ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԿՈՐՈՒՍՏ
Թուրքիա երէկուան օրը անցուց խաւարի մէջ։ Առաւօտուն ժամը 10.36-ի դրութեամբ ելեկտրական հոսանքը նոյնաժամանակ խզուեցաւ երկրի քա-ռասունհինգ քաղաքներուն մէջ։ Նոյնիսկ հանրային փոխադրամիջոցներն ու հիւանդանոցները պարտաւորուեցան կանգնեցնել իրենց ծառայութիւնը։ Ամբողջ երկրին մէջ սկսան զանազան վարկածներ քննարկուիլ հոսանքի խզման հաւանական պատճառներուն կապակցութեամբ։
Պաշտօնական մարմինները տեղեկացուցին, որ դրութեան մէջ անակնկալօրէն ապրուած է հզօրութեան կորուստ մը՝ 3000 մեկավաթի մակարդակին վրայ։ Բնագաւառի մասնագէտներն ալ նշեցին, որ կարգ մը թերմիք ելեկտրակայանները խանգարուած են իրերայաջորդ, ինչ որ պատճառ դարձած է բոլոր ելեկտրակայաններու հա-մակարգէ դուրս մնալուն։