ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՄԱՐԻ ԱՒԵՏԻՍ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂ ԵԼՈՅԹԸ

Լիբանանի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի 35-ամեակին առիթով նախընթաց օր, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ՝ կատարողութեամբ դաշնակահար Մարի Աւետիս Եսայեանի, ինչպէս նաեւ անոր խտասալիկին գինեձօնը:

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ 2018-ի ընթացքին շարք մը ձեռնարկներու ճամբով պիտի նշուի երաժշտական քոլէճի հիմնադրութեան 35-ամեակը: Ան նշեց, որ այս ծիրին մէջ տեղի ունեցած առաջին ձեռնարկին ելոյթ ունեցած էր Հայաստանի օփերայի երգչուհի Սթեֆանի Քոչարեան. ձեռնարկի ընթացքին մեկնարկը կատարուած էր Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի նորակազմ եռեակին, որ կազմուած է քոլէճի երեք ուսուցիչներէն, որոնցմէ երկուքը նաեւ քոլէճի շրջանաւարտներ են: Շարունակելով իր խօսքը՝ Էմմիեան ըսաւ, թէ երկրորդ ձեռնարկի ընթացքին պիտի ունկնդրենք քոլէճի շրջանաւարտներէն եւ նախկին ուսուցիչներէն, այժմ իր երաժշտական ասպարէզը Գերմանիոյ մէջ շարունակող Մարի Աւետիս Եսայեանի յօրինումներէն փունջի մը՝ աւելցնելով, որ Եսայեան Լիբանանի եւ Գերմանիոյ մէջ ունեցած է մենահամերգներ եւ սենեկային խումբերու հետ զանազան ելոյթներ: Անդրադառնալով անոր երկրորդ խտասալիկին՝ Էմմիեան ըսաւ, որ խտասալիկի խորագիրն է «Որոնում», որուն կողքին վրայ բացատրուած է, թէ իբրեւ տարիներէ ի վեր Գերմանիա բնակող լիբանանահայ դաշնակահար, խտասալիկը կը ներկայացնէ Մարի Աւետիս Եսայեանի արմատներուն, ինքնութեան եւ երաժշտական կեանքի իմաստի փնտռտուք մը: Էմմիեան յայտնեց, որ խտասալիկին մէջ կը տողանցեն ընկճուածութիւնը, տխրութիւնը եւ ուրախութիւնը, ինչպէս նաեւ գուրգուրանքի զգացումները:

Մարի Աւետիս Եսայեան իր սրտի խօսքին մէջ յուզումով ըսաւ, թէ իր այս այցելութեամբ յիշած է 35 տարի առաջուան երաժշտանոցը, ուր կը հաւաքուէին, եւ անիկա պատերազմի ժամանակ իրենց ջերմութիւն պարգեւող յոյսն էր: «Ինչ որ Գերմանիոյ մէջ կը փնտռէի, իրականութեան մէջ այս երաժշտանոցին մէջն է: Իմ մէջս հին յիշատակներ արթնցան եւ մեծ կարօտ մը զգացի: Օտար երկիրներու մէջ այդ ջերմութիւնը եւ տաքութիւնը չենք գտներ», շեշտեց Մարի Աւետիս Եսայեան եւ անդրադառնալով իր խտասալիկին՝ ըսաւ, ատիկա իրեն համար փնտռտուք մըն էր: Ինք Լիբանանի մէջ կը նուագէր միայն դասական երաժշտութիւն ու խորացած էր անոր մէջ եւ չէ ուզած հայկական երաժշտութիւն նուագել, սակայն երբ Գերմանիա ճամբորդած է ուսանելու, զգացած է, որ բան մը կը պակսի իր մօտ եւ սկսած է փնտռել: Ան որոշ ժամանակ մը հեռացած է դասական երաժշտութենէն, ծանօթացած է հայ թաւջութակահարի մը, եւ սկսած են միասին հայկական երաժշտութիւն նուագել եւ ժողովրդական երաժշտութիւն ներկայացնել:

Այնուհետեւ Մարի Աւետիս Եսայեան հմտութեամբ մեկնաբանեց իր յօրինում-ներէն «Զեփիւռ», «Աշնանային/Սեպտեմբեր/Նոյեմբեր», «Կարօտ», «Արձագանգներ», «Երգ առանց խօսքի», «Օրօր», «Լունայի վալսը», «Յոյսի զանգեր» երաժշտական կտորները, որոնք արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

Համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ «Որոնում» խտասալիկին գինեձօնը, իսկ սրահի մուտքին տեղադրուած էին խտասալիկէն օրինակներ, որոնցմէ գոյանալիք գումարը հեղինակին փափաքով ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի քոլէճին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018