ՄԵԾ ՊԱՀՔ (Զ.)

ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Քառասնորդաց պահեցողութեան վեցերորդ եւ վերջին Կիրակին կը կոչուի Գալստեան Կիրակի: Գալստեան, այսինքն՝ գալուստ, ժամանում:

Ստեփանոս Քհնյ. Մանդինեանցը, իր «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ» աշխատասիրութեան մէջ, այսպէս կը բացատրէ Գալստեան Կիրակին. «Քրիստոսի առաջին գալուստը՝ մեղաւորները դատապարտութենէն փրկելու համար. եւ երկրորդ գալուստը՝ մեղաւորները յաւիտենապէս դատապարտելու համար»։ Այս խօսքերը լաւապէս սերտելով կը հասկնանք, թէ առաջին գալուստը մարդասիրութեան, գթասրտութեան ու ողորմութեան արտայայտութիւն էր, այսինքն՝ Քրիստոս եկաւ, որպէսզի առիթ մը տայ մեղաւորներուն ապաշխարելու ու դարձի գալու, վերադառնալու Աստուծոյ, կրկին անգամ արժանանալու Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհքին։ Իսկ երկրորդ գալուստը՝ հաշիւի ու դատաստանի, վարձատրութեան պահն է, մեղաւորները յաւիտենապէս դատապարտելու, իսկ արդարներուն՝ յաւիտենական հանգիստ պարգեւելու համար։ Իսկ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, իր «Մեծ պահքի կիրակիներու ոսկի շղթան» գիրքին մէջ, այսպէս կը գրէ. «Աւելի պատշաճ եւ աւելի իմաստալից անուն մը կարելի չէր երեւակայել Մեծ պահոց կիրակիներու ոսկի շղթայի վերջին օղակին համար: Կիրակիին խորհուրդը կը մեծնայ եւ համապարփակ նշանակութիւն կը ստանայ անով, որ նուիրուած է այն՝ ոչ միայն Յիսուսի երկրորդ, այլ նաեւ՝ անոր առաջին ԳԱԼՈՒՍՏԻՆ»:

Օրուան Ճաշու Աւետարանը՝ Մատթէոս 22.34-23.39, գլխաւոր հինգ կէտերու մասին կը խօսի.-

ա) Մեծագոյն պատուիրանը (Մտ 22.34-40)։

բ) Որո՞ւն Որդին է Քրիստոս (Մտ 22.41-46)։

գ) Զգուշացում Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն (Մտ 23.1-12)։

դ) Յիսուս կը դատապարտէ Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները (Մտ 23.13-36)։

ե) Յիսուսի սէրը Երուսաղէմի հանդէպ (Մտ 23.37-39)։

Այս հինգ կէտերն ալ մէկ նպատակ կը հետապնդեն, պատրաստուիլ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին երկրորդ գալուստին: Այդ կէտերը առնենք առանձնաբար.

ա) Մեծագոյն պատուիրանը. «Երբ Փարիսեցիները լսեցին թէ Յիսուս Սադուկեցիները պապանձեցուց, իրարու քով եկան։ Անոնցմէ մէկը, Մովսիսական Օրէնքի մասնագէտ մը, Յիսուսը փորձելու համար հարցուց.

-Վարդապե՛տ, Օրէնքին մէջ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը։

Յիսուս ըսաւ անոր.

-«Սիրէ՛ քու Տէր Աստւածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ միտքովդ»։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը ատոր նման է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 22.34-40)։

Երբ օրէնքի ուսուցիչներէն մէկը Յիսուսը փորձելու համար կը հարցնէ, ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը, մեր Տէրը հետեւեալ պատասխանը կու տայ. ««Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ միտքով»։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը ատոր նման է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 22.37-40). շատ պարզ ու յստակ. նախ եւ առաջ սիրել զԱստուած՝ ամբողջական սիրով, որ կ՚իրագործուի երկրորդով՝ ընկերը սիրել՝ դարձեալ ամբողջական սիրով։ Այս երկուքին մէջ կը կայանայ ամբողջ Օրէնքը, այլ խօսքով Աստուծոյ կամքին հնազանդիլը։ Այս մէկը մեզմէ իւրաքանչիւրին հրաւէր ու պատուէր մըն է սիրելու զԱստուած եւ սիրելու մեր նմանը, ու եթէ յաջողինք այս երկուքին մէջ, ինչ դժուարութեան ալ որ հանդիպինք՝ կը յաղթահարենք։

բ) Որո՞ւն Որդին է Քրիստոս. «Երբ Փարիսեցիները հաւաքուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց.

-Ի՞նչ կը խորհիք Քրիստոսի մասին։ Որո՞ւն Որդին է Ան։

Անոնք պատասխանեցին.

-Դաւիթի։

Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Ուրեմն ինչպէ՞ս Դաւիթ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ զայն Տէր կը կոչէ ու կ՚ըսէ.

«Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ.-

Աջ կողմս նստէ, մինչեւ որ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»։

Արդ, եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս անոր որդին կ՚ըլլայ։

Ոչ ոք կրցաւ պատասխան տալ Յիսուսի, եւ այդ օրուընէ սկսեալ ոեւէ մէկը չէր համարձակեր իրեն հարցում ուղղել» (Մտ 22.41-46)։

Երկրորդ կէտը կը խօսի Քրիստոսի մասին, թէ որո՞ւ որդին է Ան։ Յիսուսի հարցումին երբ կը պատասխանեն, թէ՝ Դաւիթի որդին է, Յիսուս կը հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ Դաւիթի որդին ըլլալ, երբ Դաւիթ կ՚ըսէ. ««Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ.- Աջ կողմս նստէ, մինչեւ որ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»։ Արդ, եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս անոր որդին կ՚ըլլայ» (Մտ 23.44-45)։ Դարձեալ շատ պարզութեամբ Յիսուս կու գայ յայտնելու, թէ Ինք մարդու մը որդին չէ, այլ՝ Ամենակալ Աստուծոյ։

գ) Զգուշացում Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն. «Ապա Յիսուս ժողովուրդին եւ իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Մովսէսի աթոռին նստան Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները։ Իրենց ըսածներուն հնազանդեցէք եւ կատարեցէք զանոնք. սակայն մի՛ ընէք ինչ որ իրենք կ՚ըսեն. որովհետեւ անոնք կը սորվեցնեն, բայց չեն կատարեր։ Անոնք ծանր եւ դժուարակիր բեռներ կը դնեն մարդոց ուսերուն, մինչ իրենք նոյն բեռները կրելու նուազագոյն ճիգն իսկ չեն ըներ։ Ինչ որ կ՚ընեն մարդոց երեւելու համար կ՚ընեն։ Իրենց գրպանները կը լայնցնեն եւ իրենց հագուստներուն ծոպերը կ՚երկնցնեն։ Ընթրիքներու ընթաքին պատուոյ տեղերը գրաւել կը սիրեն եւ ժողովարաններու մէջ՝ առաջին աթոռները։ Կը սիրեն հրապարակներու վրայ մարդոցմէ բարեւներ ընդունիլ եւ «վարդապետ», այսինքն «ուսուցիչ» կոչուիլ։ Բայց դուք ոեւէ մէկը «վարդապետ» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք բոլորդ եղբայրներ էք եւ մէկ ուսուցիչ ունիք։ Երկրի վրայ ոեւէ մէկը «հայր» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք մէկ Հայր ունիք, որ երկինքի մէջ է։ «Առաջնորդ» մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է։ Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։ Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Մտ 23.1-12)։

Երրորդ կէտը զգուշացումի ազդ է Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ փարիսեցիներէն։ Այս մէկը պէտք չէ միայն հասկնալ այն ժամանակուան տարողութեամբ, այլեւ՝ ներկայի դրութեամբ ալ։ Զգուշացումը կը պարունակէ այն պատուէրը՝ չընդօրինակելու Տիրոջ խօսքը քարոզողներուն վարքը, որոնք միայն կը քարոզեն սակայն չեն գործադրեր, եւ Յիսուս կը զգուշացնէ մեզի որ չնմանինք անոնց։ Այստեղ նաեւ անհատական գետնի վրայ ալ, իւրաքանչիւրս պէտք է զգաստ ըլլանք, եւ երբ Աստուածաշունչ կը կարդանք, աշխատինք մեր կարդացածը կեանքի վերածել, այսինքն՝ ապրիլ մեր կարդացածը։

Տակաւին, մեր Տէրը կը թելադրէ, որ «վարդապետ», «ուսուցիչ», «հայր», «առաջնորդ» կոչուելու մարմաջը չունենանք, այսինքն՝ չտարուինք այդ մտածողութեամբ, ընդհակառակը աշխատինք որքան կրնանք խոնարհ ու հեզ ըլլալ, որովհետեւ այդ թելադրութիւններէն ետք Յիսուս մեզմէ իւրաքանչիւրին կ՚ըսէ. «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Մտ 23.12)։ Այս տողը կարդալէ ետք ի՞նչ կ՚ուզենք. մենք մեզ բարձրացնե՞լ, որպէսզի յետոյ խոնարհինք, թէ՞ հիմա խոնարհ կեանքով ապրինք, սպասելով Տիրոջ, որ Ինք բարձրացնէ մեզ։

դ) Յիսուս կը դատապարտէ Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ երկինքի արքայութիւնը կը փակէք մարդոց առջեւ. դուք չէք մտներ եւ թոյլ չէք տար նաեւ անոնց՝ որ կ՚ուզեն մտնել։

«Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մէկ կողմէ այրիներուն տուները իրենց ձեռքէն կը յափշտակէք, միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ ձեր աղօթքը կ՚երկարէք. ասոր համար աւելի խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունիք։

«Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցինչեր եւ Փարիսեցիներ, որ մէկ կողմէ ծով ու ցամաք կը շրջիք՝ մէկը նորահաւատ ընելու համար, իսկ երբ յաջողիք՝ զայն ձեզմէ կրկնապատիկ աւելի դժոխքի արժանի կ՚ընէք։

«Վա՜յ ձեզի, կո՛յր առաջնորդներ։ Կ՚ըսէք. «Ան որ տաճարին վրայ կ՚երդնու՝ երդումը կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ, բայց ան որ տաճարին ոսկիին վրայ կ՚երդնու՝ պարտաւոր է կատարելու»։ Յիմարնե՛ր, կոյրե՛ր, ո՞ր մէկը կարեւոր է, ոսկի՞ն թէ տաճարը, որ կը սրբագործէ ոսկին։ Կամ կ՚ըսէք. «Ան որ զոհարանին վրայ երդում կ՚ընէ՝ երդումը կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ, բայց ան որ կ՚երդնու զոհարանին դրուած զոհին վրայ՝ պարտաւոր է կատարելու»։ Յիմարնե՛ր, կոյրե՛ր, ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է. զո՞հը թէ զոհարանը, որ կը սրբագործէ զոհը։ Հետեւաբար, ով որ կ՚երդնու զոհարանին վրայ, կ՚երդնու թէ՛ զոհարանին եւ թէ՛ հոն եղածներուն վրայ։ Ով որ կ՚երդնու տաճարին վրայ, կ՚երդնու թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ Աստուծոյ վրայ, որ հոն կը բնակի։ Նոյնպէս, ով որ կ՚երդնու երկինքին վրայ, կ՚երդնու թէ՛ Աստուծոյ գահին եւ թէ՛ Աստուծոյ վրայ, որ հոն կը նստի։

«Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ անանուխին, սամիթին ու չամանին տասանորդը կու տաք եւ կ՚անտեսէք Օրէնքին կարեւոր պարտաւորութիւնները, այսինքն՝ արդարութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը։ Ասոնք պէտք է գործադրել առանց միւսները անտեսելու։ Կո՛յր առաջնորդներ, մէկ կողմէ մժղուկը կը քամէք, միւս կողմէ ուղտը կը կլլէք։

«Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ պնակին եւ գաւաթին արտաքինը կը մաքրէք, մինչ գիտէք թէ ներսիդին եղող ուտելիքն ու խմելիքը ի՜նչ յափշտակութեամբ եւ աղտեղութեամբ ձեռք բերած էք։ Կո՛յր Փարիսեցի, նախ գաւաթին եւ պնակին ներսը մաքրէ. այսպիսով դուրսն ալ մաքուր կ՚ըլլայ։

«Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը նմանիք կիրով ճերմկցուած գերեզմաններու, որոնք արտաքնապէս գեղեցիկ կ՚երեւին, բայց ներքնապէս լեցուն են մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն տեսակի պղծութեամբ։ Նոյնպէս էք դուք, արտաքնապէս մարդոց արդար կ՚երեւիք, բայց ներքնապէս լեցուն էք կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ։

«Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մարգարէներու շիրիմները կը շինէք եւ արդարներուն գերեզմանները կը զարդարէք ու կ՚ըսէք. «Եթէ մենք մեր հայրերուն ժամանակը ապրած ըլլայինք, մարգարէներու սպանութեան մասնակից չըլլայինք»։ Ահաւասիկ դուք արդէն իսկ կը վկայէք, թէ որդիներն էք անոնց, որոնք մարգարէները կոտորեցին։ Գացէք ամբողջացուցէ՛ք ձեր հայրերուն կիսատ ձգած գործը։ Օձե՛ր, իժերո՛ւ ծնունդներ, ինչպէ՞ս պիտի կարենաք փախուստ տալ դժոխքի դատապարտութենէն։ Ահա ես ձեզի մարգարէներ, իմաստուններ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ պիտի ղրկեմ, դուք անոնցմէ ոմանք պիտի սպաննէք, ոմանք խաչէք, ուրիշ ժողովարաններու մէջ պիտի գանակոծէք եւ հալածէք քաղաքէ քաղաք։ Այսպիսով՝ բոլոր արդարներուն սպանութեան մասնակից եղած պիտի ըլլաք, սկսեալ անմեղ Աբէլի արիւնէն մինչեւ Բարաքիայի որդիին՝ Զաքարիայի, որ սպաննեցիք տաճարին եւ զոհարանին մէջտեղ։ Հաստատ գիտցէք, թէ այս բոլոր ոճիրներուն պատիժը պիտի կրէք» (Մտ 23.13-36)։

Չորրորդ կէտով Յիսուս վայ կը կարդայ տարբեր ապրելակերպ որդեգրած մարդոց: Այսպէս. վայ կը կարդայ՝

1) Կեղծաւորներուն, Օրէնքի ուսուցինչերուն եւ Փարիսեցիներուն, որոնք անարդար կերպով կը յափշտակեն կարօտեալներն ու կարիքաւորները, ինչպէս նաեւ կեղծաւորութիւն կ՚ընեն ու մարդոցմէ փառաբանութեան ու գովասանքի կը սպասեն։ Տակաւին, որոնք Օրէնքը կ՚անտեսեն եւ կը ստիպեն որ բոլորն ալ անտեսեն, արտաքինով կը զբաղուին՝ փոխանակ ներքինի մասին մտածելու, ինչպէս նաեւ կը հպարտանան ըսելով թէ իրենք եթէ անցեալին ապրած ըլլային՝ չէին սպաններ մարգարէները, բայց Յիսուս այդ իրենց յայտարարութեամբ իսկ կը դատապարտէ զիրենք, ըսելով թէ իրենք իսկ կը վկայեն, թէ որդիներն ու յաջորդներն են իրենց հայրերուն, որոնք սպաննեցին Աստուծոյ մարգարէները (Մտ 23.13-15, 23-36)։

2) Կոյր առաջնորդներուն, որոնք սխալ ուսուցումներով կը մոլորեցնեն Աստուծոյ հաւատացողներն ու հետեւողները (Մտ 23.16-22)։

Եթէ մենք ալ այսօր վերեւ յիշուածներէն որեւէ բան ընդօրինակած ենք եւ կամ եթէ նման վարքագիծ ունինք, կը նշանակէ, թէ ոչինչով կը տարբերինք անոնցմէ։ Հետեւաբար, պէտք է աշխատինք մենք մեզ մաքրել, մեր ներսիդին մաքրագործել, որպէսզի Աստուած գայ ու բնակի մեր մէջ։

ե) Յիսուսի սէրը Երուսաղէմի հանդէպ. «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր Աստուծոյ քեզի ղրկած մարդիկը. քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ, բայց դո՛ւք, Երուսաղէմի բնակիչներ, չուզեցիք։ Ահա "աւերակ պիտի ըլլայ ձեր տունը"։ Բայց կ՚ըսեմ նաեւ, ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ որ ըսէք. "Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով"» (Մտ 23.37-39)։

23-րդ գլուխին վերջին երեք համարներուն մէջ Յիսուս Իր սէրը կը յայտնէ Երուսաղէմի հանդէպ, հակառակ այն բոլոր անարդարութիւններուն, որոնք գործուած էին այնտեղ, եւ կը յայտնէ, թէ այդ բոլորով հանդերձ քանի-քանի անգամ ուզած է դարձի բերել, բայց բնակիչները չեն ուզած (հմմտ. Մտ 23.37-38), եւ կ՚ամբողջացնէ ըսելով՝ «Բայց կ՚ըսեմ նաեւ, ա՛լ պիտի չտեսնէք, զիս, մինչեւ որ ըսէք. “Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով”» (Մտ 23.39)։ Այս երեք համարներէն մեր քաղելիք դասը այն է, թէ ինչքան ալ Աստուծմէ հեռանանք եւ մերժենք զԻնք, սակայն Ան երբեք մեզմէ չի՛ հեռանար եւ միշտ առիթներ կը ստեղծէ մեզի, որպէսզի վերադառնանք, դարձի գանք եւ փրկուինք։

Ի վերջոյ, «խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» է Քրիստոսի առաջին Յայտնութիւնը, Աստուածայայտնութիւնը: Նոյնքան «մեծ» սակայն «սոսկալի» խորհուրդ մըն է Քրիստոսի երկրորդ Յայտնութիւնը: Առաջին Յայտնութիւնը լաւագոյնս հասկնալի եւ ըմբռնելի է Աւետարանի առաջին էջերուն մէջ պատմուած սրտագրաւ ու պարզունակ դրուագներով: Երբ կը մտնենք աստուածաբանութեան բաւիղներուն մէջ, երբ կը փորձենք «բնութեանց» եւ «փրկագործութեան» իմաստասիրական հասկացողութեանց լաբիւրինթոսին մէջ ոտնակոխել, տառապէս անելի կը հանդիպինք եւ դուռ կը բանանք այնպիսի վէճերու, որոնք իրապէս վերջ չեն ունենար: Այնպէս ալ, եթէ փորձենք երկրորդ Գալուստ «գիտական» կամ՝ «հոգեբանական» կամ՝ «պատմական» որակեալ մեկնաբանութեանց մէջ մխրճուիլ, տառապէս կը յանգինք անելի: Աւետարանի մէջ ըսուածները բաւական յստակ են ու աւելի քան թափանցիկ՝ բացատրելու համար մեզի պատմութեան ներկայ շրջանի վախճանը: Պատմութեան «նոր» շրջանը սկսաւ Քրիստոսի առաջին Գալուստով, որմէ սկսեալ կը հաշուենք պատմութիւնը չափող ներկայ թուականը՝ «Յամի Տեառն»ը: Ու այս շրջանը իր վախճանին պիտի բերուի Քրիստոսի երկրորդ Գալուստով:

Ինչպէս որ պատմութեան «հին» շրջանը, «Նախքան Քրիստոս»ը, նախապատրաստութիւն մըն էր «նոր» շրջանին եւ նոր թուականին համար, այնպէս ալ Քրիստոսի Ծննդեան յաջորդող ամբողջ պատմութիւնը նախապատրաստութիւն մըն է երկրորդ Գալուստին եւ անոր յաջորդող շրջանին համար...:

«Տիեզերքի մեծագոյն տրամայի յիշատակումով կը փակուի Մեծ պահքի կիրակիներու այս այնքան իմաստալից ոսկի շղթան: Քրիստոսի երկրորդ Գալուստով կը բացուի վարագոյրը նոր դարաշրջանի մը, «Նոր երկինքի եւ նոր երկիրի» մը, ուր այլեւս «Մեծ պահք» գոյութիւն պիտի չունենայ, ոչ ալ այն ժխտական երեւոյթները եւ պատճառները, որոնք անհրաժեշտ դարձուցին մեծ պահքը: Այս նոր միջավայրին մէջ «ուրախութիւնը, ցնծութիւնը եւ արդարութիւնը պիտի բնակին»: Ու անոր բնակիչները «յաղթողները» պիտի ըլլան...» (Շնորհք Պատրիարք (Գալուստեան), «Մեծ Պահքի կիրակիներու ոսկի շղթան», տպուած Իսթանպուլ, 2015):

(Շար. 6 եւ վերջ)

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 4 Մարտ, 2018

Ուրբաթ, Մարտ 16, 2018