ԲԱՆԱԿԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԼՈՒՐՋ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի կող­մէ։ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ՀԲԸՄ-ի պա­տուի­րա­կու­թեան ի պա­տիւ հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան վար­չա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։ 

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին շեշ­տուե­ցաւ, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած բազ­մա­թիւ բա­րե­գոր­ծա­կան ծրագ­րե­րու շնոր­հիւ ՀԲԸՄ իւ­րա­յա­տուկ կա­մուրջ մը դար­ձած է Մայր Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մի­ջեւ։ Ընդգ­ծուե­ցաւ, որ ՀԲԸՄ ազ­գա­պահ­պան ու հայ­րե­նանուէր գոր­ծու­նէու­թեամբ 20-րդ դա­րաս­կիզ­բէն ի վեր կը շա­րու­նա­կէ մնալ բա­րե­գոր­ծա­կան, կրթամ­շա­կու­թա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ծա­ւալ­ման դրօ­շա­կի­րը։ Իր կար­գին, Պերճ Սեդ­րա­կեանն ալ կա­րե­ւո­րեց Սփիւռ­քի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բա­նա­կա­շի­նու­թեան։ Ան խօ­սե­ցաւ ՀԲԸՄ-ի ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռանց­քա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն շուրջ եւ ա­ւել­ցուց, թէ կազ­մա­կեր­պու­թեան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին կը գտնուին յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի ռազ­մակր­թա­կան հա­մա­կար­գի ա­ռա­ւել զար­գաց­ման մի­տուած ծրագ­րե­րը։ 

Նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան ՀԲԸՄ-ը պար­գե­ւատ­րեց Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու զի­նան­շա­նով։ Պերճ Սեդ­րա­կեանն ալ Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նին յանձ­նեց ՀԲԸՄ-ի ոս­կէ մե­տայ­լը։ 

 

 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2015