ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՀԱՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը Մարտի 28-ին Համպուրկի նշանաւոր դահլիճներէն մէկուն՝ «Էլպ-ֆիլհարմոնիա»ի մէջ, հանդէս կու գայ համերգային ծարգրով, որու ընթացքին նուագախումբը եւ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան կը կատարեն ժամանակակից յօրինող Եդուարդ Հայրապետեանի Թաւջութակի հատանուագը։ Այս մէկը համաշխարհային առաջին ունկնդրութիւնը կ՚ըլլայ։

«Նոյեմբերին համերգի բոլոր տոմսերը վաճառուած են։ Դեկտեմբերին հնարաւոր էր մի քանի տոմսակ գտնել վերավաճառողներու մօտ, բայց անոնք ալ անմիջապէս սպառեցան։ Կը կարծեմ՝ այս յաջողութիւնը հաւաքական է։ Ի հարկէ, մեծ նշանակութիւն ունի, թէ ո՛ր նուագախումբը ելոյթ կ՚ունենայ, ո՛վ է մենակատարը եւ ի՛նչ ծրագիր կը ներկայացուի», «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է նուագախումբի տնօրէն Աննա Տէր-Յովակիմեան։

Անոր խօսքով՝ համերգային ծրագրի առաջին բաժնին մէջ կը հնչէ Արամ Խաչատուրեանի Երկրորդ սիմֆոնին, որ, ցաւօք, Եւրոպայի մէջ հազուադէպ կը ներկայացուի։

«Համերգը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ հանրաճանաչ եւ մեծ յաջողութիւն վայելող «Էլպ-ֆիլհարմոնիա»ի մէջ կատարելու մեծն Խաչատուրեանի այդ գործը, զոր հնչեցուցած ենք Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ, բայց Գերմանիոյ մէջ նուագախումբը առաջին անգամ կը կատարէ զայն։ Երկրորդ բաժնին մէջ կը հնչէ Եդուարդ Հայրապետեանի նոր թաւջութակի եւ նուագախումբի համար գրած հատանուագը», ընդգծած է Տէր-Յովակիմեան։

Տնօրէնի խօսքով՝ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը մեծ հետաքրքրութիւն կը վայելէ Եւրոպայի տարածքին, անոր համերգներուն կը սպասեն, անով կը հետաքրքրուին տարբեր գոծակալներ։ Կազմակերպիչներ կ՚ուզեն յետագային համագործակցիլ նուագախումբին հետ։ «Ըստ իս՝ այս գործին մէջ մեծ դեր խաղաց մեր նուագախումբի վերանուանումը։ Անոր սիմֆոնիք ըլլալու գործօնը նուագախումբի առջեւ մեծ դռներ կը բանայ, տոմսերու արագօրէն սպառումը անոր վառ ապացոյցներէն մին է», եզրափակած է Աննա Տէր-Յովակիմեան։

Իսկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան իր զրոյցին ընթացքին նշած է, որ կան Հայաստանի մէջ ստեղծագործող յօրինողներ, որոնց գործերը յետագային ներկայացուցած են արտերկրի մէջ, եւ երաժշտասէրներ մեծ հետաքրքրութեամբ ունդրած են զանոնք։ Անոնցմէ մին Եդուարդ Հայրապետեանն է։

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018