Չորեքշաբթի 15, Յունուար 2025
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ՄԱՅԻՍԻՆ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՃԱԲՈՆԻ ՄԷՋ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր կը պատրաստուի համերգներով հանդէս գալ Ճաբոնի մէջ։ 93 տարեկան առասպելական վարպետը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ բեմական աշխոյժ կեանքով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շարլ Ազնաւուրի համերգները նախատեսուած են իր ծննդեան տարեդարձի նախորդող եւ յաջորդող օրերուն։ Այսպէս, 21 Մայիսին ան պիտի երգէ Օսաքա քաղաքին մէջ, իսկ 23 Մայիսին՝ մայրաքաղաք Թոքիոյի Սիպուեա շրջանէն ներս։
Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018