­կա­դե­մա­կան­նե­րու եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւնն ալ վե­րածուե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեան յա­ւե­լեալ ազ­դա­կի մը։ Քա­ռօ­րեայ աշ­խա­տան­քին շրջագ­ծով բո­լոր գիտ­նա­կան­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս դրսե­ւո­րե­ցին ի­րենց մաս­նա­գի­տա­կան պա­շա­րը եւ ընդ­հա­նուր ար­դիւն­քը ե­ղաւ իս­կա­պէս պատ­կա­ռե­լի։ Տուեալ բնա­գա­ւա­ռին գրե­թէ բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րուն հան­գա­մա­նա­լից անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րուե­ցաւ, ինչ որ լայն տա­րո­ղու­թիւն մը ա­պա­հո­վեց գի­տա­ժո­ղո­վին։ Կարճ խօս­քով՝ աշ­խա­տան­քա­յին չորս օ­րե­րու ըն­թաց­քին վիթ­խա­րի գործ մը տես­նուե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ։

Թէեւ ընդ­հան­րա­պէս զե­կու­ցում­նե­րը հե­տաքրք­րա­կան էին, կը կազ­մէին ամ­բողջ մը ի­րենց տե­սա­կա­ւո­րու­թեամբ, սա­կայն նաեւ կ՚ա­ռանձ­նա­նա­յին կարգ մը դի­տար­կում­ներն ու խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը։ Քա­ղա­քա­գէտ ու լրագ­րող Կայծ Մի­նա­սեա­նի հա­մոզ­մամբ, ա­ռողջ պատ­մագ­րու­թեան մը հաս­նե­լու հա­մար՝ հայերը պէտք է փրկուին ինք-զինքնին «տուժած» կամ «վիրաւոր» կողմ զգալէ եւ պէտք է ցեղասպանութիւնը վերա­ծեն պատմութեան մէկ առարկան։

 

 

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015