ՌՈՒՍԵՐՈՒՆ ՄԱՏՆԵՐԸ…

Կարգ մը երեւակայածին կամ իրական շրջանակներու մէջ սկսած են փսփսուքով շրջան ընել զրոյցներ, որոնց սուտ կամ ճշմարիտ ըլլալը չէ ստուգուած, սակայն շահեկան ըլլալը կը նկատուի կասկածէ վեր:

Ըստ այդ անորոշ շրջանակներէն սպրդած լուրերու, Սպիտակ տունի, արդարութեան նախարարութեան, Փենթակոնին, ապահովութեան սպասարկութեանց, նախագահին ընտանիքին եւ խորհրդարանի երկու տուներուն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, վերջերս կազմուած է գերգաղտնի մարմին մը, որուն վստահուած է գեր-գերգաղտնի առաքելութիւն մը. ստուգել, թէ ռուսերուն մատները մինչեւ ո՛ւր թափանցած են  ամերիկեան աշխարհէն ներս:

Որոշումը տրուելէն ու հետախուզող մարմինին կազմութենէն ի վեր անոր սեղանին վրայ սկսած են կուտակուիլ թղթածրարներ. մարմինէն պահանջուած է ստուգել, թէ ռուս գործակալներ ինչպիսի՞ դեր խաղացած են հետեւեալ դէպքերուն ու պատահարներուն մէջ.

Ա. Նախագահ Թրամփի զաւկին ամուսնալուծումը,

Բ. Կարգ մը հրապարակային երեւումներու պահուն ամուսնոյն ձեռքը բռնելէ խուսափելու նախագահին կնոջ վարմունքը,

Գ. Մայամիի համալսարանին մօտ նորակառոյց կամուրջին փլուզումը,

Դ. Պետական աւելի քան 20 բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հրաժարումին կամ պաշտօնանկութեան դրդապատճառները. այս բաժինը բաւական ստուար թղթածրար մը կը կազմէ եւ կ՚ընդգրկէ՝ զօրավար Ֆլինը, Ճէյմս Քոմին ու Էնտրիւ Մաքէյպը, Թիլըրսընը, Պենընը եւ Սպիտակ տունի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներն ու խորհրդականները, որոնց թիւը կ՚անցնի 20-ը: Յամենայնդէպս հետախուզութիւնները չեն նպատակադրեր ապացուցել, որ պաշտօնազուրկներուն մեծ մասը բարի պտուղներ էին…

Ե. Ֆլորիտայի մէկ դպրոցին մէջ Փետրուարի կիսուն պատահած մահասփիւռ հրացանաձգութիւնը. կասկածները աւելցած են, երբ վերջին շաբաթներուն զէնքի անհակակշիռ վաճառքիտարածման դէմ ուսանողական ու ծնողական ցոյցերը բազմացած են: Յատուկ հետախուզութիւն պիտի կատարուի (եղեր) նաեւ ստուգելու, թէ Մոնթերէի մօտակայ Սիսայտ քաղաքին մէջ ատրճանակ մը աշակերտներուն ցուցադրող ու դասարանին առաստաղին կրակող ուսուցիչը կապ ունի՞ ռուսերուն հետ, որպէսզի այդ տխմար արարքն ալ չարամտօրէն չկապուի նախագահին այն բարեմիտ կոչին, թէ ուսուցիչները պէտք է զինել հաւանական ոճրագործներու դէմ…

Զ. Թաուզընտ Օքսի մոլին մէջ արձանագրուած մահացու կրակոցի դէպքը,

Ե. Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատ կառուցելու նախագահի որոշումին դէմ բարձրացող բողոքները, որոնք նաեւ կրնան կապ ունենալ (եղեր) ոչ օրինական կեցութեամբ օտարականները արտաքսելու նախագահի որոշումին դէմ ընդվզումի ալիքին հետ,

Զ. Արեւելեան նահանգները հարուածող իրերայաջորդ ձիւնամրրիկներն ու Գալիֆորնիոյ անտառային հրդեհները, անոնց հետեւած ցեխի սահանքները,

Է. Փորթօ Ռիքոն, Ֆլորիտան եւ այլ նահանգներ քար ու քանդ ընող ուրականները,

Ը. Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը մաշեցնող չինական արտադրութիւններու ամերիկեան շուկան «ողողել»ը,

Թ. Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու միջեւ մերձեցման քայլերը, որոնք կը սպառնան ամերիկեան… զէնքի շուկային,

Ժ. Սուրիոյ մէջ ոճրային-ահաբեկչական-ծայրայեղական խմբակներու արշաւանքներու ջլատման գործողութիւնները. այս կէտին մասին բազմաթիւ ապացոյցներ կան (եղեր), եւ սա կարեւոր ենթահող ծառայեր է նման գերմարմինի մը կազմութեան որոշումին:

Շշուկները կը հաւաստեն, որ ցանկը հոս չի վերջանար, բաւական երկար է եւ ատակ՝ աւելի եւս երկարելու: (Ոչ ոք երաշխիք ունի, որ մարմինին անդամները վաղը-միւս օր միանան գործէ արձակուողներու փաղանգին…): Կ՚ըսուի նաեւ, որ այս «ահաւոր տագնապ»ին պատճառով, նախագահն ու իր օգնականները ժամանակ չեն ունենար զբաղելու ժողովուրդին առօրեան ծանրացնող հարցերով՝ ապրուստի սղութեամբ, անգործութեան ալիքով, ընկերային ապահովութեան մարզին ուղղուած սպառնալիքներով: Վերջապէս, յոյս կայ (եղեր), որ եթէ այս մարմինը իր հետախուզութիւնները սպասուած ձեւով ընէ, անգործութեան ալիքն ու պետական պարտքերը պիտի դարմանուին (եղեր):

… Կար ժամանակ, երբ աշխարհը, հետեւելով Ալեքսանտր Տիւմայի նշանաւոր «շերշէ լա ֆամ» խօսքին, ամէն տխրահռչակ (երբեմն ալ ոչ տխրահռչակ) իրադարձութեան ետին կը փնտռէր «կնոջ մատ»ը: Տարիներ ետք կնոջ տեղը բռնեցին անգլիացիները, ու մարդիկ աշխարհի բոլոր իրական ու անիրական խաղերուն մէջ սկսան տեսնել Անգլիոյ մատը: Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլ մրցակից մը դարձաւ անգլիացիներուն: Լիբանանցիներն ալ ունին իրե՛նց յատուկ խօսք մը՝ «Ըլ-հագ ալ-իթալիէն», որ մօտաւորապէս կը նշանակէ՝ «փնտռեցէք իտալացիներուն մատը»:

Տանըլտ Թրամփի գահակալութեան շրջանէն եթէ աշխարհին բան չմնայ, անպայման որ պիտի մնայ… ռուսերուն մատը: Այնքան մը, որ ռուսերն ալ պիտի սկսին համոզուիլ իրենց մատներուն գերկարողութիւններուն:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

18 Մարտ 2018

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018