Խաղաղութեան Պատե՞ր
Պատանեկան տարիներուս Հիւսիսային Իրլանտան միշտ ալ եղած էր մտքիս մէջ շփոթ, բայց նաեւ հետաքրքրութիւն ստեղծող երկիր մը: Նախ, որ կային երկու Իրլանտաներ, եւ միշտ չէ, որ կրնայինք այդ տարիներուն զանազանել մէկը միւսէն: Կար նաեւ Հիւսիսային Իրլանտայի ներքին տագնապը. կը լսէինք եւ լուրերէն կը հետեւէինք, որ «բողոքականներ»ը կը կռուին «կաթողիկէներուն» դէմ: Բայց ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ, որ մարդիկ եւ հաւաքականութիւններ իրարու հետ կը կռուէին քրիստոնէական համայնքի պիտակին տակ:
Բայց մեր պատանեկան օրերուն Հիւսիսային Իրլանտայի խառնաշփոթ պատկերին մէջ կային նաեւ հռչակ տուող գրաւականներ:
Մեր պատանեկան տարիներուն կը հետեւէինք համաշխարհային հռչակ առած մեծ ֆութպոլիստներուն եւ անոնց սխրագործութիւններուն. անոնց մէջ էր նաեւ հիւսիսիրլանտացի Ճորճ Պեսթը, որ մինչեւ այսօր եւ յետմահու հիւսիսիրլանտացիներու երկրպագուներէն մէկն է: Երկրի օդակայաններէն մէկը կոչուած է իր անունով, ինչպէս նաեւ շքեղ պանդոկ մը՝ մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ: Ու տակաւին, ի՜նչ խօսք, նշանաւոր Թիթանիք նաւը, որ Հիւսիսային Իրլանտայի նաւարկութեան ճարտարարուեստի ստեղծագործութեան մէջ առասպել եւ իւրաքանչիւրին հպարտութիւնն է: Բայց չ՚ուշանար իրլանտացիներուն հաստատումը, որ երբ նաւը ձգեց Պելֆասթի նաւահանգիստը, ամէն ինչ լաւ էր: Եւ որ՝ միայն անգլիական ջուրերուն մէջ էր, որ պատահեցան աղէտն ու պատուհասը:
Փետրուար 2018: Մտքիս մէջ գծուած անցեալի այս բոլոր «պատկերները» պիտի փորձէի մէկ-մէկ քակել եւ, կ՚երեւի, քիչ մըն ալ հասկնալ ու տակաւին վայելել Հիւսիսային Իրլանտան ու անոր շատ գեղեցիկ բնութիւնը:
«Ես մեծցած եմ բաժնուած հաւաքականութեան մը մէջ», գործակիցս՝ Քաթ-րինն է, որ կը փորձէ մէկ կողմէ բացատրել, բայց նաեւ՝ ցոյց տալ մայրաքաղաք Պելֆասթին «բաժնուած» իրավիճակները: «Տակաւին մինչեւ այսօր հաւաքականութեան մէջ կայ այդ խորունկ բաժանումը» շարունակեց ան, անկախ այն երեւոյթէն, որ 1998 «Աւագ Ուրբաթի» համաձայնագիրը փորձեց հաշտեցնել երկու «անհաշտ» հաւաքականութիւնները…
Երբ կը շրջագայէի Պելֆասթի տարբեր շրջաններուն մէջ ու բաժնուած կողմերը, սկսայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Նոյնն է տագնապը քիչ մը ամէն տեղ: Կայ միայն խորքային տարբերութիւնը: Մայրաքաղաք Պելֆասթի տարբեր շրջաններուն մէջ շինած են «պատեր» (ու բաժնած՝ հաւաքականութիւնները) եւ զանոնք կոչած՝ «խաղաղութեան պատե՞ր», որպէսզի անդորրութի՞ւնը հաստատեն… Բայց այս պատերը խորացուցած են ցաւն ու անոր ետին՝ ատելութիւնը: Ու տակաւին ամուր եւ պարիսպի նման դռները, որոնք մինչեւ այսօր տակաւին գիշերները կը գոցեն, որպէսզի կանխեն անախորժ իրադարձութիւնները: Եւ կ՚անցնիմ, այսպէս ըսած, բողոքական շրջանէն դէպի կաթողիկէ մաս. իւրաքանչիւր շրջանի մէջ զետեղուած են յուշակոթողներ, ուր իւրաքանչիւր խմբակ կը փորձէ յիշել իր «նահատակները» եւ անոնց մէջէն իրենց «իրաւունքները»…
«Բրիտանացի եմ եւ ոչ՝ անգլիացի». Հեսթինկզն է, որ բողոքական երիցագոյն եկեղեցիի հոգեւոր հովիւ է, որ կը փորձէր նաեւ ներկայացնել իր տեսակէտը:
«Եկեղեցական համայքները կը գործածուին որպէս պիտակ՝ քաղաքական-ընկերային խոր բաժանմունքներու պայքարին մէջ», ըսաւ ան:
Կաթողիկէ շրջանակները շատ աւելի ամուր ձեւով կ՚ուզեն կառչիլ իրենց արմատներուն: Իրլանտան գրեթէ կորսնցուցած է իր ազգային լեզուն՝ «կէյիք»ը: Անգլերէնը կը տիրապետէ ամէն տեղ: Բայց հետաքրքրական էր տեսնել, որ կաթողիկէ շրջաններու մէջ փողոցներուն անունները գրուած են անգլերէնով եւ կէյիք լեզուով: Այս ձեւով անոնք կը փորձեն «յիշեցնել», թէ ունին լեզու մը, որ պէտք է պահուի եւ պահպանուի:
Ու դարձեալ՝ խաղաղութեան պա՞տը եւ անոր երկու բաժնուած կողմե՞րը, որոնց մէջ կը զգաս ապրուած «վախը»… Իւրաքանչիւր յուշակոթող եւ նկար կամ գրութիւն այդ վախին շուքին տակ անցեալին կառչելու իրականութիւնն էր: Արդեօք ապահովութի՞ւնն էր իրենց փնտռածը…
1921 թուականին ստեղծուած է Հիսիսային Իրլանտան՝ Մեծն Բրիտանիոյ կազմին մէջ. խորհրդարանը կազմուած է 1932 թուականին: Եթէ երկրին վարչամեքենան կը գործէ «համախոհութիւն» ստեղծելու տեսլականով՝ տարբեր կողմերու միջեւ, բայց կայ տակաւին անվստահութիւնը… «Բողոքականները ունին մտահոգութիւնը, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ իրենց, եթէ կաթողիկէները իշխեն»: Դարձեալ Քաթրինն է. «Եւ այս իմաստով, եթէ ազգայնականները, իմա՛ կաթողիկէները, կ՚ուզեն մտածել ապագայի մասին, բրիտանացիները, իմա՛ բողոքականները կը փորձեն պահել իրենց ունեցածը»: Եւ այստեղէն նաեւ յառաջ կու գան Մեծն Բրիտանիոյ մէջ մնալու եւ կամ անջատուելու ձգտումները:
Հապա հայկակա՞ն ներկայութիւնը…
Տքթ. Փոլ Մանուկ (Տիշչէքէնեան) եկած է Պասրայէն, Իրաք: Ան ելեկտրոնային ճարտարապետ է եւ վկայուած՝ Սկովտիոյ համալսարանէն. այսօր Պելֆասթի մէջ կը դասախօսէ եւ կ՚աշխատի ակադեմական ու գիտա-հետազօտական կեդրոններու մէջ: Ամուսնացած է տեղացիի մը հետ եւ կազմած՝ ընտանիք: Փոլին մեծ հայրը եղած է գործօն անդամ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ եւ, ինչպէս՝ բոլոր հայերը, ցեղասպանութենէն ճողոպրած, վերապրած ու հաստատուած է Իրաք: Հայրը եղած է գործօն անդամ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին եւ մայրը՝ աւետարանական: Կ՚երեւի այս «երեքին» միացումով Փոլը այսօր կրնայ լաւապէս նաւարկել Իրլանտայի նման միջհամայնքային փոթորկոտ երկրի մը մէջ:
«Կը փորձեմ հայութիւնը ծանօթացնել, ո՛ւր որ կը գտնուիմ՝ համալսարանի ասպարէզիս եւ այլ պետական շրջանակներու մէջ»: Փոլը այն հայն է, որ կ՚ուզէ միշտ հայ գտնել ու հայու հանդիպիլ: «Հայերուն թիւը Պելֆասթի մէջ շատ փոքր է, հազիւ հինգ հոգի ենք», Փոլն է խօսողը: Ան կը փորձէ նախաձեռնել եւ այս պզտիկ հայկական խմբակը քով-քովի բերել տարբեր առիթներով: «Միշտ չէ, որ կը յաջողիմ: Այս օրերուն մարդիկ շատ զբաղած են», ըսաւ ան: Բայց Հայաստանը Փոլին սրտին մէջ է: Անոր մեծ դուստրը Հայաստան այցելած եւ աշխատած է հայրենիքի մէջ երկու տարի՝ որպէս ընկերային ծառայող եւ իր մասնակցութիւնը բերած է տարբեր բարեսիրական ծրագիրներու մէջ: «Աղջկանս այցելութիւնը մեզ խթանեց, որ ա՛լ աւելիով առընչուինք հայրենիքին հետ: 2001 թուականէն սկսեալ ամէն տարի կանոնաւոր կերպով Հայասատան կ՚այցելենք», ըսաւ Փոլ:
Հիւսիսային Իրլանտայի այդ շատ գեղեցիկ բնութեան մէջէն կը փորձէի դուրս հանել տագնապն ու ցաւը: Երկու հակադիր իրականութիւններ՝ գեղեցիկը եւ վատը, որոնք ինչպէս իրարու մէջ մտած ու գօտեպնդուած են իրարմով եւ կազմած մէկ ապրող իրականութիւն: Այս նոյն պատկերը քիչ մը ամէն տեղ է, չէ՞: Մենք ալ ապրեցանք գեղեցիկ Լիբանանի մէջ այդ ահաւոր վախը, ցաւն ու անապահովութիւնը: Մենք ալ շինեցինք երեւցող եւ չերեւցող խաղաղութեան պատե՞ր եւ բաժնեցինք հաւաքականութիւնները, որպէսզի աւելի ապահով կեանքե՞ր ստեղծենք ամբողջ տաս-նըհինգ տարիներու վրայ երկարած: Ու տակաւին ներկայի ապրած մեր իրականութիւններուն մէջ որքան բան կայ անցեալէն. վախը եւ անվստահութիւնը… Եւ՝ (չ)երեւցող յուշակոթողները եւ երեւոյթները, որոնց մէջէն մենք ալ անցեալի անորոշութիւնները կը բերենք ներկային…
Հապա ի՞նչ խօսք այն բոլոր քաղաքական տագնապներուն ու պատերազմական վիճակներուն, որոնք տարածուած են քիչ մը ամէն տեղ՝ հոս ու հոն, մօտիկ թէ հեռաւոր: Պատմութիւնը որքա՜ն ինքզինք կը կրկնէ եղեր: Խաղաղութեան պատե՞րը քիչ մը ամէնուրեք: Այդ պատերուն շուքին տակ՝ (չ)երեւցող վախերն ու ատելութիւնները: Նոյն կրկնուող իրավիճակները. միայն աշխարհագրական բովանդակութիւնն է, որ կը փոխուի…
Ու դարձեալ Հեսթինկզն է. «Իմ աղօթքս է, որ յաջորդ սերունդներուն հետ այս վախերը վերանան, եւ մարդոց հոգիներուն մէջ խաղաղութիւնը արմատանայ:
Եթէ Հեսթինկզը կը խօսէր իր երկրի ապագայի տեսլականին ի խնդիր, բայց իւրաքանչիւրս կը խօսինք եւ պարտինք խօսիլ նաեւ մեր ապրած շրջաններուն համար:
Եթէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, ուրեմն արժէ այդ կրկնուող պատմութեան մէջէն մէջտեղ հանել վստահութիւնը եւ խաղաղութիւնը: Եւ այս կարելի է, երբ մարդը իր շինած խաղաղութեան պատերը կը փլէ եւ անոր տեղ կը սկսի շինել խաղաղութեան հոգիներ… Հոգիներ, ուր պատեր չկան… եւ ուր բնութեան ու հոգիներու գեղեցկութիւնը կը միանան որպէս մէկ «պատկեր», մէկ, միացած եւ ոչ իրարու հակադիր՝ կազմելու համար ապրելու կեանքեր, ուր վստահութեան եւ խաղաղութեան հոգիներ կը շինուին:
Եւ ընտրանքը մարդունն է իւրաքանչիւրիս…
Ի՞նչ պիտի ուզենք շինել:
Խաղաղութեան պատե՞ր, թէ՞ խաղաղութեան հոգիներ…
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ