ՎԱՀԱՆ ՄԻՐԱՔԵԱՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆՑ ԴԻՒՑԱԶՆԵՐԳԱԿ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

Մարտ 21-ին մահացած է հայ գրականութեան արժանաւոր դէմքերէն բանաստեղծ Վահան Միրաքեան (1866-1942), որ յատկապէս իր «Լալուարի որսը» երկարաշունչ ու հանրածանօթ բանաստեղծութեամբ՝ մնայուն իր տեղը գրաւած է հայոց անմահներու պանթէոնին մէջ։

Հայ ժողովուրդի ազգային աւանդներուն դիւցազներգակ բանաստեղծն է Միրաքեան, որ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս մուտք գործեց 19-րդ դարավերջին։ 20-րդ դարու սկիզբները արդէն սիրուած բանաստեղծ էր, հրատարակած էր «Լալուարի որսը» եւ արժանացած էր ընթերցողի ջերմ ընդունելութեան՝ իբրեւ Հայաստան աշխարհի եւ հայոց պատմութեան դիւցազներգական աւանդներուն հարազատ բանաստեղծը։

Ժամանակը դասաւորեց այնպէս, որ իր ծննդավայր գիւղին ամրօրէն կապուած եւ ընդհանրապէս հոն ապրած ու գործած Վահան Միրաքեան գրական ու մանկավարժական իր գործունէութիւնը ծաւալէ Մեծ Եղեռնի եւ Հայաստանի անկախացման բախտորոշ տարիներուն, ճաշակէ հայ ժողովուրդի խաչելութեան ու յարութեան բախտորոշ վերիվայրումները եւ իւրովի արձագանգէ այդ բոլորին։

Վահան Միրաքեան տեսաւ եւ ապրեցաւ նաեւ դառն լուծը խորհրդային կարգերուն, որոնց ճնշումին հակառակ՝ թէեւ շարունակեց ստեղծագործել, բայց ի վիճակի չեղաւ տպագրութեան յանձնելու ազգային-ազատագրական պայքարի ներշնչումով գրուած իր գործերը եւ 1942-ի Մարտ 21-ին աչքերը առյաւէտ փակեց Երեւանի մէջ՝ անտիպ գործերու ամբողջ շարք մը ժառանգութիւն ձգելով մեր ժողովուրդին։

Քննադատներու կողմէ «Լալուարի որսը» գնահատուած է իբրեւ Յովհաննէս Թումանեանի հանճարեղ «Անոյշ»ի կողքին իր արժանի տեղը ունեցող տաղանդաւոր գործ։ Անիկա քնարերգական պատումն է հայ գեղջկական կեանքին այնքան բնորոշ անկարելի սիրոյ ողբերգութեան, ուր երիտասարդ զոյգը կը բախի ծնողական մերժումի ու կտրուկ արգելքի, բայց անդրդուելիօրէն փարած կը մնայ իր սիրոյ ուխտին եւ յուզաշխարհին՝ մինչ ի մահ։

Վահան Աղաբէկի Միրաքեան ծնած է 1866-ի Նոյեմբեր 6-ին, Շուլավեր գիւղը (որ խորհրդային օրերուն Շահումեան վերանուանուած քաղաքատիպ աւան մըն էր, վրացական Մառնէուլի շրջանին մէջ)։ Մանկութեան՝ 1873-ին ան ուղարկուեցաւ Սանահինի «Ս. Աստուածածին» վանքի դպրոցը՝ հայեցի իր նախնական կրթութիւնը ստանալու համար։ 1880-էն 1886 ուսանեցաւ Արհեստաւորաց դպրոցին մէջ։ Իսկ 1888-ին աւարտեց Գորիի Ուսուցչական սեմինարիան։

Տակաւին ուսանող՝ Միրա- քեան Թիֆլիզ հրատարակուած «Աղբիւր» ամսագրի էջերուն լոյս ընծայեց «Երեք վարդ» խորագրով իր առաջին բանաստեղծութիւնը։ Իսկ ուսումը հազիւ աւարտած՝ 1889-էն սկսեալ ան ամբողջապէս նուիրուեցաւ ուսուցչական ասպարէզին, հայոց լեզու եւ գրականութիւն ջամբելով հայոց նորահաս սերունդներուն ինչպէս իր ծննդավայր Շուլավերի, նոյնպէս եւ Ջալալօղլիի, Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան ճեմարանի, Նուխիի, Նոր Նախիջեւանի, Թիֆլիլի եւ Երեւանի մէջ։ 1924-ին Վահան Միրաքեան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Երեւան՝ Ձերժինսկիի անուան դպրոցին մէջ ստանձնելով հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի պաշտօնը։

Վահան Միրաքեանի «Լալուարի որսը» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը առաջին անգամ տպագրուեցաւ 1901-ին, Թիֆլիզի «Մուրճ» ամսագրի էջերուն։ Անմիջապէս արժանացաւ ընթերցող հասարակութեան ուշադրութեան եւ լայն ժողովրդականութիւն գտաւ։ Յետագային, վերահրատարակութեանց կողքին, գործը արժանացաւ նաեւ ռուսերէն (1942), պարսկերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով թարգմանաբար հրատարակութեանց։ «Լալուարի որսը» հիմք ունենալով՝ յետագային ստեղծուեցան թատրերգութիւն, օփերա (ինչպէս մեծատաղանդ երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանի «Ալվարդի Երազը») եւ գեղարուեստական շարժանկար («Լալուարի որսկանը»)։ «Լալվարի որսը» արժանացած է բազմաթիւ վերահրատարակութեանց՝ 1929-ին, 1935-ին, 1936-ին, 1938-ին, 1948-ին, 1953-ին, 1967-ին եւ 1980-ին։

Վահան Միրաքեան թողած է նաեւ անտիպ գործերու հարուստ ժառանգութիւն մը, որուն առիւծի բաժինը կը կազմեն հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարէն եւ ցարական փտած կարգերու դէմ հայ գեղջուկի ըմբոստացումէն ներշնչուած երկարաշունչ բանաստեղծութիւններն ու դիւցազնավէպերը, ինչպէս «Եփրատի կոյսը», «Եղնիկի փերին», «Արզուման քեռին» եւ ուրիշներ։ Անտիպներու շարքին կան պատմը-ւածքներ եւ յուշագրութիւններ։

Արժէքաւոր է յատկապէս «Եղնիկի փերին» հեքիաթ-պոէմը, որուն վրայ բանաստեղծը աշխատած է 1904-էն մինչեւ 1940 եւ մշակած 18 տարբերակներ, որոնցմէ հատուածներ լոյս տեսած են տարիներու ընթացքին ինչպէս հայրենի, նոյնպէս  սփիւռքեան հանդէսներու էջերուն (ինչպէս Փարիզի «Անահիտ» գրական հանդէսը եւ Վենետիկի «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսը)։

Խորհրդային տարիներուն, Վահան Միրաքեան թափով փարեցաւ թատերական գործերու ստեղծագործութեան։ Գրեց «Մանուշի հարսանիքը», «Նոր գիւղի շէմքին», «Խոզարածի կինը» թատրերգութիւնները։

Վահան Միրաքեան մահացաւ Թիֆլիզ, 21 Մարտ 1942-ին եւ թաղուեցաւ Երեւան։ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ էր 1934 թուականէն սկսեալ։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018