ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ անցեալ տարուընէ սկսած է արտադրուիլ աշխարհի մէջ առաջին խելացի եւ գերհզօր դրամապանակը: Volterman անունով այդ կաշիէ դրամապանակը հինգ գերհնարաւորութիւն ունի: Անոր մէջ ներկառուցուած է տեսախցիկ, տեղադրուած է Ընդհանուր տեղորոշման համակարգ (GPS), համացանց, իսկ դրամապանակին օգնութեամբ հնարաւոր է անլար կամ լարային կերպով լիցքաւորել հեռաձայնը: Իսկ եթէ կորսուած է հեռաձայնը, ապա հնարաւոր է անոր միջոցաւ գտնել զայն, ինչպէս նաեւ Global WiFi hotspot-ի միջոցաւ, որեւէ վայրի մէջ, կարելի է տարածել համացանց, որու սակագիները սովորական համացանցային ռոումինկէն տասն անգամ աժան են:

Գաղափարին հեղինակը հայ է՝ Ազատ Թովմասեանը: Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ եւս ստեղծուած են խելացի դրամապանակներ, բայց Հայաստանի մէջ ստեղծուածը կատարելագործուած է եւ անոր վրայ աւելցուած են ուրիշ հնարաւորութիւններ, որոնք եզակի կը դարձնեն հայկական այս արտադրանքը:

Volterman դրամապանակը Bluetooth-ի միջոցաւ կապուած է տիրոջ հեռաձայնին հետ: Երբ հեռաձայնը դրամապանակէն կը հեռանայ 15-20 մեթրով, դրամապանակին եւ հեռաձայնին վրայ ազդանշանը կը սկսի գործել: Նոյնիսկ եթէ հեռաձայնին ձայնը անջատուած է, ան կը միանայ եւ ազդանշան կու տայ: Երբ տէրը կորսնցնէ դրամապանակը, եւ ոեւէ մէկը գտնելով բանայ զայն, տեսախցիկը կը լուսանկարէ բացողին դէմքն ու լուսանկարը կը ղրկէ կորսնցնողին ելեկտրոնային հասցէին, ինչպէս նաեւ միեւնոյն ժամանակ կը տեղադրէ volterman.com կայքէջին մէջ: Դրամապանակը իրականութեան մէջ անհնար է կորսնցնել, քանի որ լուծուած է տեղորոշման խնդիրը՝ կորսնցնելու ժամանակ առցանց քարտէսը օգնութեան կը հասնի եւ ցոյց կու տայ անոր տեղը:

Դրամապանակի հիմքին մէջ հետեւեալ գաղափարը կայ՝ Շարունակելու վստահութիւն, որ նաեւ ընկերութեան նշանաբանն է: Այսինքն՝ եթէ արդէն ունիս այս դրամապանակը, ապա կրնաս վստահ ըլլալ, որ ոչինչ կիսատ կը մնայ՝ չի վերջանար հեռաձայնիդ մարտկոցը, համացանցիդ կապը չի խզուիր, իսկ կարեւոր փաստաթուղթերը չեն կորսուիր։

Ազատ Թոմվասեան այս դրամապանակին միտքը յղացած է այն ժամանակ, երբ քանի մը անգամ կորսնցուցած է իր պարզ դրամապանակը, որուն մէջ փաստաթուղթեր եղած են: Կարեւոր փաստաթուղթերը վերականգնելու համար ժամանակ, դրամ եւ նեարդեր վատնած է: Ըստ ուսումնասիրութիւններու, աշխարհի մէջ ամէն տարի կը կորսուի աւելի քան 30 միլիոն դրամապանակ: Դրամապանակի կորուստը մեծ հոգեբանական ճնշում կը յառաջացնէ, քանի որ տէրը անոր մէջ սովորաբար կը պահէ իր կարեւոր իրերը՝ դրամատնային վճարաքարտերը, կանխիկ դրամը, ինքնաշարժ վարելու վկայականը, անձնաթուղթը եւ այլ փաստաթուղթեր…

Ազատ Թովմասեան քանի մը անգամ իր դրամապանակը կորսնցնելէ ետք նախագծած է անկորնչելի դրամապանակը եւ զայն միջազգային շուկայ դուրս բերելու համար փնտռած է գործընկերներ, մարդիկ, որոնք այս ասպարէզին մէջ փորձառութիւն ունին: Հայ մասնագէտներու հետ Ազատ Թովմասեան կատարելագործած է իր յօրինումը եւ որպէս հետեւանք ստացած են բարակ, ճաշակով ձեւաւորուած դրամապանակ մը, որուն արտաքին տեսքէն յայտնի չէ, որ անոր մէջ այդքան սարքեր եւ հնարաւորութիւններ զետեղուած են: Սկզբնական շրջանին դրամապանակի որոշ իրեր արտադրուած է Չինաստանի մէջ, այսօր արդէն անոր ամբողջական արտադրութիւնը տեղափոխուած է Հայաստան՝ Եղուարդ քաղաք, ուր «Սաֆեան» հայկական կաշիէ իրերու ընկերութեան մէջ այսօր օրական կը կարուի եւ կը լրացուի շուրջ 500 դրամապանակ:

Այս նորոյթի անունի ընտրութիւնը տեւած է գրեթէ երկու ամիս. վերջապէս զայն ընտրած են Spiderman, Batman, Superman հերոսներու անուններուն նմանութեամբ, ստեղծելով գերհերոսներու հայկական տար-բերակը, իսկ վոլթը ելեկտրական լարումի չափման միաւորն է, քանի որ դրամապանակին մէջ հոսանք կայ: Եւ քանի որ հնչողութեամբ անունը մօտ է գերմանական անուանումներուն, այդ ձեւով նոյնպէս հետաքրքրութիւն առաջ բերած է դուրսի երկիրներուն մէջ: Volterman-ը ջրակայուն է եւ դիմացկուն՝ արտաքին հարուածներու հանդէպ: Դրամապանակը քանի մը տարբերակներ կ՚ունենայ՝ երկփեղկանի (120 կրամ), քարտապան (100 կրամ) եւ ճամբորդական (150 կրամ), որոնցմէ ամենէն սուղը ճամբորդական օրինակը կ՚ըլլայ: Նախատեսուած է արտածել աւելի քան հարիւր երկիր, որոնցմէ արդէն տասը հազարէն պատուէրներ ստացած են: Պայմանագրային հարցերը լուծելէ ետք կը սկսուի արտածման, իսկ իբրեւ հիմնական շուկայ արդէն նշմարած են Միացեալ Նահանգները, Գանատան, Աւստրալիան, Միացեալ Թագաւորութիւնը: Նախավաճառքի ծաւալներով Հայաստանը եօթներորդ դիրքի վրայ է: Դրամապանակի խումբը ներկայիս կազմուած է չորս հոգիէ, իսկ ընդհանուր նախագիծին վրայ շուրջ երեսուն կամաւոր կ՚աշխատի: Volterman ստեղծողները դրամապանակի համար պաշտպանած են հեղինակային իրաւունքները՝ արտասահման արտահանելէ առաջ: Միջազգային հանրային դրամահաւաքի միջոցաւ դրամապանակի հեղինակները ստացած են ամբողջական նիւթական օժանդակութիւն, ինչ որ հնարաւորութիւն տուած է անոնց՝ գաղափարը իրականութիւն դարձնելու, ինչպէս նաեւ մօտաւորապէս 238 տոլար արժող դրամապանակը վաճառքի հանելու շուրջ 150 տոլարով: Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան ողջունած է գաղափարը եւ յայտարարած է, որ երբ վաճառքը սկսի, ինք առաջին գնորդը պիտի ըլլայ՝ առցանց կերպով արդէն ամրագրելով դրամապանակը: Նախավաճառքի փուլի աւարտէն ետք դրամապանակը կը հասնի պատուիրատուներուն, իսկ հեղինակները յայտարարած են, որ յաջորդ տարի կը սկսին միւս ապրանքներու արտադրման, որոնք կ՚ըլլան կիներու դրամապանակ, ուսապարկ, ճամպրուկ եւ այլն: Կարեւորը արդէն որդեգրած են խելախօս իրերու սկզբունքը, ինչ որ կրնան դիւրութեամբ տեղաւորուիլ որեւէ ապրանքի մէջ:

*

2017 թուականի աւարտին, Հայաստանի մէջ, ներկայացուեցաւ նաեւ առաջին հայկական խելացի օրօրոցը՝ Cribby-ն: Իր լուծումներով եւ յագեցուածութեամբ նաեւ աշխարհի մէջ առաջիններէն է օրօրոցը, որ նպատակ ունի դիւրացնելու նորածին երեխայի մօր կամ խնամակալի կեանքը:

Օրօրոցը իր մէջ պառկած մանուկին ծնողքին կամ հարազատներուն խելախօսի միջոցաւ կը տեղեկացնէ մանուկին մասին, թէ ան ե՛րբ կու լայ, կը շարժի, կ՚արթննայ: Իրենց քով եղած հեռաձայններուն միջոցաւ ծնողքը կրնայ հետեւիլ մանուկին: Երբ ծնողքը հեռու ըլլայ, օրօրոցը հնարաւորութիւն ունի օրօրելու, հէքեաթ կամ երաժշտութիւն միացնելու, զբաղեցնելու պզտիկը, մինչեւ մայրը մօտենայ անոր: Հայ մասնագէտները օրօրոցի ձայնադարանին մէջ զանազան ազգութիւններու երգեր, հիմնականը՝ օրօրոցայիններ տեղադրած են՝ հայկական, նորվեկական, ռուսական, պրազիլական, պարսկական, արաբական եւ այլն: Օրօրոցին կցուած խնամքի սեղանին վրայ կարելի է կշռել երեխան՝ հետեւելով անոր աճին:

Երեխային աճման կարելի է հետեւիլ նաեւ ամպային (համացանցային բարդ կառուցուածքներու տեսքով պահուող) պահոցներու միջոցաւ, ուր կը հաւաքագրուին երեխային մասին տուեալները: Օրօրոցին համակարգը օրուան ընթացքին կրնայ լուսանկարել նաեւ երեխան, արձանագրել անոր ամէն պահը՝ յիշատակի լուսանկարներ հաւաքելով յիշողութեան մէջ: Մանկական այս մահճակալը լուսաւորուած է, ունի իրեր պահելու դարակներ եւ արտաքին գեղեցիկ տեսք: Համացանցահէններու յարձակումներուն դիմակայելու եւ անձնական տուեալները անվտանգ պահելու համար հայ ծրագրաւորողները մշակած են պաշտպանական անկոտրելի համակարգ։

Օրօրոցի հեղինակները կը նշեն, որ գործածուած բոլոր ազդակները եւ սարքաւորումները վնասակար չեն երեխայի առողջութեան համար, անվնաս են նաեւ այն նիւթերը, որոնցմով պատրաստուած է օրօրոցը, գործածուած է փայտ եւ բնապահպանական մաքուր իրեր: Ան առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուելէ յետոյ որոշ մարդոց կողմէ քննադատուեցաւ, որ իբր թէ օրօրոցը կը հեռացնէ երեխան մօրմէն, սակայն յօրինողները վստահ են, որ այսօրուայ բազմազբաղ առօրեայի մէջ ան միայն լաւագոյն օգնութիւն կրնայ ըլլալ նորածիններու հարազատներուն: Անոնք կը յիշեցնեն, որ ճարտարագիտական արհեստագիտութիւններու ասպարէզին մէջ այլեւս ամէն օր կան նորութիւններ, որոնք կու գան շատ յաճախ բարելաւելու, դիւրացնելու մարդկութեան կենցաղը, աշխատանքը, նոյնիսկ՝ մտածելու եղանակը: Աշխարհ կ՚երթայ դէպի դիւրութիւններու, արագութեան եւ թուային կառավարումի:

Գաղափարի հեղինակները կը պատրաստուին զանգուածային արտադրութեան, գինն ալ այնպէս մը պիտի որոշեն, որ Հայաստանի մէջ ան հասանելի ըլլայ միջին վիճակագրական հայ ընտանիքին, իսկ դուրսի երկիրներէն պիտի արտածեն այն երկիրները, ուր առօրեան սարքաւորումներով կառավարելու աւանդոյթ կը գործէ, ինչպէս նաեւ այն երկիրները, ուր ծնելիութեան բարձր մակարդակ կայ:

*

Խելացի ժամացոյցի օրինակներ աշխարհի մէջ շատ կան: 2016 թուականի Դեկտեմբերէն ի վեր Հայաստանի մէջ ալ սկսած է վաճառուիլ Technology&Science Dynamics TSD ընկերութեան կողմէ ներկայացուած առաջին հայկական խելացի ժամացոյցը, որ օժտուած է ժամանակակից գործառոյթներով:

Ժամացոյցը բացի ժամանակակից տեսք ունենալէ, հնարաւորութիւն ունի փոխել նաեւ իր արտաքին գոյնը, կրողին հագուստին գոյնին յարմարելով, հնարաւորութիւն ունի զանգեր ընդունելու, ինքնանկարներ ընելու եւ այլն: Այս ժամացոյցին հեղինակները կը նշեն, որ անիկա ամբողջութեամբ մտայղացուած է հայ մասնագէտներու կողմէ եւ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է օտարներուն մէջ:

65 կրամ կշռող ժամացոյցը հնարաւորութիւն ունի միանալու wifi ցանցին:

*

Հայերը վերջին տարիներուն ստեղծած են նաեւ ճախրող տեսախցիկ: Լուսնի տեսք ունեցող եւ Moon անունը կրող տեսախցիկը ունի անլար լիցքաւորում, բազմաթիւ զգայական հնարաւորութիւններ եւ կարող է դառնալ օգնական՝ տան մէջ:

Անոր միջոցաւ կարելի է կարգաւորել տան լուսաւորութիւնը, օդին խոնաւութիւնը, ջերմաստիճանը, ինչպէս նաեւ գիտնալ, թէ ո՞վ կը մտնէ տուն, ի՞նչ ձայներ կը լսուին տան մէջ եւ այլն:

Տեսախցիկը կրնայ դառնալ 360 աստիճանով եւ հետեւիլ ամբողջ տունին: Այնպէս մը ստեղծուած է, որ զայն կարելի է կառավարել տունէն բացակայելու պարագային, նոյնիսկ հեռու գտնուելու ժամանակ, գիտնալ, թէ ի՞նչ կը կատարուի տան մէջ: Այս տեսախցիկը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է հանրային դրամահաւաքի միջազգային IndieGoGo հարթակին մէջ՝ ստանալով բաւական մեծ ներդրումներ:

*

2017 թուականի ամրան հայկական APLOOPA ընկերութիւնը շապիկներ արտադրող Shabeeg ապրանքանիշին հետ ներկայացուցած էր առաջին շարժուն շապիկները՝ տեսաշարով եւ կրթական բովանդակութեամբ:

Բաւական է հեռաձայնին մէջ արձանագրուած ARLOOPA յաւելուածը պահել շապիկին նկարին վրայ, որմէ ետք շապիկին նկարը հեռաձայնին մէջ կը վերափոխուի շարժուն տեսաշարքի, որուն միջոցաւ կարելի է շատ բան գիտնալ: Օրինակ, շապիկներէն մէկուն վրայ Արտաշէս Բ.-ի պատկերը կայ, որ գեղեցիկ է եւ նաեւ նորաձեւ, սակայն բաւական է անոր վրայ ուղղել հեռաձայնը՝ համապատասխան յաւելուածով, պատկերը հեռաձայնին մէջ կը դառնայ շարժուն եւ կը պատմէ Արտաշէսեաններու արքայատոհմի վերջին հզօր ներկայացուցիչի պատմութիւնը: Շուտով կը ստեղծուին նաեւ թագուհիներու եւ այլ գործիչներու դէմքերով եւ պատմութիւններով շապիկներ: Հանրութիւնը, երիտասարդները, սփիւռքի հայութիւնը, ինչպէս նաեւ այլազգի զբօսաշրջիկները կրթելու, հայոց պատմութեան մօտ դարձնելու նպատակ կը հետապնդեն շապիկ ստեղծողները: Միաժամանակ հայկական հագուստը ժամանակակից տեսքով արտասահման հանելու նպատակ կայ: Համալրուած իրականութիւն. այսպէս անուանուած են հայկական այս շապիկի հեղինակները՝ իրենց գաղափարը:

Շապիկներու արտադրութեան միացուած են քանի մը ասպարէզներ՝ հիւսուածքի արտադրութիւնը, տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը եւ կրթութեան ոլորտները:

Մասնագէտներ կը վկայեն, որ արհեստագիտութեան զարգացման այս ընթացքով, երբ սարքերը կը գործեն մարդու փոխարէն, ան ոչ թէ կը սկսի դառնալ երկրորդական, այլ ժամանակ պիտի գտնէ կատարելու աւելի կարեւոր գործեր, որոնք միտուած կ՚ըլլան բնութեան եւ առհասարակ մոլորակի պահպանման, որ այսօր գերարդիական հարց է:

ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԵՒԱՅԻՆ ԿԱՆԳԱՌ

Երեւանի մէջ բացուած է առաջին արեւային կանգառը: Երթուղային կառքին սպասելու ընթացքին կանգառի վրայ հնարաւորութիւն կայ հեռաձայնն ու համակարգիչը անվճար լիցքաւորել: Ելեկտրականութիւնը կը հասնի արեւային կենսուժի միջոցաւ: Նմանատիպ երկու կանգառներ արդէն կը գործեն, որոնցմէ մին Բաղրամեան պողոտայի վրայ է: Նախաձեռնութեան հեղինակը Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակնն է, որ այս կերպով նպատակ ունի խթանել վերականգնուող կենսուժի գործածումը:

Ամէն մէկ կանգառ հնարաւորութիւն ունի լիցքաւորել օրական քսանչորս հեռաձայն եւ շարժական համակարգիչ:

Արեւով աշխատող վահանակները կանգառներու վրայ կը մնան շուրջ մէկ տարի, որմէ ետք կը փոխադրուին այլ վայրեր:

Հայաստանցի երկու երիտասարդ նախագծած են աշխարհի մէջ առաջին խելացի այգին: Գաղափարը իրականութեան վերածուելէ ետք ան կը տեղակայուի Երեւանեան լիճի յարակից տարածքին վրայ, ռուսական եկեղեցիի ետնամասը: Գաղափարի հեղինակները գծած են այգի մը, որ իր այցելուներու շնորհիւ կը դիմագրաւէ ծախսերը, կը ստեղծէ աշխատատեղիներ, կը գրաւէ զբօսաշրջիկները: Այգիի տարածքին տնկուելիք ծառերու, թուփերու եւ բոյսերու ջրտուքը կը կատարուի ազդակներու միջոցաւ: Ազդակները տեղեկատուութիւն կը հաղորդեն, թէ տարածքը չո՞ր է, թէ՞ ոչ, որքան ջուր անհրաժեշտ է եւ ատոր համեմատ ջուրը կը ցայտէ: Այս եղանակով կ՚որոշուի նաեւ պարարտանիւթերու միջոցաւ հողի սնուցումին հարցը: Նմանապէս ազդակները իրենք կ՚որոշեն՝ այգիի ո՞ր մէկ տարածքին ինչպիսի՞լուսաւորութիւն անհրաժեշտ է եւ լոյսը խնայողական կերպով կը բաշխուի այգիին մէջ: Հեղինակները այգիի մէջ գծած են մարզական տարածք, որու մէջ ծախսուած քալորիները կը վերածուին լուսաւորութեան: Նախատեսուած է նաեւ Երեւանեան լիճի մակերեւոյթի վրայ «տեղադրել» շրջանակաձեւ ապակեպատ ճաշարան, ուրկէ 360 աստիճան տեսարան կը բացուի քաղաքի վրայ: Ճաշարանէն եւ մարզական հատուածէն զատ նախատեսուած է նաեւ բացօթեայ աշխատանքային գօտի (co-working), ընտանեկան գօտի, դիտակէտ՝ թռչուններու թռիչքին հետեւելու համար, «երազային գօտի»՝ լուսանկարուելու համար, իսկ այգիի կեդրոնական հրապարակը կը գործածուի փառատօներու եւ զանազան բնոյթի միջոցառումներու համար: Գաղափարը իրականութիւն դառնալու պարագային կը լուծուի նաեւ Երեւանեան լիճի աղտման հարցը: Բնապահպաններու հետ խորհրդակցելէ յետոյ որոշած են լիճին վրայ «տեղադրել» լողացող հողակտորներ (floading wetland): Ատոնք հարթակներ են, որոնք կը լողան ջուրի վրայ, իսկ անոնց վրայ բոյսեր կը մեծնան: Բոյսերը արմատներով կը կլանեն ջուրի մէջ եղած վնասակար նիւթերը եւ բնական ճանապարհով կը հեռացնեն զանոնք: Այդ մէկը նաեւ շատ գեղեցիկ տեսք ունի եւ թռչուններու համար կը հանդիսանայ կերակրման գօտի:

Այսօր Երեւանի մէջ աւելի քան 30 այգի կայ, բայց բոլորը միայն կանաչ տարածքներ են, առաւելագոյնը ունին սրճարան, պետութենէն դրամ ստացող, այլ ոչ թէ եկամուտ տուող վայրեր են: Այս հանգամանքը նկատի առնելով խելացի այգիի նախաձեռնողները որոշած են յառաջ քաշել ինքզինք պահող այգիի միտքը, որ կրնայ նաեւ հարկ մուծել: Այժմ սկսած է այս գործի համար ներդրումներ գտնելու շրջանը, որմէ ետք նուազագոյնը չորս տարի անհրաժեշտ է՝ կանաչապատումը վերջնական տեսքի բերելու համար, սակայն կան որոշակի ծառայութիւններ, որոնք հնարաւոր է մատուցել ի սկզբանէ։ Ծրագրի չորրորդ տարին արդէն այգին կը կարողանայ իր ծախսերը հոգալ։ 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018