ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ (Բ.)
ՀԱՅ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԵՐԳԻՉՆԵՐ
Մեր մատենագիրներէն կը քաղենք ժամանակագրական կարգով չորս դասակարգի երգողներ. Գողթան երգիչներ, գուսաններ, տաղերգուներ, աշուղներ.
- Գողթան երգիչներ։ Գողթան կամ Գողթն գաւառը օրհնուած էր բնութեան պարգեւներով, մասնաւորապէս այգիներով։ Ագուլիս (այգիներով լեցուն) կոչած են զայն, որպէսզի իր այգիներուն համբաւը մշտնջենական դառնայ։ Յորդառատ գինին գողթնեցին պիտի դարձնէր զուարճասէր, իսկ զուարճութենէն՝ երաժշտասէր։
Գողթան գաւառի հայորդիները, ազգային մեծ տօներուն, հրապարակային հանդիսութանց եւ պաշտօնական խը-րախճանքներուն կը լեցնէին օդը իրենց բամբիռներու նուագով եւ այն հերոսապատում երգերով, որոնք կարծես ուն-կընդիրներու հոգիները իրենց դիւցազնական շրջանի նախահայրերուն հետ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէին։ Անոնք կ՚երգէին «թուելեաց», «վիպասանաց» երգերը եւ այսպէս հայ պատմութիւնն է, որ կը կենդացնէին։
- Գուսաններ։ Գուսանները (վարձակներ) ընդհանրապէս կ՚երգէին խրախճանքի, առագաստի, սուգի, գովքի եւ պարի երգերը։ Մովսէս Խորենացին քրիստոնէական շրջանին գուսաններու կողմէ երգուած երգերը կոչած է «հեթանոսական», «դիւական խաղք», որովհետեւ անոնք անմաքուր կը նկատ-ւէին։ Ներսէս Շինող Կաթողիկոս իր կանոններուն մէջ կը յիշէ. «Ոմանք յազատոց եւ ի ռամիկ հեծելոց որ են զինուորականք, որ գիւղ հասնելով, գիւղը կը ձգեն եւ կ՚երթան վանք մերձաւոր եւ գուսանօք եւ վարձակօք պղծեն զնուիրեալ տեղիսն Աստուծոյ»։ Իսկ Արտաշէս թագաւորի դագաղին շուրջ այդ ժամանակաշրջանի պատմագիրը կ՚ըսէ. «Եւ առաջի պղնձիս հարկանելով փողս, եւ զկինսն ձայնարկու կուսանք սեւազգեստք եւ աշխարող կային»։
- Տաղերգուներ։ Գուսաններուն յաջորդած են միջնադարեան աշխարհիկ տաղերգուները։ Տաղերգուները առաւելաբար զարգացուցած են կրօնական երգերէն բոլորովին անջատ տաղերգութեան ոճ։ Անոնք փորձած են իրենք զիրենք ձերբազատել եկեղեցական տաղաչափութեան խորհրդաւոր բայց սահմանափակ ձեւէն, եւ նուիրուած են զգացումներու արտայայտութեան, մերթ այ-լաբանական եւ յաճախ ազատ եղանակով։
Կոստանդին Երզնկացին տաղերգուներուն ամենէն հինն է։ Նշենք, որ Եր-զընկացին կարեւոր դէմքը եղած է եւ յօրինած շարք մը թէ՛ կրօնական եւ թէ աշխարհիկ տաղեր։ Այստեղ կ՚արժէ անոր տաղերէն հատուած մը յիշել.
«Ահա սկիզբն առնում բանից, եւ խրատ տամ հասարակաց,
Իմաստուն ձեզ կը ցոլացնէ, յով որ հոգւոյ աչք ի բաց,
Զինչ մարգարիտ շարեալ յոսկի, հանց գեղեցիկ բանն ի մտաց,
Բայց անգէտին ոչինչ թուի, զինչ մարգարիտն ի մէջ խոզաց»։
Միջնադարեան երգիչներէն նաեւ եղած է Յովհաննէս Թուլկուրանցին՝ Սիսի կաթողիկոսը, որ սէրը երգող ամենէն յանդուգն միջնադարեան երգիչը եղած է։ Օրինակ մը իր տաղերէն.
«Յանկարծակի մէկ մը տեսայ
Որ կը ցօղայր գունն երեսէն,
Թուլցայ անկայի տեսլեանէն,
Շողայր կաթէր լոյսն ի վզէն։
Աչքն է ծով, ունքն է թուխ ամպ,
Մազն ի դերձան ոսկի թելէն,
Զինքն ճոհար զէտ գուռի ճեղ
Հրով այրէր զերկիր ամէն»։
- Աշուղներ։ Աշուղները յաջորդները եղան միջնադարեան գուսաններուն, սա տարբերութեամբ, որ աշուղները թէեւ զգացումով եւ հոգեբանութեամբ ճշմարիտ հայեր են, սակայն իրենց լեզուով եւ անունով մահմետական կնիք կրած են։
Աշուղները երգի եւ երաժշտութեան սիրող մարդիկ են եղած։ Անոնք իրենց նուագարանին հետ միասին կը շրջէին գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք եւ այնտեղ կ՚երգէին իրենց յօրինած բանաստեղծութիւնները։
Աշուղները մեծաւ մասամբ անգրագէտ մարդիկ եղած են։ Հռչակաւոր աշուղ Սայաթ Նովան, այս իրականութեան անդրադառնալով, իր գրագէտ ըլլալը պարծանքով կը յիշէ. «Դու մի կարծիր որ ես չնչին սազանդար եմ, ես գրագէտ մարդ եմ, իշխում եմ խօսքին։ Ինձ Սայաթ Նովա կ՚ասեն, Արութիւնն ես -խօսք կ՚ասեմ, որ ամպերը գոռալ սկսան…»։
Սայաթ Նովան մեր մեծագոյն աշուղն է։ Ունի բազմաթիւ հայերէն, վրացերէն եւ թրքերէն երգեր։ Ան 58 տարեկանին կրօնաւոր դարձաւ։ 80 տարեկան ալեւոր հասակին պարսիկներու ձեռքով Հաղբատի Եկեղեցւոյ մէջ սպաննուեցաւ, երբ ընդդիմացաւ ուրանալ իր հաւատքը՝ ըսելով. «Չըխմանան Քիլիսէտէն, տէօնմէնէմ Իսատէն» (Չեմ ելլեր Եկեղեցիէն, չեմ հրաժարիր Քրիստոսէն)։ Յիշենք անոր գործերէն քանի մը գողտրիկ պատառիկներ.
«Թէ մի շաբաթ քեզ չեմ տեսնի,
Կու կըտրիմ քամանչի սիմըն
Ես էլ ուրիշ եար չեմ սիրի
Աշխարումս դու ես իմըն»։
Եւ կամ՝
«Ասացի թէ, հեռացի գլխիմէս գնա
Քու ասածն ուրիշ տեղ ա, ուրիշ տեղ։
Էտ քու արարմունքսըդ քեզի չի մնա,
Քու ասածըն ուրիշ տեղ ա, ուրիշ տեղ»։
ԿՈՄԻՏԱՍՆ ՈՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Երբ կը խօսինք հայ երաժշտութեան մասին, անպայմանօրէն մեր աչքին առջեւ կը պատկերանայ հայ երաժշտութեան մարմնացումն ու ռահվիրան՝ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետը, որ իր ջանադրութեամբ կրցաւ պահպանել մեր հարստութիւնը՝ հայ ժողովրդական երաժշտութիւնը։
Կոմիտաս Վարդապետի ինքնակենսագրութենէն կը տեղականանք, որ Սողոմոնեանները եւ առհասարակ քէօթահիացիները հայկական Զոք ցեղէն են սերած, եւ 17-րդ դարու վերջերը Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղէն գաղթած են Քէօթահիա։ Հայրը՝ Գէորգ Սողոմոնեան, բնիկ քէօթահիացի էր, ուրախ բնաւորութեամբ մարդ է եղած, իսկ արհեստով՝ կօշկակար։ Մայրը՝ Թագուհի Յովհաննէսեան, պրուսացի, մելամաղձոտ եւ գեղարուեստասէր կին մըն էր։
Կոմիտասի աւազանի անունը Սողոմոն եղած է։ Ծնած է 1869 Սեպտեմբեր 26-ին։ Հազիւ մէկ տարեկան էր, երբ կը կորսնցնէ իր մայրը։ Հայրը կը մեռնի 1880-ին։ Ինք կը գրէ, թէ «1876-ին առաջին անգամ գացի դպրոց եւ 1880-ին աւարտեցի զայն եւ հայրս զիս ուղարկեց Պրուսայի վարժարանը։ Դեռ տարին չբոլորած, հօրս կարգադրութեամբ վերադարձայ մեր քաղաքը»։ Սողոմոն շատ կանուխէն դպրութիւն ըրած է իր ծննդավայրի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Թէոդորոս եկեղեցիներուն եւ Պրուսայի մէջ։
1881-ին Պրուսայի Առաջնորդ Գէորգ Վրդ. Դերձակեանը Էջմիածին կ՚երթայ՝ եպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար։ Գէորգ Դ. Կաթողիկոս յանձնարարած էր Գէորգ Վարդապետին, որ իրեն հետ «ձայնեղ» որբ աշակերտ մը բերէ՝ իր հիմնած Ճեմարանին համար։ Քսան աշակերտներուն մէջէն վիճակը պատանի Սողոմոնին կ՚իյնայ, եւ Առաջնորդը զինք Էջմիածին կը տանի։ Նոյն տարուան Սեպտեմբեր 15-ին Սողոմոն կ՚ընդունուի Գէորգեան Ճեմարանէն ներս, ուր հայկական ձայնագրութիւն կը սորվի։
Աշակերտութեան օրերէն իսկ, մեծապէս կը գրաւուի հայ երգով ու երաժշտութեամբ։ Տակաւին երկրորդ դասարանի աշակերտ, հայկական ձայնանիշերով կը ձայնագրէ իր լսած ժողովրդական երգերը։ Այս մասին Թորոս Ազատեան կը գրէ. «Կոմիտասը երկրորդ դասարանի աշակերտ է լինում, երբ նրա դասընկերներից մէկը Քօրփալվեցի մի ճեմարանական, Բարեկենդանին, նրան հիւր է տանում։ Նա այդ գիւղում շինականի ախոռում առաջին անգամ լսում է ժողովրդական երգը, որը նրա համար մի յայտնութիւն է լինում։ Նա մինչեւ այն ժամանակ չէր իմանում, թէ ի՞նչ է ժողովրդական երգը, որը ապագայում նրա արուեստի հիմնաքարը պիտի լինէր։ Անմիջապէս ձայնագրում է լսած է երգը, խնդրում է ուրիշները երգել եւ դարձեալ ձայնագրում է։ Այնուհետեւ ժողովրդական երգերի ձայնագրումն ու ուսումնասիրութիւնը դառնում է նրա մէջ, համարեա կիրք»։
Կոմիտասի ամենավաղ ձայնագրած երգերը կը գտնուին 1891 թուին իր ձեռագիր տետրակին մէջ, ուր ձայնագրած է 37 գեղջական երգ։ Հ. Ղեւոնդ Տայեան իր «Կոմիտաս Վրդ. » խորագրեալ գրքոյկին մէջ յատուկ տեղ տուած է Կոմիտասի ինքնակենսագրութեան, ուր վարդապետը կը յայտնէ, թէ «1890 Յունիս 8-ին ձեռնադրուեցայ Աւագ Սարկաւագ», իսկ աւելի անդին նոյն գրքոյկին մէջ, խօսելով թէ ե՞րբ սկսած է Վարդապետը հաւաքել հայ ժողովրդական երգերը՝ կ՚ըսէ. «Այս մասին կ՚աւանդուի, որ առաջին անգամ այդ մտածութիւնը կ՚ունենայ Գէորգեան Ճեմարանի մէջ՝ երբ երկրորդ դասարանի աշակերտ էր, որ է 1890-ի ատենները։ Բարեկենդանի հանգիստին առթիւ Քէօրփալուցի իր մէկ ընկերը զինք հիւր կը տանի իրենց տունը…»։ Կոմիտասի իսկ վկայութեամբ 1890 թուին վեցերորդ դասարան էր եւ ոչ երկրորդ, ինչպէս Թորոս Ազատեան կը խօսի. «Մակար Կաթողիկոսի օրով Ճեմարանի չորրորդ դասարանէն, Սողոմոն՝ գլխաւոր դասապետ կը նշանակուի, իսկ երկու տարի վերջ, երբ վեցերորդ դասարան էր, սարկաւագ կը ձեռնադրուի (1890)»։ Նշենք, որ հաւանաբար Կոմիտաս երկրորդ դասարանին ընթացքին իր գրի առած երգերը անցուցած ըլլայ 1891 թիւի իր տետրակին մէջ եւ այդ երգերը 37 երգերուն մաս կազմելով՝ կը հանդիսանան իր առաջին գրառումները։
Թորոս Ազատեան նաեւ կը պատմէ Կոմիտասի հայ երգերու ձայնագրման այլ աշխատանքի մը մասին, ըստ որուն «Հնութիւնք Ակնայի» հեղինակ Յ. Ճանիկեանը Էջմիածին եղած է. «Կոմիտաս Վրդ. անկէ կը լսէ Ակնայ ժողովրդական երգերուն եւ անտունիներուն եղանակները, եւ հայկական ձայնանիշերով կը դաշնաւորէ զանոնք»։ 1894-ին Կոմիտաս գրի կ՚առնէ նոր եղանակներ, կը սրբագրէ զանոնք, եւ 1895-ին Մայր Աթոռի տպարանէն լոյս կ՚ընծայէ «Շար Ակնայ Ժողովրդական Երգերի» ժողովածոն, բաղկացած՝ 25 երգերէ։
1896-ի Յուլիսին կը մեկնի Գերմանիա։ Երիտասարդ Վարդապետը իր առողջութիւնը վտանգելու աստիճան կը նուիրուի լուրջ աշխատասիրութեան։ Դաշնամուրի եւ երգեհոնի դասընթացքներու կը հետեւի։ 1899-ի Յուլիսին Կոմիտաս Վարդապետ կ՚աւարտէ երաժշտանոցի տեսական ու գործնական ամբողջ դասընթացքը։ Աւարտական թէզը կ՚ըլլայ «Քիւրտ երաժշտութիւնը», որ մեծ հետաքրքրութիւն կ՚արթնցնէ իբրեւ աննախընթաց գործ։
Եւրոպական պաշարով լիցքաւորուած Կոմիտաս Վարդապետը, 1899-ի Սեպտեմբերին կը վերադառնայ Էջմիածին, ուր սիրալիր ընդունելութեան կ՚արժանանայ եւ կը ստանձնէ Ճեմարանի երաժշտութեան դասերը։ 1904-էն մինչեւ 1913 թուական Կոմիտաս զանազան առիթներով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ արտասահմանի մէջ բազմաթիւ հանդիսութիւններ կ՚ունենայ։ 1914-ի գարնան Փարիզ կը մեկնի իր մասնակցութիւնը բերելու հոն գումարուող երաժշտութեան ընկերութեան համաժողովին։ Երբ կը ծագի համաշխարհային առաջին պատերազմը, կը խանգարուին Կոմիտասի ծրագիրներն ու աշխատանքները եւ ցիր ու ցան կ՚ըլլան սաներն ու խումբը։ Իր աշակերտներէն Վարդան Ագկիւլ հետեւեալ պարագաները կը յիշատակէ անոր անողոք հիւանդութեան յայտնութեան մասին. «Աքսորէն վերադարձին, իր առողջութենէն շատ բան կորսնցուցեր էր ան, եւ ի մասնաւորի իր ջիղերը տկարացեր էին։ Վարդապետը սկսած էր միայն Աստուածաշունչով զբաղիլ ու հոնկէ մեկնութիւններ հանել։ Միաժամանակ հացադուլի պէս բան մըն ալ ըրաւ, միայն թէյ խմելով։ Երազներ ալ կը տեսնէր ու անոնց կարեւորութիւն տալ սկսեր էր։ Օր մըն ալ, երբ հաւաքուած էին տունը, ես եւ միւս ծանօթ աշակերտները, ան սկսաւ նորէն Աստուածաշունչի մեկնութեանց ու քիչ մըն ալ իմաստասիրութեան»։
1919-ին տարաբախտ Վարդապետը փոխադրուեցաւ Փարիզ։ Քաղաքակրթուած այդ ոստանին մէջ շատեր յոյս ունէին մթութեան ընդերքէն լոյսին բերել իր երբեմնի հզօր ու հանճարեղ իմացականութիւնը։ Գիտութիւնը անզօր մնաց։ Տարիներ շարունակ հայ ժողովուրդը անհամբեր սպասեց իր ամենէն արժանաւոր մէկ զաւակին դէպի կեանք վերադարձին։ Սակայն 1935-ին, այդ նոյն հոգեբուժարանին մէջ աշխարհին ու անողոք ճակատագրին դէմ դառնութեամբ լի, յուսաբեկ ու փշրուած թեւերով մեծ Վարդապետը իր մահկանացուն կնքեց։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ