ՄԵԾ ՊԱՀՔ (Ե.)

ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահքի հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի Դատաւորի Կիրակի:

Ղուկասու Աւետարանին մէջ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս առակ մը կը պատմէ իր աշակերտներուն, որու պարունակութիւնը հետեւեալն է. քաղաքի մը մէջ կար այրի կին մը, որ իր շրջապատէն անիրաւուած էր։ Քաղաքի դատաւորին կը դիմէ, որպէսզի իր դատը տեսնէ, սակայն դատաւորը կը մերժէ լսել այրի կինը։ Կինը առանց յուսահատելու ամէն առիթի կը դիմէ դատաւորին, մինչեւ որ դատաւորը ինքն իրեն կ՚ըսէ. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ» (Ղկ 18.4-5):

Այս առակը իր մէջ քանի մը մտածումներ կը պարունակէ.-

1) Չվհատիլ Աստուծոյ ներկայացուցած մեր խնդրանքներուն մէջ։ Առակին սկիզբը արձանագրուած է. «Յիսուս առակ մը պատմեց իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար, թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու» (Ղկ 18.1)։ Աւետարանագիրին արձանագրածը յստակ է, միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու։ Այսօրուան մեր ընկերութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք զանազան արտայայտութիւններու, որոնց մեծամասնութեան միտք բանին այն է, թէ Աստուած չի՛ լսեր մեր խնդրանքներն ու աղօթքները, թէ Աստուած չի՛ լսեր մեզ, թէ Աստուած ականջ չի՛ դներ մեր պաղատանքներուն եւ նման այլ արտայայտութիւններ: Այս բոլորին կը յաջորդէ յուսահատական այն նախադասութիւնը, որ ուղղակիօրէն մերժումն է Աստուծոյ ողորմածութեան. «Այսքան աղօթեցինք, ապաւինեցանք, վստահեցանք եւ ի՞նչ. ոչ մէկ բան ստացանք, ընդհակառակը դժուարութիւններն ու նեղութիւնները աւելցան»։ Այս առակին մէջ նկարագրուած այրի կինը սակայն կու գայ այդպիսիներուն եւ մեր բոլորին համար կենդանի դաս ըլլալու, թէ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան մէջ երբեք պէտք չէ վհատինք, ընդհակառակը յարատեւ պիտի դիմենք Անոր ողորմածութեան, որպէսզի մեր կեանքը ճիշդ ձեւով կարենանք ղեկավարել։

Յաճախ կը զգանք, թէ մեր աղօթքներն ու խնդրանքները անպատասխան կը մնան, եւ անմիջապէս կ՚անցնինք մեղադրելու զԱստուած, թէ չի՛ լսեր մեզ. սակայն լաւ պիտի ըլլայ նախքան զԱստուած մեղադրելը, նախ եւ

առաջ մենք մեզ քննենք, մտածենք մեր կատարած խնդրանքի մասին եւ փորձենք հաս-կընալ արդեօք այդ մէկը Աստուծոյ հաճո՞յ է եւ Իր կամքին համաձա՞յն է։ Աւելի՛ն, աշխատինք հասկնալ, թէ արդեօք մեր խնդրանքը մեր օգուտի՞ն համար է, որովհետեւ երբեմն նեղութեան մէջ երբ ըլլանք կամ երբ անտրամադիր ըլլանք, խնդրանքներ կը կատարենք մեկնելով մեր այդ վիճակէն, որ սակայն երբ լաւապէս մտածենք ու սերտենք, կը հասկնանք, թէ աւելի վնաս են մեզի, քան՝ օգուտ։ Հետեւաբար մեր աղօթքներն ու խընդ-րանքները պիտի կատարենք այնպէս՝ որ Աստուծոյ կամքին համաձայն ըլլան։ Մեր Տէրը երբ մեզի Տէրունական աղօթքը սորվեցուց, անոր մէջ այս ալ սորվեցուց մեզի, թէ՝ «Քու կամքդ թող ըլլայ», եւ տակաւին մեզի օրինակ ծառայելով, Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ երբ հոգեպէս ընկճուած էր եւ կը պատրաստուէր չարչարանքներ, խաչելութիւն ու թաղում կրել, ծունկի եկած, Հօր Աստուծոյ կ՚ըսէր. «Հա՛յր, եթէ ուզես՝ այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ. բայց ո՛չ թէ Իմ կամքս, այլ Քու կամքդ թող ըլլայ» (Ղկ 22.42)։ Հակառակ Աստուած եւ Աստուծոյ Որդի ըլլալուն, կը տեսնենք, թէ ինչպէս դժուարութեան մէջ խնդրանք կը ներկայացնէ մեր Տէրը, բայց ներկայացուցած խնդրանքէն ետք կ՚աւելցնէ. «Բայց ո՛չ թէ Իմ կամքս, այլ Քու կամքդ թող ըլլայ». սորվինք մեր Փրկիչէն խնդրել, որ Հօր Աստուծոյ կամքը կատարուի։ Մեր խնդրանքներն ու աղօթքները ներկայացնենք Աստուծոյ, բայց միաժամանակ ալ խնդրենք, որ Իր կամքը ըլլայ, եւ աւելին խնդրենք, որ լուսաւորէ մեր միտքերը՝ հասկնալու համար, թէ ինչո՛ւ երբեմն կ՚ուշանան մեր աղօթքներուն ու խնդրանքներուն պատասխանները։

2) «Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ոչ ալ մարդոցմէ կ՚ամչնար» (Ղկ 18.2). հետաքրքրական է Աւետարանիչի դատաւորին ներկայացման ձեւը. Մարդ մը, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնայ եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ՚ամչնայ։ Այդ դատաւորին տեղը կրնայ մեզմէ իւրաքանչիւրը ըլլալ, պատասխանատու պաշտօններ ունեցողներէն սկսեալ, մինչեւ աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնը ապրող պարզունակ մարդը։ Այսօրուան մեր ընկերութիւնը ինչքա՜ն լեցուն է նման անսիրտ ու անիրաւ մարդոցմով, որոնք մոռցած են Աստուծոյ գոյութիւնը, մոռցած են Անոր ամենակարող զօրութիւնը, մոռցած են Անոր հրաշագործ կարողութիւնը, մոռցած են, թէ Ան է ամէն ինչի՝ երեւելի թէ աներեւոյթ գոյութիւններու Միակ Սկիզբն ու Պատճառը, ու աւելի՛ն, մոռցած են, թէ այդ մարդասէր Աստուածը ասկէ մօտաւորապէս 2000 տարիներ առաջ իր Միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը աշխարհ ղրկեց, ոպէսզի մարդոց մեղքերուն փոխարէն որպէս զոհ հաշտութեան կնիք կնքէր Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ։ Եւ այս բոլորը մոռնալով բնականաբար մարդոց նկատմամբ ալ անտարբերութեամբ, թշնամութեամբ, ոխով եւ ատելութեամբ կը լեցուին, առանց ամչնալու եւ նոյնիսկ առանց մտածելու, թէ օրին մէկը իրենք կրնան նմանատիպ վիճակի մէջ յայտնուիլ։

Արդարեւ, մեզմէ իւրաքանչիւրին առօրեային մէջ քանի-քանի հոգիներ կը դիմեն մեզի օգնութեան սպասումով, կը դիմեն յուսալով, որ պիտի աջակցինք անոնց, կը դիմեն վստահ ըլլալով, որ պատասխան պիտի գտնեն։ Սակայն, մեզմէ քանինե՞րն են, որոնք դրական կերպով կը պատասխանեն իրենց դիմողներուն։ Քանինե՞րն են, որոնք սիրով կ՚ընդունին եւ կ՚աշխատին իրենց կարելին ընել, որպէսզի կարողանան օգտակար ըլլալ իրենց դիմողներուն։ Եթէ մենք ալ որպէս անիրաւ դատաւորներ, չենք ընդառաջեր մեզի եղած դիմումներուն ու խնդրանքներուն եւ նոյնիսկ՝ կը մերժենք լսել զանոնք, եւ երբ տեսնենք, թէ նոյն դիմողները դարձեալ կը դիմեն առանց վհատելու, մենք ալ անիրաւ դատաւորին նման կը մտածենք ի վերջոյ լսել, որպէսզի այլեւս նեղութիւն չտան մեզի։ Աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ առաջին անգամէն ընդառաջենք եւ աշխատինք օգտակար ըլլալ մեր կարելիութեան համաձայն, կարեւոր չէ, թէ ովքե՛ր են մեզի դիմողները, որովհետեւ մեր Տէրը մարդոց միջեւ խտրութիւն չդրաւ, աւելի՛ն, մեր նմաններուն եղած բարիքը՝ Իրենը համարեց (Կարդա՛ Մատթէոսի Աւետարան 25.34-46)։

3) Առակի վերջաւորութեան Յիսուս մեզի կու տայ այն գրաւականը, թէ եթէ իրօք արդար ենք եւ մեր խնդրանքները իրաւացի են, անպայմանօրէն պիտի լսէ մեզ, եւ ոչ միայն պիտի լսէ, այլեւ պիտի պաշտպանէ մեր իրաւունքը: Մեզի կը մնայ հաւատալ ու վստահիլ Աստուծոյ արդարութեան: Վհատիլը ոչինչով կ՚օգնէ մեզի, ընդհակառակը մեզ քայլ առ քայլ աւելիով կը հեռացնէ Աստուծմէ, մինչ Աստուծոյ կառչած մնալը մեզ կամաց-կամաց աւելի կը մօտեցնէ յաւիտենական երանութեան ու հանգիստին։

Այստեղ ժամանակաւոր է մեր կեցութիւնը։ Պատկերացնենք մենք մեզ իւրաքանչիւրս, թէ տարեկան պտոյտի գացած ենք որեւէ մէկ տեղ, պիտի վերջանա՞յ չէ մեր սահմանած ժամկէտը այդ արձակուրդին, եւ վերջ ի վերջոյ պիտի վերադառնանք մեր տուները եւ մեր առօրեայ աշխատանքներուն ու մտահոգութիւններուն։ Նոյնն է հոգեւոր ոլորտի պարագային, մենք՝ որպէս անմահ էակներ, ժամանակաւորապէս կանք այս աշխարհին վրայ, որ պատրաստութեան վայր է մեզի համար, անցնելու համար այլ կեանքի մը՝ յաւիտենական կեանքի մը։ Աստուածաշունչ մատեանը կը սորվեցնէ մեզի, որ եթէ հետեւինք Աստուծոյ ու գործադրենք Անոր պատուիրանները, այս աշխարհէն բաժնը-ւելէ ետք մեզի կը սպասէ յաւիտենական երանութիւնն ու հանգիստը, իսկ եթէ հակառակինք Աստուծոյ, յուսահատինք, վհատինք եւ հեռանանք Աստուծմէ, յաւիտենականին մէջ մեզի յաւիտենական տանջանքն ու նեղութիւնն են սպասողները։ Ընտրութիւնը կը մնայ մեզի…

Հետեւաբար աշխատինք այրի կնոջ նման մեր կամքը զօրացնել, որպէսզի դժուարութիւններով ու նեղութիւններով լեցուն այս աշխարհին մէջ չտկարանանք ու չհեռանանք Աստուծմէ, այլ՝ կառչելով ու ապաւինելով Աստուծոյ, միշտ խնդրենք, որ Իր Սուրբ կամքը կատարուի եւ մեզի ալ պէտք եղած իմաստութիւնը տայ, որպէսզի դէպի յաւտենական կեանք տանող ճանապարհը ընտրենք եւ անոր մէջէն ընթանանք։

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 27 Փետրուար, 2018

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018