ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔ
Ֆրանսայի հարաւի Օտ շրջանի Թրէպ գիւղաքաղաքին մէջ երէկ պատահեցաւ ահաբեկչական արարք մը։ Արիւնալի այս դէպքին զոհ գնաց երեք հոգի։ Եւրոպայի մէջ պատահած այս հերթական ահաբեկչական յարձակումը պատճառ դարձաւ լուրջ մտահոգութեան ու տեղի տուաւ բողոքի։ Յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնեց «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը (ԻՇԻՊ)։ Երեք հոգի սպաննած ահաբեկիչը ծագումով մարոքցի մըն է՝ 26-ամեայ Ռետուան Լաքտիմ։ Այս վերջինը դէպքի վայրին վրայ սպաննուեցաւ ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ։
Ռետուան Լաքտիմ Թրէպի մէջ երէկ նախ գողցաւ ինքնաշարժ մը։ Այդ գողութիւնը կատարեց Քարքասոնի մէջ, որ 15 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Ինքնաշարժին մէջ կը գտնուէր երկու հոգի, որոնցմէ մին սպաննեց, միւսն ալ վիրաւորեց։ Քարքասոնի մէջ ան յարձակեցաւ նաեւ ոստիկաններու վրայ եւ այդ ընթացքին ոստիկան մը վիրաւորուեցաւ ծանրօրէն։ Այդ բոլորէն վերջ Լաքտիմ Թրէպի մէջ ներխուժեց հանրախանութ մը, ուր գտնուող յաճախորդները գերեվարեց։ Այդ ընթացքին ան սպաննեց եւս երկու հոգի։ Ֆրանսական իրաւապահ մարմինները անմիջապէս շարժման անցան։ Յատուկ նշանակութեամբ ջոկատն ալ ձեռնարկեց գործողութեան մը, որով ահաբեկիչը սպաննուեցաւ դէպքի վայրին վրայ։
Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարար Ժերար Քոլոն յայտնեց, որ Լաքտիմ հետապնդման տակ կը գտնուէր, սակայն անոր արմատականացած ըլլալը ծանօթ չէր իրենց։