ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԱՅՑ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուան Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ առաւօտ ան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Այցելութեան ընթացքին ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի, Հան-րապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան զանազան հարցեր։ Երկկողմանի համագործակցութեան զարգացումը, Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքը քննարկուած նիւթերու շարքին էին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին՝ մանաւանդ, որ Ֆրանսա կը հանդիսանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մին։ Շօշափուեցան նաեւ յառաջիկայ աշնան Երեւանի մէջ նախատեսուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ժան-Պաթիստ Լըմուան տեղեկացուց, որ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ վերոյիշեալ գագաթաժողովին առթիւ Հայաստան պիտի ժամանէ ֆրանսախօս գործարարներու պատուիրակութիւն մը։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ան ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Ֆրանսա մշտապէս ունեցած են զարգացող յարաբերութիւններ եւ այժմ փորձ կը կատարուի անոնք աւելի յառաջ տանելու։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովէն անմիջապէս առաջ Էմմանուէլ Մաքրոն այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Ժան-Պաթիստ Լըմուան ընդգծեց, որ իր ուղեւորութեան նպատակներէն մին է այդ պետական այցելութեան նախապատրաստումը։ Լըմուան Երեւանի մէջ քննարկեց նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները ու նոյնպէս ֆրանսախօսութեան շարժման ծիրէն ներս՝ կրթական եւ մշակութային ծրագրերու զարգացման հեռանկարները քննարկուեցան այցելութեան ընթացքին։