ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԽՈՀԱՐԱՐՈՒՀԻՆ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանը այս օրերուն կ՚ապրի բազմազան կեանքով: Մէկ կողմէ իրանական Նեւրուզն է, որուն առիթով Հայաստան ժամանած են մեծ թիւով իրանցիներ՝ իսլամական Նոր տարին հոս նշելու, միւս կողմէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրուան առթիւ կրկին հիւրեր ժամանած են Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէն:
Երեւանը տեսակ մը հանդիպավայր դարձած է Եւրոպայի եւ Արեւելքի բնակիչներուն համար, այդ մէկը մեր մայրաքաղաքի չխամրող հմայքն է: Հինէն ի վեր Հայաստանը խաչուղի եղած է եւ այսօր Երեւանի մէջ պատշաճօրէն համադրուած են եւրոպականն ու արեւելեանը, իրարու հետ կապ չունեցող երկու իրադարձութիւններ՝ Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրն ու Նեւրուզը: Արդէն սկսած է իրանական 1397 Նոր տարին եւ Երեւանի փողոցներու մէջ յայտնուած են շնորհաւորական պաստառներ, որոնք կը շնորհաւորեն հայ ժողովուրդի իրանցի բարեկամներու տօնը: Իրանի հոգեւոր առաջնորդը զայն Իրանական արտադրութեան հովանաւորման տարի հռչակած է, իսկ իրանցի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող քուրտ փոքրամասնութեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներ: Առեւտուրի կեդրոններու մէջ սկսած են զեղչերը՝ մասնաւոր այս օրերուն Հայաստան ժամանած իրանցիներու համար, որոնք տօնի բաղկացուցիչ մաս կը նկատեն նաեւ գնումները: Տօնի բաղկացուցիչներէն է նաեւ զայն դուրսը դիմաւորելու աւանդոյթը, քանի որ Նեւրուզը բնութեան զարթօնքին կ՚առընչուի եւ մարդիկ կը ջանան առաւելագոյնս զգալ բնութեան արթնացումը: Խումբերով Երեւան ժամանած իրանցիներ կը պարեն փողոցներու մէջ, եւ հակառակ որ տեսարանը քիչ մը անսովոր է երեւանցիներուն համար, ժպտալով կ՚անցնին այդ խումբերու քովէն եւ արդէն վարժուած են այս օրերուն նման իրարանցումներուն:
Քաղաքի փողոցներու զանազան մշակութային վայրերու մուտքերուն ուրիշ այլ պաստառներ կ՚ազդարարեն ֆրանսախօսութեան միամսեակի մասին, որուն մասնակից է նաեւ Հայաստանը:
20 Մարտը ամբողջ աշխարհի տարածքին կը նշուի իբրեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային օր, ի նշանաւորումն 20 Մարտ 1970 թուականի Նիամէյի մէջ ստորագրը-ւած համաձայնագրին։
2018 թուականի Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու եւ կառավարութիւններու 17-րդ գագաթաժողովը նշանաւորող այս տարուան ընթացքին Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը կազմակերպած է ֆրանսերէնը եւ ֆրանսախօս մշակոյթը փառաբանող մշակութային եւ լեզուաբանական ձեռնարկներ: Այդ ձեռնարկները՝ Ֆրանսախօսութեան օրերուն ծրագիրը, միջազգային օրուընէ շատ առաջ սկսած են՝ 12 Մարտէն մինչեւ 12 Ապրիլ նախատեսուած է, եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրուան՝ 20 Մարտին շուրջ Հայաստանը նոյնպէս միացած է ամբողջ աշխարհի տարածքին կազմակերպուող ձեռնարկներուն:
Ֆրանսախօսութեան այս միամսեակը, անշուշտ, մեծ դեր ունի Հայաստանի մէջ ֆրանսերէնի տեղին ամրապնդման գծով: Ի վերջոյ, ֆրանսերէնը այսօր կը նկատուի աշխարհի երրորդ աշխատանքային լեզուն, համացանցի չորրորդ լեզուն, աշխարհի մէջ խօսուող հինգերորդ լեզուն, որով կը խօսի շուրջ 274 միլիոն մարդ եւ միակն է, որ անգլերէնին հետ կը գործածուի հինգ մայրցամաքներու մէջ: Վերջապէս ֆրանսերէնը ժողովրդագրական կերպով ամենամեծ աճ արձանագրած լեզուն է եւ ըստ տրուած տուեալներուն, 2050-2060 թուականներուն ֆրանսերէն խօսողներուն թիւը կը հասնի 700 հազարի:
Եթէ նեւրուզեան օրերը Երեւանի մէջ կը շարու-նակուին մինչեւ 24 Մարտ, ապա Ֆրանսախօսութեան համար նախատեսուած է գրեթէ միամսեակ մը: Այդ մէկ ամսուան ընթացքին կը ներկայացուի ֆրանսական մշակոյթը իր բոլոր շերտերով՝ երաժշտութեամբ, թատրոնով, շարժապատկերով, գրականութեամբ, աւանդութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ ուտեստային մշակոյթով: Մոսկուա շարժապատկերի սրահին մէջ Զուիցերիոյ եւ Գանատայի դեսպանութիւններուն համագործակցութեամբ ընթացած է ֆրանսախօս շարժանկարներու փառատօն, որ բաց եղած է հանրութեան առջեւ:
Յատկանշական է ուտեստային մշակոյթին առումով Ֆրանսայի դեսպանատան կազմակերպած այս տարուան ձեռնարկը: Հայաստան հրաւիրուած է ֆրանսահայ աւագ խոհարար եւ «Պոքիւս մակազին» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Սոնիա Եզկիւլեան եւ ուտեստներուն վերաբերող անոր պատումները նկարազարդող նկարիչ Կիյոմ Լոնի: Հայազգի խոհարարուհին, որ հանրածանօթ է Ֆրանսայի մէջ, առաջին անգամ կը գտնուէր Հայաստան: Երեւանի «Պիւրոքրաթ» գրախանութին մէջ Սոնիա Եզկիւլեան ներկայացուց իր հեղինակած «Խմելու եւ ուտելու արուեստը Սոնիա Եզկիւլեանի հետ» գիրքը, որ լոյս տեսած է «Կալիմար» հրատարակչութենէն:
Գրախանութին մէջ հաւաքուած էին ֆրանսական մշակոյթի սիրահարներ, Սոնիա պատմեց իր գիրքին մասին, եւ ներկաներ, հակառակ որ գիտէին, անգամ մը եւս աւելի մանրամասն տեղեկացան, թէ որքան կարեւոր է ուտելու արարողակարգը ֆրանսացիներուն համար: Ան ըսաւ, որ ֆրանսացիները գիտեն ինչպէս պատրաստել եւ ուտել: Այդ մէկը ամրագրուած է բոլոր ընտանիքներու մէջ, պայման չէ, որ պատրաստողները մասնագիտութեամբ խոհարար ըլլան: Պզտիկ տարիքէն կը ծանօթանան խոհանոցի հետ, իբրեւ ազգային մշակոյթի եւ ողջ կեանքի ընթացքին այդ գաղտնիքները կ՚ուղեկցին մարդոց, որոնք խոհանոցը հզօր հիմք կը նկատեն առողջ ու որակեալ կեանքի համար: Խոհանոցը ամէն մէկ ֆրանսացիի առօրեայի տարրն է, եւ բնաւ պատահական չէ, որ նոյնինքն ֆրանսացիները ստեղծած են լաւ վարուելակերպի (savoir-vivre) արուեստը:
Հայ խոհարարուհին յայտնեց, որ ֆրանսական խոհանոցը հիմնականը կազմուած է առողջապահական եղանակով պատրաստուած մեծ քանակութեամբ բանջարեղէնէ, որու քով մեծ տեղ ունին նաեւ պտուղները: Գետնախնձորը, կանաչ լուբիան, սոխի բոլոր տեսակները, շոմինը, կաղամբը, լոլիկը, սմբուկը, նեխուրը, սունկերը բոլոր նախուտեստներու, հիմնական ճաշատեսակնեու եւ խաւարտներու (ճաշի հետ հրամցուող թարմ բուսեղէն) հիմքն են:
Խոհարարուհին յիշեցուց, որ ֆրանսական խոհանոցին մէջ առաջին ճաշատեսակը սովորաբար ապուրն է. ամենատարածուածը պրասէ պատրաստուած սերուցք-ապուրն է:
Հիմնական ճաշատեսակը խորոված միսն է, սովորաբար՝ տաւարի, հորթի, ոչխարի, գառնուկի, թռչունի կամ եղնիկի, հազուադէպ հիմնական ճաշատեսակի մէջ կ՚ըլլայ նաեւ խոզի միսը, որ համեմուած կ՚ըլլայ կարագով, ուրցով, թարխունով, շուշանով, ռեհանով, ազատքեղով, դափնիի տերեւով, կինամոնով, մեխակով, քրքումով, մշկընկոյզով, կոճապղպեղով, քիմիոնով եւ այլ տարաշխարհիկ համեմունքներով, խոզի միսն ալ կը մատուցուի բանջարեղէնի խաւարտով, որ նոյնպէս կրնայ խորոված ըլլայ: Շատ կարեւոր է հասնիլ միսի, բանջարեղէնի եւ համեմունքներու չափաբաժիններու կատարեալ համադրութեան:
Սոնիա Եզկիւլեան յայտնեց նաեւ, որ ֆրանսացիները կրցած են ժամանակի ընթացքին գտնել լաւ սնունդ ճաշակելու եւ լաւ արտաքին տեսք ունենալու գաղտնիքը, եւ այդ մէկը գրեթէ ապրանքանիշի ու ազգային դիմագիծի վերածուած է: Անոնք երբեք ժամանակ չեն խնայեր ուտելիքը վայելելու եւ համտեսելու հաճոյքը ստանալու համար: Հայ խոհարարուհին ըսաւ, որ ֆրանսական խոհանոցի հռչակը ամբողջ աշխարհով մէկ կը նշանակէ, որ ֆրանսացիները, անկախ կրթութենէ եւ ընկերային պատկանելիութենէ, երկարօրէն կրնան խօսիլ ուտելու նիւթին շուրջ եւ այդ մէկը ոչ թէ ձանձրալի է, այլ՝ ողջունելի:
Իր գիրքին մէջ մեր հայրենակցուհին նկարագրած է նաեւ այն կապը, որ գոյութիւն ունի կեանքի լաւ որակի եւ առողջ սնունդի միջեւ եւ խորհուրդ տուած է հետեւիլ դարերէ եկող այդ բանաձեւին:
Իր գործունէութեան Սոնիա Եզկիւլեան սկսած է իբրեւ լրագրող, երբ ամուսինին հետ կը բնակէին Փարիզ, յետոյ որոշած է ճաշարան մը հիմնել, քանի որ մանկութեան շատ կը սիրէր հետեւիլ իր հայուհի մեծմօր ճաշ պատրաստելուն: Սոնիա թարգմանիչի միջոցաւ նաեւ պատմեց, որ ինք հայերէն կը խօսէր իր մեծմօր հետ, երբ ան մահացաւ, ինք այլեւս հայերէն չխօսեցաւ եւ մայրենի լեզուն մտաւ մոռացութեան ուղին: Ան այս մէկը շեշտեց, սակայն աւելցուց, որ աւանդական ուտելիքը եւ այդ ուտելիքին առընչուող պատմութիւնները եւ յիշողութիւնները այսօր այն եզակի միջոցներէն են, որոնք անձը կը կապեն իր ինքնութեան, եւ թէեւ ան իր լեզուով չ՚արտայայտուիր, բայց ուտելիքով կը պահէ ինքնութիւնը: Սոնիա Եզկիւլեան ազնուութեամբ նշեց, որ իր յայտնի ըլլալը եւ իր մեծ սէրը խոհանոցին հանդէպ ժառանգած է իր հայուհի մեծմօրմէն: Ճիշդ է, որ այդ սէրը հայկական խոհանոցի ճամբով փոխանցուած է, բայց Սոնիա Եզկիւլեան այսօր կը տիրապետէ աշխարհի գրեթէ բոլոր ծանօթ խոհանոցներուն, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններու եւ պրպտումներու մէջ է: Խոհանոցներու, ազգային, աւանդական ուտեստներու մասին իր բացայայտումները Սոնիա Եզկիւլեան գրի կ՚առնէ ֆրանսական մասնագիտական ամսագիրներու մէջ, իսկ իր գիրքը ձեւով մը այդ ամբողջին համադրութիւնն է, թէ ինչպէս կարելի է արուեստի կատարելութեան հասցնել ուտելիքի ու խմիչքի ճաշակման ընթացքը: Հայ խոհարարուհին գաղտնիք մըն ալ բացայայտեց, որ Կիյոմի հետ ուրիշ գիրքի մը վրայ կ՚աշխատին եւ նուիրուած պիտի ըլլայ աշխարհի միայն տասը խոհանոցներուն: Երեւանի մէջ այս քանի մը օրերուն հասկցած են, որ Հայաստանը անպայման պիտի ըլլայ եւ հայկական խոհանոցը իր պատուաւոր տեղը պիտի գտնէ այդ գիրքին մէջ։ «Դուք հրաշալի խոհանոց ունիք: Շիտակը՝ ինծի համար ուտելիքը այն է, երբ բաներ մը, առանց մտածելու կը լեցնեմ ափսէին մէջ, կը խառնեմ եւ կ՚ուտեմ: Բայց Սոնիան իմ հակապատկերն է: Ես իրապէս սիրեցի Երեւանը, այստեղ մատուցուող ուտելիքը, ձեր քով շատ համեղ կը պատրաստեն, միայն թէ շատ կը կեդրոնանան միսին վրայ», ըսաւ Սոնիայի գիրքին ֆրանսացի նկարիչը:
Մասնակիցները հարց ուղղեցին Սոնիային, թէ՝ ո՞վ աւելի լաւ կ՚եփէ, կի՞նը, թէ՞ տղամարդը: Սոնիան քիչ մը դժուարութեամբ պատասխանեց. «Տղամարդիկ թեքնիկ կերպով աւելի լաւ կը պատրաստեն ճաշը, իսկ կիները՝ զգացմունքային իմաստով»:
Երէկ Սոնիա Եզկիւլեան մասնակցեցաւ Gout de France (Ֆրանսայի համը) խորտիկագիտական համաշխարհային ձեռնարկին, որ իրադարձութիւն է ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ամէն տարի 21 Մարտին, ֆրանսական խորտիկագիտութիւնը աւելի հռչակելու նպատակով կը համախմբուին հազարաւոր խոհարարներ աշխարհի տարածքին եւ կը պատրաստեն ծագումով ֆրանսական ուտեստներ: Այս տարի նախատեսուած էր 3 հազար ճաշարաններու ներգրաւումը զանազան երկիրներու մէջ: Հայաստանի մէջ եօթ ճաշարան, երկու խոհարարական մասնագիտական դպրոց եւ Կիւմրիի մէջ Տիրամայր Հայաստանի մասնագիտական դպրոցը մասնակցեցան այս տօնին: Gout de France-ը ֆրանսական կենսակերպի մեծարանքն է: Անիկա կապող օղակ մըն է ամբողջ աշխարհի խոհարարներուն համար, ձեռնարկ մը, որուն շնորհիւ զանազան մշակոյթներ կը միահիւսուին գործածելով մէկ ընդհանուր լեզու՝ ֆրանսական խոհանոցի լեզուն:
Յառաջիկայ օրերուն Սոնիա Եզկիւլեան Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ վաթսուն հայաստանցի կիներու համար պիտի աւանդէ վարպետութեան դաս, որուն ընթացքին պիտի պատրաստէ ֆրանսական ուտեստ եւ աղանդեր մը ու ներկայացնէ նաեւ զայն մատուցելու եւ յարմար խմիչքի հետ համադրելու ձեւը: Մինչ այդ ան վարպետութեան դաս ունեցաւ «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնէն ներս, ինչպէս նաեւ այցելեց քանի կը ժամանակակից կեդրոն:
Միամսեակի ձեռնարկներուն մէջ կայ նաեւ ֆրանսերէն խօսքի մրցոյթ, զոր շահողը կը ստանայ դէպի Ֆրանսա ճանապարհորդութեան մրցանակ:
Նաեւ Կիւմրիի մէջ նախատեսուած են ձեռնարկներ, իսկ Ֆրանսախօսութեան օրերը կը փակուին Ժիւլ Մասնէի «Մանոն» օփերայով, որ կը ներկայացուի ֆրանսերէն տարբերակով՝ 11 եւ 12 Ապրիլին: Հինգ արարներէ կազմուած այս ծանօթ կատակերգական օփերայի բեմադրիչն է Անտրէաս Ժակրաս, իսկ խմբավարը՝ Կոնստանդին Օրբելեան:
Ֆրանսախօսութեամբ շնչող Երեւանը հրաժեշտ կու տայ հիւրերուն եւ կը պատրաստուի ապրիլեան ձեռնարկներուն, իսկ ատկէ ետք ալ Մայիսին Երեւանի եւ ամբողջ Հանրապետութեան տարածքին հանդիսաւորութեամբ կը նշուին Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակները: «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը այս տարի նախատեսուած է Յուլիսին, կարելի է ըսել, որ յառաջիկային Երեւանը տօներու եւ հիւրերու պակաս չ՚ունենար:
ՊԱՆԻՐԻ ՏՕՆ
Ֆրանսական խորտկագիտութեան փառաբանման այս օրերուն ձեռնարկին միացած երեւանեան ճաշարաններու մէջ տեղի ունեցան նաեւ ֆրանսական պանիրի երեկոներ: Գաղտնիք չէ, որ պանիրի երկիր նկատուող Ֆրանսայի անունը շատ յաճախ կը կապեն նաեւ գինիի եւ հացի հետ, եւ այդ մէկը պատահական չէ, քանի որ այդ երկուքը իրարու հետ ուղղակի կապուած են: Երեւանի մեծ հանրախանութներուն մէջ տեղւոյն վրայ թխուող ֆրանսական հացի բաժիններ կան, եւ հայաստանցիներ արդէն վարժուած են ֆրանսական հացի տեսակներուն, բայց ֆրանսական պանիրներ գնելու վարժութիւն չունին, քանի որ տեղական պանիրներու լայն տեսականի կայ եւ կաթնամթերքէն սովորաբար կը նախընտրեն հայկականը:
Ֆրանսան պանիրներու խոշոր արտադրող եւ սպառող կը նկատուի: 21-րդ դարասկզբին այն կ՚արտադրէր բազմատեսակ պանիրներ, որոնց թիւը կը հասնէր 350-400-ի: Այդպիսի բազմազանութիւնն է, որ զօրավար Շարլ տը Կոլը ներշնչած է արտայայտելու հետեւեալ նշանաւոր միտքը. «Ինչպէ՞ս կ՚ուզէք կառավարել երկիր մը, ուր գոյութիւն ունի պանիրի 400 տեսակ»: Ան էր նաեւ, որ առաջինը շրջանառութեան հանեց Ֆրանսան բնութագրող «400 տեսակի պանիրի երկիր» դարձուածքը: Ֆրանսական պանրագործութեան ծանօթ մարդիկ կ՚ըսեն, որ Ֆրանսայի մէջ տարուայ ամէն մէկ օրուան համար գոյութիւն ունի պանրիրի տեսակ մը: Գնդապետ Ռեմին իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, որ իր անգլիացի ընկերներէն մին՝ Կայ Հարիսըն Երկրորդ աշխարհամարտի եւ Ֆրանսան գերմանացիներու կողմէ բռնազաւթման ժամանակ յայտարարած է, թէ Ֆրանսայի պէս երկիրը, որ կ՚արտադրէ շուրջ 200 պանիրի տեսակներ, չի կրնար մեռնիլ: 2001 թուականէն ի վեր 29 Մարտը Ֆրանսայի մէջ կը նշուի որպէս Պանիրի ազգային տօն, զոր կը կազմակերպէ «Պանիրներու միութիւն»ը: Այդ օրը խորհրդանշական միջոցառումներու կարգին ճաշարաններու մէջ պանրային ճաշացանկը՝ պանիրներու 7-8 տեսակով եւ նոյնիսկ ծանրոցով պանիրի փոխադրումը արտասահման՝ կը կատարուի խորհրդանշական 1 եւրոյով: Այս տօնը բացառիկ հնարաւորութիւն է թափանցելու համար ազգային պանիրի գաղտնիքներու մէջ՝ բացայայտելու այս սննդամթերքի անսահման հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը: Կան պանիրներ, որոնք Ֆրանսայի մէջ նոյն բաղադրատոմսով կը պատրաստուին արդէն հազար տարիէ ի վեր, որոշ պանիրներ ալ ժամանակի ընթացքին դադրած են պատրաստուելէ, ուստի տօնը նաեւ աւանդական պանիրի պաշտպանութեան իմաստն ալ ունի:
Ըստ տուեալներու, Ֆրանսայի կաթի ձեռնարկութիւնները մէկ րոպէի մէջ կ՚արտադրեն 3.5 թոն պանիր, որու մեծ մասը կովու կաթէ կը ստացուի: Այծի եւ ոչխարի կաթերէ ստացուած պանիրները յարաբերականօրէն աւելի քիչ տեղ կը զբաղեցնեն: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ եւրոպական երկիրներու մէջ Ֆրանսան պանիր սպառելու իր ցուցանիշով կը զբաղեցնէ 2-րդ տեղը, իսկ առաջին տեղին վրայ է Յունաստանը, ուր պանիր ուտելը նոյնպէս ինքնին տօն է:
Այնուամենայնիւ, Ֆրանսան նաեւ պանիր կը ներմուծէ, քանի որ երկրի պանիր սպառողներու մէջ կան նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ, որոնք նաեւ ոչ-ֆրանսական պանիր կը նախընտրեն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ