ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Մեծ պահքի վերջին Կիրակի օրը նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակին։

Ծաղկազարդի օրը՝ Յիսուս Քրիստոսի տանջանքներուն եւ տառապանքներուն շաբաթուան սկիզբն է, որ Ան կրեց, Իր վրայ առնելով մարդկութեան ամբողջ մեղքերը։

Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի մասին կը վկայեն չորս աւետարաններ։ Զատկի տօնախմբութեան համար Երուսաղէմ գացող մարդիկ Քրիստոսի ընդառաջ երթալով կը բացագանչեն, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը։

«Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ Թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ՚երթար կամ կը հետեւէր իրեն, կ՚աղաղակէր.- Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին» (ՄԱՏԹ. ԻԱ 9)։ Եւ դարձեալ ըստ Աւետարանի վկայութեան, «Ասիկա պատահեցաւ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը ըսած էր մարգարէին բերնով.- Երուսաղէմի ըսէք.- Ահա Թագաւորդ քեզի կու գայ, անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ» (ՄԱՏԹ. ԻԱ 4-5)։ Արդարեւ, ժողովուրդը, Երուսաղէմի մէջ զԱյն ընդունեց մեծ խանդավառութեամբ, մեծաձայն աղաղակներով՝ ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերը, ինչպէս նաեւ իրենց զգեստները տարածելով ճամբուն վրայ։

Եկեղեցւոյ հայրերու համաձայն՝ Յիսուսի առջեւ հանդերձներ նետելը՝ տարածելը կը խորհրդանշէ մեղքերէ փրկուիլը։ Իսկ ճիւղեր եւ ոստեր ընծայելը կը խորհրդանշէ առանձնակի պատիւներ եւ հանդիսավարութիւն։ Ծաղկազարդի նախօրեակին՝ Շաբաթ օրը, կը կատարուի Ծաղկազարդի նախատօնակը՝ կը բացուի սուրբ խորհանի վարագոյրը։ Իսկ յաջորդ օրը, ժամերգութիւններէն յետոյ, բաց վարագոյրով Ս. Պատարագ կը մատուցուի։

Ծաղկազարդի խորհրդանիշներէն՝ ուռենիի ոստերը, որոնք անպտուղ են, կը խորհրդանշեն հեթանոսները, որոնք պտղաբեր դարձան միայն Քրիստոսի ընծայուելէն յետոյ։ Ոստերուն փափկութիւնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի հետեւողներուն խոնարհութիւնը։

Յիսուս Քրիստոս, Երուսաղէմ գալով՝ Իր փրկագործութեան սկիզբը կը հռչակէ՝ վերստին ներգործելով արարածներու վրայ՝ որու մասին Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց. ցնծա՜նք եւ ուրա՜խ ըլլանք անոր մէջ» (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 24)։ Նաեւ՝ «Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ» (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 26)։ «Մեր Տէր Աստուածը երեւեցաւ մեզ. ուրախութեան տօն կատարեցէ՜ք մատղաշ ճիւղերով՝ մուտքէն մինչեւ սեղանի անկիւնները», եւ դարձեալ կ՚ըսէ. «Դաշտը եւ բոլոր անոր մէջ գտնուողները թո՛ղ ուրախանան, այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը պիտի ցնծան Տիրոջ առջեւ, որ կու գայ» (ՍԱՂՄ. ՂԶ 12)։

Կ՚արժէ տեսնել, թէ Քրիստոս ինչո՞ւ այսօր եկաւ Երուսաղէմ՝ Իր չարչարանքներու վայրը։

Եկեղեցւոյ հայրեր կ՚ըսեն, թէ՝ որպէսզի ցոյց տայ, որ Ի՛նքն է Աստուծոյ Գառը, որ կ՚ուզէ պատարագուիլ մարդոց փրկութեանը համար, այդ պատճառով է որ եկաւ Երուսաղէմ։ Օրինակը բերուած է Ելից Գիրքէն։ Աստուած կը հրամայէ, որ «Նիսան» ամսուայ տասներորդ օրը Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը առնէ մէկ տարեկան, անարատ եւ արու գառնուկ, եւ պահէ զայն մինչեւ այդ ամսուան տասնըչորսերորդ օրը, ապա երեկոյեան զոհաբերէ. (ԵԼՔ ԺԲ 4-6)։ Եւ ահաւասիկ, Ելից Գիրքի այս օրինակէն յայտնի կը դառնայ, թէ հրեաները զատկական գառնուկը՝ Զատկի տօնէն հինգ օր առաջ տուն կը տանէին։ Եւ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին՝ Հայր Աստուծոյ Գառը, տօնէն տինգ օր առաջ եկաւ Երուսաղէմ՝ հանդիսաւոր կերպով։

Յովհաննէս Աւետարանիչի համաձայն՝ ըստ իր վկայութեան. «Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ, հոն՝ ուր Ղազարոսը կ՚ապրէր, այն մարդը՝ որ արդէն մեռած էր եւ որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր», (ՅՈՎՀ. ԺԲ 1), եւ այդ օրը Շաբաթ էր։ Յաջորդ օրը Յիսուս կ՚երթայ Երուսաղէմ, որ լուսնի տասներորդ օրն էր։ Իսկ Հինգշաբթի օրը լուսնի տասնչորրորդ օրն էր։

Քանի որ հրեաները գառնուկը կը մորթէին երեկոյեան, այդ պատճառով ալ Յիսուսը կը ձերբակալէին գիշերամիջին, կը մերկացնէին եւ կը նախատէին, որոնց Յիսուս կը համբերէր գառնուկի հեզութեամբ։

Այս իրողութեան մասին կը վկայէ Եսայի Մարգարէն երբ կ՚ըսէ. «Անիկա անիրաւութիւն կրեց եւ չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ այնպէս իր բերանը չբացաւ», (ԵՍԱՅԻ ԾԳ 7)։

Արդարեւ, պէտք է նաեւ նկատի ունենալ, որ հրեաները շատ անգամ ուզած էին բռնել զԱյն եւ սպաննել, բայց Քրիստոս խոյս տուած էր անոնցմէ, քանի որ Իր ժամը դեռ հասած չէր։ Իսկ այն օրը՝ որ մուտք գործեց Երուսաղէմ, հասած էր ժամը, Իր ազատ կամքով եւ յօժարութեամբ եկաւ Երուսաղէմ՝ չարչարանքներու այն վայրը, որպէսզի Իր մահով փրկէ աշխարհը։

Ուստի, Քրիստոս յօժարակամ Իր մահուանը մօտենալով, այդ պատիւը նախատինքով յանձն առաւ եւ գործնականապէս ցոյց տուաւ, որ աշխարհի փառքին վախճանը նախատի՛նքն է։

Յիսուս, այդ օրը ութը պատիւ ընդունեց հրեաներէն, իսկ Աւագ Ուրբաթ օր, այդ ութը պատիւի փոխարէն, ութը նախատինք կրեց։

Առաջին՝ որ այսօր զԱյն մեծ պատիւով դիմաւորեցին Երուսաղէմ, իսկ Աւագ Ուրբաթ օրը, նոյն Երուսաղէմի մէջ, անարգանքով խաչը հանեցին։

Երկրորդ՝ այն օրը Իր աշակերտները հնազանդ էին եւ կը կատարէին Իր հրամանները, իսկ Ուրբաթ օրը լքեցին եւ փախան։

Երրորդ՝ Երուսաղէմ մուտքին, հրեաները կը տարածէին իրենց զգեստները Յիսուսի ոտքերուն առջեւ, իսկ Ուրբաթ օրը՝ զԱյն մերկացուցին եւ զգեստները բաժանեցին։

Չորրորդ՝ այն օրը կ՚օրհնէին Յիսուսը, եւ կ՚ըսէին. «Օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով», իսկ Ուրբաթ օրը՝ կ՚անիծէին եւ կ՚ըսէին. «Դուն տաճարը պիտի քանդէիր եւ երեք օրէն շինէիր…», (ՄԱՏԹ. ԻԷ 40)։

Հինգերորդ՝ այն օրը ծառի ոստեր կը մատուցանէին Յիսուսի, իսկ Ուրբաթ օրը, կապելով, կը ծեծէին։

Վեցերորդ՝ Երուսաղէմ մուտքին, իրենց զգեստները կը տարածէին աւանակին վրայ, իսկ Ուրբաթ օրը՝ կոպտութեամբ բեւեռեցին խաչի վրայ։

Եօթներորդ՝ այն օրը Թագաւո՛ր կ՚ըսէին Յիսուսի եւ կ՚աղաղակէին. «Ովսաննա՛, օրհնեա՜լ ըլլայ ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով, ո՜վ Թագաւոր Իսրայէլի», (ՅՈՎՀ. ԺԲ 13), իսկ Ուրբաթ օրը ուրացան զԱյն եւ ըսին. «Մենք կայսրէն զատ ուրիշ թագաւոր չունի՛նք», (ՅՈՎՀ. ԺԹ 15)։

Ութերորդ՝ Երուսաղէմ մուտքին Փրկիչ կը կոչէին Յիսուսը եւ կ՚ըսէին. «Ովսաննա՛», որ կը թարգմանուի «փրկէ՛ մեզ», իսկ Ուրբաթ օրը «մոլորեցուցիչ» կ՚անուանէին զԱյն եւ կ՚ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, բայց ինքզինք չի կրնար ազատել», (ՄԱՏԹ. ԻԷ 42)։

Ծաղկազարդի տօնը «մանուկներու օրհնութեան» օր է, եւ Ծաղկազարդին կը յաջորդէ Աւագ շաբաթը…։

- Օգտուեցանք. Արամ Դիլանեանի «Տէրունական տօներ» գիրքէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 15, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018