ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳԸ ԱԶԴԱՆՇԱՆ ՏՈՒԱՒ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծիրէն ներս հարցազրոյց մը տուաւ «Աթլանթիք» հանդէսին։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Իսրայէլ ունի իր տարածքին տէր ըլլալու իրաւունքը։
Հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Ճեֆի Կոլպերտ գահաժառանգին հարց տուաւ, որ կը հաւատա՞յ հրեայ ժողովուրդի պապենական հայրենիքին վրայ ազգային պետութեան մը տէր ըլլալու իրաւունքին, թէ՞ ոչ։ Ի պատասխան՝ Մուհամմէտ պին Սելման նշեց, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր երկրին մէջ անդորրութեամբ ապրելու իրաւունք։ Պաղեստինցիներն ու իսրայէլցիներն ալ ունին իրենց տարածքին տէր ըլլալու իրաւունք։
Հարցազրոյցի տեւողութեան գահաժառանգը նշեց, որ Սէուտական Արաբիա Իսրայէլի հետ պաշտօնապէս յարաբերութիւն մշակելու համար նախապայման կը համարէ պաղեստինցիներու հետ համաձայնութեան մը գոյանալը։
Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ պաշտօնապէս գոյութիւն չունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, սակայն վերջին տարիներուն երկու երկիրները բեմահարթակի ետեւին կ՚որոնեն յարաբերութիւններ զարգացնելու ճանապարհը։ Այս երկու երկիրներն ալ ԱՄՆ-ը կ՚ընկալեն որպէս գլխաւոր դաշնակից եւ Իրանը կը համարեն մեծագոյն արտաքին սպառնալիք։
Վերոյիշեալ հարցազրոյցին մէջ գահաժառանգը անդրադարձաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի ուղղեալ սպառնալիքներուն։ Ան յայտնեց, որ Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Ալի Համանէյ կը համարուի Մերձաւոր Արեւելքի Հիթլերը։