«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։ ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ»
Մի քանի օրեր առաջ յիշատակեցինք մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը: Տօն, որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն եւ ամենէն կարեւոր տօնը կը համարուի: Տօն, որով պայմանաւորուած է ամբողջ քրիստոնէական վարդապետութիւնը, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը վկայէ ըսելով. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14): Տօն, որ գրաւականն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի յաւիտենական կեանքին հասնելու:
Այս հրաշափառ տօնին առիթով մենք զիրար կ՚ողջունենք ըսելով՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» եւ կը պատասխանենք՝ «Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի» եւ «Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս» ըսելով: Հրաշալի ողջունելու կերպ եւ առաւել հրաշալի պատասխան: Առաջինով կ՚աւետենք մեր Փրկիչին յարութիւնը, մեր ուրախութիւնը կը տարածենք նաեւ մեր շրջապատին մէջ, իսկ առաջին պատասխանով կու գանք հաստատելու այդ պատմական իրողութեան ճշմարտացիութիւնը, որ մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքը փոխեց, իսկ երկրորդով՝ այդ ուրախութիւնը կը կիսենք իրարու միջեւ, զիրար ուրախացնելով:
Այստեղ սակայն հարց կը ծագի, թէ արդեօք կը հասկնա՞նք մեր ըսածներուն իմաստը, թէ՞ պարզապէս սովորութեան ու աւանդութեան ուժով կ՚արտասանենք այդ բառերը, առանց անոնց իմաստը հասկնալու: Երբ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց», կ՚ըսենք, ատով ո՛չ թէ միայն Քրիստոսի յարութեան լուրն է, որ կու տանք, այլ այդ մէկ նախադասութեամբ մեր Փրկիչի փրկագործական ծրագրի մասին է, որ կը վկայենք, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ Քրիստոսի յարութեան աւետիսը տալ, եթէ նախ եւ առաջ ծանօթ չըլլայ Քրիստոսի կեանքին, Քրիստոսի իրագործած առաքելութեան, Քրիստոսի կրած չարչարանքներուն եւ տառապանքներուն, խաչելութեան ու մահուան: Միայն ա՛ն քրիստոնեայ հաւատացեալը կրնայ Ճշմարիտ կերպով յարութեան աւետիսը տալ, ով գիտակ է այս ամէնուն եւ գիտակ ըլլալէ աւելին հաղորդ է այդ ամէն ինչին ու աւելին՝ կրողն է այդ ամէնուն: Որովհետեւ գիտակ ըլլալը միայն թերեւս բաւարար չէ, որ մարդ կարենայ արտայայտուիլ այդ մասին, այլ՝ պէտք է այդ բոլորին կրողը ըլլայ եւ այդ բոլորը ապրի: Իսկ ինչ կը վերաբերի պատասխանին՝ «Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի», դարձեալ ոչ ոքի համար կրնայ օրհնեալ ըլլալ Քրիստոսի յարութիւնը, եթէ նախ եւ առաջ ճանչցած ու ընդունած չըլլայ զՔրիստոս որպէս Տէր եւ Աստուած, որպէս Փրկիչ ու Կենդանարար: Արդարեւ, Քրիստոսի յարութիւնը օրհնեալ է անով, որ կամուրջն է, որով հաւատացեալ մարդը պիտի անցնի տիրանալու համար յաւիտենականութեան: Առանց այդ կամուրջին հնարաւոր չէ, որ մարդ կարենայ հասնիլ ու տիրանալ յաւիտենականութեան: Առ այդ, երբ յարութեան աւետիսին ի պատասխան կ՚ըսենք՝ «Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի», ատով առաջին հերթին կը փառաբանենք մեր Տիրոջ յարութիւնը, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Անոր Իր իրագործած փրկագործական ծրագիրին համար եւ երկրորդ, մենք մեզի է, որ կ՚աւետենք, որովհետեւ Քրիստոսի յարութեամբ մենք եւս յարութիւն կ՚առնենք, եւ Քրիստոսի յարութիւնը օրհնեալ է, որովհետեւ օրհնութիւն կը բաշխէ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան ու կ՚ապրին այդ յարութեամբ եւ յարութեան յոյսով: Արդարեւ, Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար. որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքովը յարութիւն առաւ մեռելներէն, այնպէս ալ մենք կեանքի նորոգութեան մէջ պտըտինք» (Հռ 6.4):
Այսօր, դժբախտաբար արժէքներն ու արժեչափերը փոխուած են: Եթէ անցեալին քրիստոնեայ հաւատացեալները որեւէ յիշատակութիւն կամ տօն, ընդ որում մեր Փրկիչին Ծնունդն ու Յարութիւնը խորքային կերպով կը նշէին՝ հոգեւոր լիցքեր ստանալով եւ իրենց հաւատքը ամրացնելով, այսօր սակայն այդ բոլոր խորքային արժէքները փոխուած են եւ անոնց տեղ յառաջ եկած են երեւոյթն ու մակերեսայնութիւնը: Այսօր մարդիկ ո՛չ թէ Քրիստոսի յարութիւնն է, որ կը յիշատակեն, այլ՝ պատմական սովորական տօն մը, ինչպէս միւս բոլոր պատմական տօները: Այսօր, Քրիստոսի յարութեան տօնը կեանքի եւ յաւիտենականութեան խորհրդանիշ ըլլալէ աւելի, վերածուած է կերուխումի, հագուկապի սովորութեան. մարդիկ այսօր աւելի սկսած են ուշադրութիւն դարձնել, թէ ի՛նչ պէտք է ուտեն զատկուան խթման, ի՛նչ պիտի հագնին զատկուան օրը, իրենց մազերն ու մատները ինչպէ՛ս պէտք է հարթարեն, քան՝ մտածեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հանդիպին Յարուցեալ Փրկիչին, թէ ինչպիսի՛ հոգեվիճակի մէջ պէտք է ըլլան: Աւելի՛ն. անոնք, որոնք մանաւանդ մինչեւ Յարութիւն պահեցողութիւն կատարած են, այդ օր կը մոռնան ամէն ինչ եւ աշխարհիկ հոգերով կը ծանրաբեռնեն իրենք զիրենք, այն ինչ պէտք է հոգեւորապէս պատրաստ ըլլան դիմաւորելու Տիրոջ յարութեան աւետիսը եւ հոգեւոր բաւարարութիւն զգան: Այս բոլորը իրենց տեղը կը գտնեն, եթէ յանկարծ մենք հասկնանք Տիրոջ յարութիւնը աւետող խօսքերուն խորքն ու էութիւնը, ապրիլ այդ բառերը, որպէսզի ճշմարիտ կերպով կարենանք ընդունիլ յարուցեալ Փրկիչին եւ Իր հետ յարութիւն առնենք:
Այս բոլորէն անդին, իւրաքանչիւր հաւատցեալ քրիստոնեայ, պէտք է ինքն իրեն հարց տայ, թէ ի՞նչ ստացանք յարութեան այս տօնին: Կրնայ ըլլալ շատերուն համար զարմանալի թուի այս հարցումը, մինչ շատ կարեւոր հարցում մըն է, որովհետեւ ո՛չ թէ սովորական հարցում մըն է, այլ կեանք պարգեւող հարցում մըն է, անշուշտ եթէ պատասխանը Աստուծոյ կամքին համապատասխան ըլլայ: Կարեւոր է եւ կեանք պարգեւող է, որովհետեւ հարցումին տրուելիք պատասխանը ո՛չ թէ դասագիրքէ կամ ձեռնարկէ մըն է, այլ՝ պատասխանը նոյնինքն մեր ապրած կեանքէն է: Բնականաբար մենք մեզ կրնանք աշխարհին ցոյց տալ այլ կերպ, քան՝ ինչ որ ենք իրականին մէջ, սակայն, երբ մենք մեզի հետ առանձնանանք ու փորձենք անկեղծանալ, ահա այն ատեն է որ ի յայտ կու գայ մեր իսկական ինչութիւնը:
Առ այդ, երբ վերոնշեալ հարցումը մենք մեզի հարցնենք եւ փորձենք կատարեալ անկեղծութեամբ պատասխանել հարցումին, կը ստանանք այնպիսի պատասխան, որ ո՛չ թէ մեզ գոհացնող կ՚ըլլայ անպայման, այլ՝ պատասխան, որ ցոյց կու տայ մեզի ուղիղ ճանապարհը, որ մեզ կրնայ առաջնորդել դէպի յաւիտենականութիւն, դէպի Յարուցեալ Փրկիչ, դէպի Յարութիւն:
Արդարեւ, վերստին կրկնենք հարցումը եւ փորձենք գտնել պատասխաններ, որոնք կրնան մեզմէ շատերուն մօտ ըլլալ: Ի՞նչ ստացանք Յարութեան տօնին:
Առաջին հերթին Քրիստոսի լոյսն է, որ ստացանք: Ի՞նչ կը նշանակէ «Քրիստոսի լոյս»: Յովհաննէսի աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ես իբր լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ Ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ» (Յհ 12.46). Քրիստոս Ինքզինք որպէս լոյս կը ներկայացնէ այստեղ, եւ յարութեան պատկերներուն մէջ յաճախ կը տեսնենք զօրաւոր լոյսի պատկեր: Աւելի՛ն. Քրիստոս կ՚ըսէ, թէ «ո՛վ որ Ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ», որով Քրիստոսի յարութեամբ մենք խաւարէն է, որ կ՚ազատագրուինք եւ Լոյսի մէջ կը մտնենք՝ ապրելու համար այնտեղ յաւիտեան:
Երկրորդ, Քրիստոսի յարութեամբ մեր մեղքերէն է, որ ազատագրուեցանք: Արդարեւ, յարութիւնը կանխող քառասունութ օրերու ընթացքին, քրիստոնեայ հաւատացեալները պահեցողութիւն կը կատարեն, պատրաստուելու համար Յարութեան տօնին: Պահեցողութիւնը ոչ այլ ինչ է, եթէ՝ մաքրման ու սրբացման միջոց կարենալ ընդունելու եւ հանդիպելու Աստուծոյ: Բնականաբար երբ պահեցողութիւն կ՚ըսենք, այստեղ նկատի չունինք սոսկ ֆիզիքական պահեցողութիւնը, այլ աւելի՛ն՝ հոգեւոր պահեցողութիւնը, որովհետեւ ինչպէս Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը յաճախակի կերպով իրենց գրութիւններուն մէջ կ՚անդրադառնան, ֆիզիքական պահեցողութիւնը ոչինչ կրնայ տալ մարդուն, եթէ անոր չընկերանայ հոգեւոր պահեցողութիւնը: Իսկ ի՞նչ է հոգեւոր պահեցողութիւնը, եթէ ոչ հեռու մնալ մեղքէն իր բոլոր տեսակներովը եւ մօտենալ աստուածավախութեան եւ առաքինութեան:
Երրորդ, Քրիստոսի յարութեամբ ստացանք ա՛յն կայուն կամուրջը, որուն եթէ հաւատարիմ մնացինք, առանց փորձանքի պիտի յաջողինք հասնիլ խաղաղ նաւահանգիստ: Բնականաբար քրիստոնեային համար խաղաղ կեանք չկայ աշխարհին վրայ, եթէ ան խարսխուած չըլլայ խաղաղութեան Իշխանին՝ Քրիստոսի վրայ, եւ Քրիստոս Իր յարութեամբ այդ խարիսխն է, որ տուաւ իւրաքանչիւր ճշմարիտ հաւատացեալի: Սակայն, ինչպէս նշեցի պէտք է հաւատարիմ մնանք եւ չկասկածինք: Պետրոս Առաքեալին օրինակը վերյիշենք, թէ ինչպէս երբ գիշերով Քրիստոս ջուրին վրայէն քալելով մօտեցաւ իրենց նաւակին, Պետրոս ըսաւ. «եթէ իրօք Դուն ես, թոյլ տուր որ Քեզի մօտ գամ», եւ նաւէն իջնելով քայլելով սկսաւ մօտենալ Յիսուսի, սակայն յանկարծ երկմտեցաւ, որու արդիւնքով սկսաւ ընկղմիլ, սակայն Քրիստոս ձեռքը երկարեց եւ ազատեց զայն: Նոյնն է նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին պարագան, Քրիստոս խարիսխին վրայ հաստատուելէ ետք կրնայ ըլլալ որ երբեմն-երբեմն տկարանանք ու սկսինք ընկղմիլ, սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ Քրիստոս միշտ մեր կողքին է կանգնած եւ Իր ձեռքը երկարած է դէպի մեզ՝ օգնելու ու փրկելու համար մեզ:
Չորրորդ, Քրիստոսի յարութեամբ նուիրուածութեան գերագոյն դասը ստացանք: Քրիստոս, հակառակ որ Աստուած էր եւ այս ամբողջ տիեզերքի եւ մեր՝ մարդոց Արարիչն է, սակայն մեր սիրոյն հաճեցաւ պահու մը համար աշխարհ գալ, մարդանալ, որպէսզի փրկէ մեզ կորուստէ եւ առաջնորդէ դէպի յաւիտենականութիւն: Իր յարութեամբ արդարեւ նոյն բանը կը թելադրէ ընել նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին: Յիշենք Իր տուած նոր պատուիրանը. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յհ 13.34-35): Արդարեւ, Քրիստոս Իր տուած այս նոր պատուիրանով յստակ կերպով ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս պէտք է Իրեն նմանինք եւ չվարանինք մեր անձերը զոհելէ՝ յանուն մեր նմանին: Ահա ա՛յս է Յարութեան սորվեցուցած գլխաւոր դասը՝ սիրել նմանը եւ նոյնիսկ եթէ զոհուիլ պէտք ըլլայ նմանին համար՝ չվարանիլ։
Տակաւին բազմաթիւ են այն պարգեւները, զորս Յարութեան այս հրաշափառ տօնին ստացանք եւ կը շարունակենք ստանալ: Սակայն, մեծագոյն պարգեւը, զոր ստացած ենք Յարութեան տօնին այն է՝ աւետել Քրիստոսի յարութիւնը՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» եւ օրհնել Անոր յարութիւնը եւ յայտարարել մեր յարութեան մասին եւս՝ «Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի», եւ ի վերջոյ այդ ուրախութիւնը բաժնեկից դարձնելու նաեւ մեր շրջապատին՝ «Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 3 Ապրիլ 2018