Ի վերջոյ յստակ տուեալներ Երուսաղէմի դատերուն մասին

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան ուղարկուած եւ թերթիս երէկուան թիւին մէջ լոյս տեսած հերքում-լուսաբանութիւնը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Բնականաբար, երկար ժամանակէ ի վեր թերթիս կողմէ կատարուած քննադատական շեշտով հաղորդումներէն վերջ պատրիարքը ի վերջոյ պիտի արձագանգէր։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։

Ան երկար ատենէ ի վեր կանոնաւոր պարբերութեամբ քաղաքս կ՚այցելէ՝ առանց որեւէ պաշտօնական լուսաբանութեան։ Հիմնականին մէջ մեր հրատարակութիւններուն  պահանջը թափանցիկութեան ակնկալութիւն մըն էր։ Արդարեւ, պատրիարքը երկար ժամանակէ ի վեր քաղաքիս մէջ կը հետապնդէ Երուսաղէմի Աթոռի՝ անցեալի կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակը։ Այս գործին օգուտը անվիճելի է։ Բնականաբար, իւրաքանչիւր դրական նպատակի պարագային հասկնալի կրնայ ըլլալ նաեւ որոշ չափով լռութիւն մը։ Բայց Նուրհան Պատրիարքին որդեգրած դիրքորոշումը այդ հասկնալիութեան սահմաններէն բաւական դուրս էր։ Ինչպէս երէկ ալ մատնա-նըշած էինք, երանի ան նախապէս, շատ աւելի կանուխ այս տարրական տեղեկատուութիւնը մատուցած ըլլար հանրային կարծիքին։

Պատրիարքը թէեւ իր հերքումները կրնար ուղարկել մեզի ուղղակի, առանց նոտարի միջնորդութեան կամ փաստաբանի։ Բայց եւ այնպէս, սա ալ հասկնալի է։ Արդարեւ, մեր քննադատական շեշտադրումով հրատարակութիւններուն հետեւանքով ան յարաբերութիւնները այնքան փճացած կը զգար, որ հարկ համարած է այսպէս գործել։ Ի վերջոյ, առերեւոյթ, փորձած է թոնը բարձր պահել եւ իր պատգամը փոխանցել՝ հերքումի մը ձեւաչափին մէջ։ Հայ Երուսաղէմը խոր աւանդութիւններով միջավայր մը ունի, սակայն դժբախտաբար տեղւոյն վրայ մամուլի հետ աշխատելու փորձառութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ չէ։ Այս պատճառով, առանց որեւէ բարդոյթ զգալու, ամենայն պատրաստակամութեամբ հրատարակեցինք պատրիարքին հերքում-լուսաբանութիւնը։ Էականը այն է, որ Երուսաղէմի պատրիարքը ի վերջոյ պաշտօնապէս տեղեկութիւններ փոխանցած է Թուրքիոյ մէջ տարած աշխատանքին մասին։ Սա աննախընթաց կը համարուի այս տեսանկիւնէն։ Մամուլի «անհանգստացնող» դերակատարութեան շնորհիւ կարելի եղած է Երուսաղէմի կալուածներու դատերուն վերաբերեալ ունենալ շօշափելի տուեալներ։

Ինչպէս երէկ հրապարակուած հերքում-լուսաբանութեան մէջ կ՚երեւի՝ խօսքը կը վերաբերի աւելի քան հարիւր կալուածներու, որոնց սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով աշխատանք կը տանի Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը։ Այս բոլորը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ համայն հայութեան տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։ Երուսաղէմի կալուածներու արժեւորման արդիւնաւէտութեան խնդիրները միշտ կը զբաղեցնեն հայութեան օրակարգը։ Այս առումով մեծապէս կարեւոր է նաեւ հերքում-լուսաբանութեան մէջ կատարուած շեշտադրումը, ըստ որու պատրիարքը այդ կալուածները վաճառելու որեւէ մտադրութիւն չունի։ Կրկնենք՝ սա շատ կարեւոր հանգամանք մըն է եւ պէտք չէ մատնուի անուշադրութեան։

Վստահաբար, ժամանակի ընթացքին ա՛լ աւելի պիտի բիւրեղանայ Երուսաղէմի պատրիարքին կողմէ թերթիս խմբագրութեան ուղարկուած եւ երէկ հրատարակուած հերքում-լուսաբանութեան արժէքը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2018