«Եթէ Կ՚ուզես, Կ՚ըլլայ…»

Փետ­րուար ամ­սուն վեր­ջին օ­րե­րուն եւ Մար­տի սկիզ­բը կը գտնուէի Անգ­լիա եւ Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տա: Ճիշդ այն օ­րե­րուն էր, երբ վրայ հա­սաւ այս­պէս կո­չուած «Ա­րե­ւել­քի հրէ­շը»: Ցուրտ եւ պաղ կլի­ման ոչ միայն ան­դա­մա­լու­ծեց տա­րած­քաշր­ջա­նը, այ­լեւ բա­ւա­կան մարդ­կա­յին եւ նիւ­թա­կան վնաս­ներ պատ­ճա­ռեց: Ես պէտք էր ելք մը գտնէի դուրս գա­լու հա­մար Պել­ֆաս­թի փակ օ­դա­յին տա­րած­քէն` հաս­նե­լու հա­մար Պէյ­րութ: Դժուար էր, բայց ե­րեւ­ցաւ դուրս գա­լու լաւ մի­ջո­ցը: Պել­ֆաս­թէն դէ­պի Փա­րիզ, որ­մէ ետք` Պէյ­րութ:

Շա­բաթ, Մարտ 3-ին կը մտնեմ Փա­րի­զի «Շարլ տը Կոլ» օ­դա­կա­յա­նը: Ա­ռա­ւօտ բա­ւա­կան կա­նուխ կար­ծէք օ­դա­կա­յա­նը նոր կ՚արթն­նար: Հան­դարտ էր ա­մէն տեղ եւ ա­մէն բան: Հա­սայ Ֆրան­սա­կան ըն­կե­րու­թեան օ­դա­նա­ւի մուտ­քի ըն­դուն­ման կեդ­րոն­նե­րը, ուր պաշ­տօ­նեան­նե­րը մէ­կը միւ­սին քով եւ ա­զատ վի­ճա­կի մէջ կը սպա­սէին զիս: Ի՜նչ հա­ճե­լի է հան­դարտ եւ ոչ խճո­ղուած մթնո­լոր­տը, երբ առ­ջեւդ կան շատ մը պաշ­տօ­նեան­ներ, ո­րոնց դէմ­քին ժպի­տը պատ­րաստ է քեզ ըն­դու­նե­լու:

Կ՚ե­րե­ւի միայն ետ­քը պի­տի անդ­րա­դառ­նա­յի եւ կամ գի­տակ­ցէի, թէ ին­չո՛ւ եւ ինչ­պէ՛ս պա­տա­հա­կա­նու­թիւ­նը զիս մղեց, որ­պէս­զի անց­նիմ այն կար­գին, ո­րուն ե­տեւ աշ­խոյժ ժպի­տով ե­րի­տա­սարդ օ­րիորդ մը զիս ըն­դու­նեց:

Փա­րիզ էի: Պատ­շաճ էր, որ տե­ղա­կան լե­զուով բա­րե­ւէի: Չու­շա­ցաւ իմ կող­մէս «պոն­ժու­րը» եւ ան­ցա­գիրս յանձ­նե­ցի օ­րիոր­դին:

Ե­րի­տա­սարդ պաշ­տօ­նեայ օ­րիոր­դը նա­յե­ցաւ ան­ցա­գի­րիս եւ գլու­խը վեր առ­նե­լով` ին­ծի ը­սաւ. «Կրնաս նաեւ բա­րի լոյս ը­սել»:

«Աղ­ջի՞կ…», ե­ղաւ իմ շատ ա­րագ պա­տաս­խանս… Չեմ գի­տեր, ե­թէ իմ ա­րագ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու էր, բայց զգա­ցի, որ  թօ­թա­փած էի պաշ­տօ­նա­կան հան­գա­ման­քը եւ դուրս ե­կած էի զսպուած եւ կա­ղա­պա­րուած այդ մթնո­լոր­տէն` Փա­րի­զի օ­դա­կա­յա­նին մէջ: «Մայ­րե­նիով» սկսած մեր զրոյ­ցը ստա­ցաւ բա­րե­կա­մա­կան եւ հա­ղոր­դա­կան հիմք:

«Իմ մա­կա­նունս Թաշ­ճեան է». ը­սաւ ան:

Եւ չեմ գի­տեր` ին­չո՞ւ, բայց նոյն­քան ա­րագ ե­կայ հաս­տա­տե­լու, որ ան պէտք էր ըլ­լար Պէյ­րու­թէն կամ Կիպ­րո­սէն:

«Շատ հա­ւա­նա­բար Լի­բա­նա­նէն կամ Կիպ­րո­սէն ե­կած էք», ը­սի ի­րեն` փոր­ձե­լով կամր­ջել Թաշ­ճեան ըն­տա­նիք­նե­րու իմ ծա­նօ­թու­թիւն­ներս մեր այս շրջան­նե­րուն մէջ:

«Ին­չու միայն Լի­բա­նա­նէ՞ն եւ Կիպ­րո­սէ՞ն մէ­կը կրնայ ըլ­լալ», ե­ղաւ իր հաս­տատ պա­տաս­խա­նը:

Կը զրու­ցէի ինք­նավս­տահ, խե­լա­հաս եւ հա­մար­ձակ հա­յու­հիի մը հետ:

«Հայրս Հա­լէպ ծնած է», շա­րու­նա­կեց ան: «Պա­տա­նի տա­րի­քին` տասն­մէկ տա­րե­կա­նին, ե­կած է  Ֆրան­սա»:

Ճիշդ էր: Ես պէտք էր կա­րե­նա­յի տես­նել եւ կռա­հել, որ Թաշ­ճեան ըն­տա­նի­քէն ալ ծա­նօ­թու­թիւն­ներ ու­նիմ Հա­լէ­պի մէջ: «Մայրս քե­սապ­ցի է` Սար­գի­սեան ըն­տա­նի­քէն եւ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Գա­րե­գին Ա. Վե­հա­փա­ռին զար­միկն է», շա­րու­նա­կեց ան հպարտ ու հաս­տատ հա­յե­րէ­նով:

«Զար­միկ­ներ…»: Մեր զրոյ­ցին մէ­ջէն սկսած էի տես­նել, որ կը խօ­սիմ ե­րի­տա­սարդ օ­րիոր­դի մը հետ, որ ոչ միայն հպարտ հայ է, այլ նաեւ բա­ւա­կան լաւ տի­րա­պե­տած է  մայ­րե­նիին: Ան չգոր­ծա­ծեց «քու­զին» կամ «քու­զեն» ֆրան­սե­րէն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, ինչ որ թե­րեւս կրնար շատ ա­ւե­լի դիւ­րին ըլ­լալ ի­րեն հա­մար…

«Ես Ֆրան­սա ծնած եմ, բայց շատ փա­փաք ու­նէի այ­ցե­լե­լու Սու­րիա` իմ ծնող­քիս ծննդա­վայ­րը,- ը­սաւ ան.- Բայց կա­րե­լի չե­ղաւ. հի­մա ալ քիչ մը ուշ է»: Իսկ «ուշ»ով ան կ՚ակ­նար­կէր ան­շուշտ Սու­րիոյ ներ­կայ օ­րե­րու քա­ղա­քա­կան եւ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կին:

«Իմ ալ ծնող­ներս հա­լէպ­ցի են,-  ե­ղաւ իմ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը այս զրոյ­ցին.- բայց ես Պէյ­րութ ծնած եմ»:

Այս բո­լո­րէն ան­դին կար մէջս հար­ցում-հե­տաքրք­րու­թիւն մը, որ ու­զե­ցի ուղ­ղել ե­րի­տա­սարդ Թաշ­ճեա­նին: Բա­ւա­կան ծա­նօ­թու­թիւն ու­նիմ ֆրան­սա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան հետ եւ գի­տեմ նաեւ, որ մայ­րե­նիին գոր­ծա­ծու­թիւ­նը գա­ղու­թին մէջ տեղ­քայ­լի մէջ է, մա­նա­ւանդ` ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին պա­րա­գա­յին: Իսկ իմ առ­ջեւս կե­ցած էր Ֆրան­սա ծնած ե­րի­տա­սարդ հա­յու­հի մը, որ մեր խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ոչ մէկ օ­տար բառ գոր­ծա­ծեց…:

«Ինչ­պէ՞ս կ՚ըլ­լայ, որ Ֆրան­սա ծնած ես եւ լաւ հա­յե­րէն կը խօ­սիս», ե­ղաւ իմ հե­տաքր­քիր ու դի­պուկ հար­ցու­մը:

Ե­րի­տա­սարդ Թաշ­ճեա­նի ե­րե­սին վրայ գծուե­ցաւ ժպիտ մը: Նոյն այդ ֆրան­սա­կան ըն­կե­րու­թեան պաշ­տօ­նեա­յի հան­գա­ման­քի «պար­տադ­րուած» ժպի­տէն շատ ա­ւե­լի ան­դին էր… Սկսած էի ա­ւե­լիով տես­նել Թաշ­ճեա­նին հայ­կա­կան ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը եւ հպար­տու­թիւ­նը իր դէմ­քին վրայ: Եւ իմ հար­ցու­մին ան դրաւ իր պա­տաս­խա­նը, որ դար­ձաւ ին­ծի հա­մար մար­տահ­րա­ւէր. «Ե­թէ կ՚ու­զես, կ՚ըլ­լայ», ը­սաւ ան:

Պա­տաս­խա­նը շատ պարզ էր եւ ու­նէր իր մէջ բո­վան­դա­կու­թիւն մը, որ կ՚են­թադ­րէր անձ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն եւ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւն:

Հրա­ժեշտ ա­ռի Թաշ­ճեա­նէն եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցի այս հա­ճե­լի հան­դի­պու­մին հա­մար, բայց մէջս կար մէկ շատ կա­րե­ւոր հար­ցում. «Ո՞վ է, որ պի­տի ու­զէ…»:

«Մայ­րե­նի»ին օ­րուան ա­ռի­թով կա­յին ու­ղերձ­ներ եւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նը ը­սաւ. «Հա­յոց լե­զուն` հայ ինք­նու­թեան ու ազ­գա­յին միա­բա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­յին գրա­ւա­կանն ու հա­յա­պահ­պա­նու­թեան հիմ­նա­սիւ­նը, ու­ծաց­ման վտան­գի դէմ զօ­րեղ վա­հա­նը»: Եւ նոյն­քան հե­տաքրք­րա­կան էր նաեւ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նին ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը. «Լե­զուն կեն­դա­նի է դի­մադ­րու­թեամբ»:

Բայց կայ տա­կա­ւին իմ հար­ցու­մը: Ո՞վ է, որ պի­տի ու­զէ  «ու­ծաց­ման վտան­գի» դէմ կե­նալ, եւ ո՞վ­քեր են ա­նոնք, ո­րոնք պի­տի ու պէտք է «դի­մադ­րեն»` լե­զուն կեն­դա­նի պա­հե­լու գրա­ւա­կա­նին ի խնդիր…

Փա­րիզ ծնած ու հոն ապ­րող Թաշ­ճեա­նը գտած է եւ ու­նի պա­տաս­խա­նը: «Ինքն է, որ ու­զած է»: Եւ ին­քը իւ­րա­քան­չիւր հայն է: Ես եմ, դուն ես եւ` բո­լորս: Բո­լորս ե­թէ «ու­զենք», «կ՚ըլ­լայ», եւ կը պա­հուի «մայ­րե­նին»:

Օ­դա­նա­ւի դրան մուտ­քին նոյն ըն­կե­րու­թեան այլ պաշ­տօ­նեայ մը  փո­խա­րի­նեց իմ նստե­լու ա­թո­ռիս թուղ­թը եւ տուաւ ին­ծի ա­ռա­ջին կար­գի տեղ: Ին­ծի հա­մար քիչ մը տա­րօ­րի­նակ էր: Լի­բա­նա­նեան մեր օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան հետ միշտ ալ ու­նե­ցած եմ այս փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, քա­նի յա­ճախ կը ճամ­բոր­դեմ ի­րենց հետ: Բայց` ոչ ֆրան­սա­կա­նին հետ: Եւ դժուար չե­ղաւ հե­տեւց­նե­լը… Թաշ­ճեանն էր… Հայ­կա­կան ծա­նօ­թու­թիւ­նը, որ սկսած էր Փա­րի­զի օ­դա­կա­յա­նին մէջ, եւ որ ջեր­մա­ցաւ մեր մայ­րե­նիին հա­ղոր­դակ­ցու­թեամբ: Հոն, ուր եր­կու հա­յեր կրցած էին զի­րար ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նալ, բայց նաեւ՝ հա­ղոր­դակ­ցիլ:

Եւ ե­թէ «հա­յուն ինք­նու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին միա­բա­նու­թիւ­նը» պի­տի պահ­պա­նենք, այս պի­տի նշա­նա­կէ, որ  նաեւ պի­տի  պահ­պա­նենք «հա­յոց լե­զուն»: Եւ «մայ­րե­նիին» պահ­պա­նու­մը մե­ծա­պէս պի­տի օգ­նէ, որ­պէս­զի հա­յը ա­ւե­լի լաւ կրնայ հասկ­նալ «միւս» հա­յը: Բայց «հա­յոց լե­զուն» պա­հե­լու հա­մար պէտք է «դի­մադ­րու­թիւն»: «Դի­մադ­րու­թիւ­նը» նախ եւ ա­ռաջ անձ­նա­կան ընտ­րանք է… Իմ ընտ­րան­քը, բայց նաեւ` իւ­րա­քան­չիւր հա­յու­նը:

«Ե­թէ կ՚ու­զես, կ՚ըլ­լայ»:

Ե­րի­տա­սարդ Թաշ­ճեա­նը «ու­զած» է… Ան Փա­րի­զի օ­դա­կա­յա­նին մէջ ա­պա­ցու­ցեց, որ «կ՚ըլ­լայ» ե­ղեր… որ «մայ­րե­նին» կը պա­հուի, ե­թէ ու­զես…:

Եւ ու­զո՞­ղը: Պէտք է ըլ­լամ ես, դուն եւ` բո­լորս:

Թաշ­ճեա­նին ընտ­րան­քը, բայց նաեւ` իւ­րա­քան­չիւր հա­յու­նը:

«Մայ­րե­նիին» պահ­պա­նու­մը…

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018