ՆՈՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սեփական լրատուութիւն.-
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, վերջին օրերուն Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Հետազօտութեան 100 տարին» խորագրեալ գիտաժողովի լոյսին տակ երեւան եկան ապագայի վերաբերեալ նոր յանձնառութիւններ։
Ֆրանսայի Ընկերային գիտութիւններու հետազօտութեանց բարձրագոյն վարժարանի վերատեսուչ Փիէռ Սիրիլ-Օտքէօր նշեց, որ իր հաստատութիւնը ստանձնած է պատմական դեր մը եւ իր մօտ ցեղասպանութեան երեւոյթին վրայ աշխատանք կը տանին բազմաթիւ պրպտողներ։ Ըստ վերատեսուչին, իրենց մօտ այս հարցը ընկերաբանական, մարդաբանական եւ ընկերային գիտութիւններու բազում ճիւղերու զանազան երեսակներով նկատի կ՚առնուի։
Պողազիչի համալսարանէն Փրոֆ. Էտհէմ Էլտէմն ալ մատնանշեց, թէ ցեղասպանութեան վերաբերեալ պատմագրութիւնը վերջին շրջանին զանազան պատմագրութիւններու համադրութիւնը կը ցոլացնէ, ինչ որ ապագայի տեսակէտէ լաւատես տեսանկիւն մը կ՚ընձեռէ։ Ան համոզուած է, թէ ուրացման դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ է հասնիլ այնպիսի պատմագրութեան մը, որ կը պարփակէ նաեւ օսմանական աղբիւրները։ Էլտէմի համոզմամբ, օսմանական պատմագրութեան ոչ-իսլամներու կերպարի հարցաքննութիւնը անհրաժեշտ է։ Նոյնքան անհրաժեշտ է նաեւ «լաւ հայու» վերաբերեալ կերպարներուն հարցաքննումը, այլապէս ուրացման ուղղեալ քաղաքականութիւնները կը խրախուսուին։
Քաղաքագէտ Ճենիֆըր Տիքսըն բաղդատութիւն մը ըրաւ Թուրքիոյ եւ Ճաբոնի քաղաքականութիւններուն միջեւ՝ ցեղասպանութեան հարցին եւ Նանժինկի սպանդներու (1931-1945) օրինակներուն վրայով։ Ան փորձեց մեկնաբանել, թէ պետութիւններու վերաբերմունքի փոփոխութեան եւ շարունակականութեան աղբիւրները ի՞նչ են։ Ներքին կամ արտաքին ճնշումներու ազդեցութեամբ պետութիւններու վերաբերմունքը թէեւ կը փոխուի, սակայն ազգային դերակատարները միշտ ալ ի զօրու են բնորոշելու համար այդ փոփոխութեան ժամկէտը, բովանդակութիւնը եւ ուղղութիւնը։ Փոփոխութիւնը բազում չափումներով գործընթաց մըն է եւ ըստ Տիքսընի, փոփոխութենէն վերջ զանազան խաւերու տարբեր վերաբերմունքները կը սկսին համատեղ գոյատեւել։