ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԱՆԳԱՐԱ ՄԵԿՆԻԼ
Պատրիարքարանի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի այցելել մայրաքաղաք Անգարա՝ տեսակցելու համար Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Պետրոս Շիրինօղլու խօսեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին վերաբերեալ՝ վերջերս համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած զանազան ժխտական լսումներու շուրջ։ Ան նշեց, որ եթէ համայնքը հաւանութիւն տայ մայրաքաղաքի մէջ այս հարցը կրնայ օրակարգի վրայ բերել։ Կրնայ խնդրել, որ մեր համայնքային հաստատութիւններու ընտրեալ վարիչներէն բաղկացեալ յանձնախումբ մը կազմուի եւ այդ մէկը՝ որպէս կառավարիչ ստանձնէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը։ Ներկաներէն ոմանք պաշտպանեցին այս առաջարկը։ ՃՀՓ-ական երեսփոխան Սելինա Տողան յայտնեց, որ նոյնիսկ յապաղած է նման նախաձեռնութիւն մը։
Կարգ մը ներկաներ ալ յարակից զրոյցներու մէջ մտահոգութիւն յայտնեցին, թէ ընտրուած վարչական խորհուրդները նման ձեւով փոխարինելու առաջարկները կրնան օրակարգի վրայ բերել ժխտական հաւանականութիւններ։
Իր կարգին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ յայտնեց, որ Պէյօղլուի վերաբերեալ լսումները ծանօթ են բոլորին, սակայն չկան շօշափելի փաստեր։ Նորին սրբազնութիւնը հարց տուաւ, որ միթէ միայն Պէյօղլո՞ւի պարագային կան նման լսումներ։ Արդարեւ, ուրիշ թաղերու պարագային ալ համայնքը ունի նման հարցեր։ Այս կէտին վրայ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ ձայնակցեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին։ Հուսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, որ այսպիսի հարցերու յաղթահարման համար պէտք է ժամ առաջ տեղի ունենան համայնքային ընտրութիւնները։
Թրքահայ կեանք
- 12/02/2024