ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը երէկ երեկոյեան գեղարուեստասէրներուն ներկայացուց «Եոլճուլար» խաղը։ Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացումը։
Թատերախումբին մաս կը կազմեն Անի Սիւրմէեան, Այլին Քեշիշօղլու, Էրայ Թաշ, Խաչիկ Ինկիլիզօղլու, Գարին Էլմաս, Գրիգոր Սար, Քրիս Տինչքայըքճը, Բերին Քոլուքըսայեան, Փոլին Սահակեան եւ Սելին Չավուշօղլու։
Ներկայացման աւարտին հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին թատերախումբը։ Այս փուլին շնորհաւորութեան խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Առլին Քենտիրլի։
Ներկաներու շարքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամար, մեր համայնքէն արուեստագէտներ եւ գեղարուեստասէրներ։