ԸՆԹՐԻՔԻ ՀՐԱՒԻՐԵԱԼՆԵՐ - Բ -
Երբ կը խօսուի «Ընթրիք»ի մասին՝ Յիսուսի «Մեծ Խնճոյք»ի առակին առիթով, կը մտաբերուի Կիւրեղ Մեծը, որ կ՚ըսէ. «Մեր երկնաւոր Հայրը Ի՛նքն է, որ մարդոց համար կը պատրաստէ (կը պարգեւէ) այն շնորհները, որ Իր Որդիին միջոցով տրուեցան բոլորին, որոնք են՝ մեղքերու թողութիւն, Սուրբ Հոգիի հաղորդակցութիիւն, որդեգրութիւն եւ երկինքի արքայութիւն, Քրիստոս բոլոր ազգերէն առաջ նախ Իսրայէլը հրաւիրեց իր օրհնութիւններուն՝ Աւետարանի միջոցով»։
Առակին մէջ (ՂՈՒԿ. ԺԴ 15-24) երեք անձեր տարբեր պատճառաբանութիւններով եւ պատրուակներով կը մերժեն հրաւէրը։
Առաջինը կ՚ըսէ. «Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն…», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 18), ուստի «արտ»ը աշխարհը կը խորհրդանշէ։ Արտ գնողը՝ աշխարհին կապուած մարդն է, որ չի կրնար ընդառաջել Աւետարանի հրաւէրին, հրեաները կ՚ակնկալէին երկրային Թագաւորութիւն։ «Երթամ» եւ «տեսնեմ» գործողութիւն ցոյց տուող բառերը կը ներկայացնեն այն մարդիկը՝ որ կը գործեն աշխարհի եւ աշխարհայինի համար, որոնք բոլորովին կուրացած են հոգեւոր ճշմարտութիւններու նկատմամբ։
Միւս հրաւիրեալը կ՚ըսէ. «Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք…», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 19)։ Այս ալ, աշխարհային ցանկութիւններով եւ մտահոգութիւններով եւ գործերով տարուած մարդն է, ինչպէս՝ արտ գնող մարդը աշխարհի եւ աշխարհայինի կապուած է։ Եզը կը խորհրդանշէ աշխարհային աշխատանքը, գործերը, մտահոգութիւնները, ցանկութիւնները, փափաքները, եւ այլն։
Իսկ երրորդը կ՚ըսէ. «Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 20)։
Եթէ առաջին երկուքը ըսին, որ «ներողամիտ գտնուին», այս երրորդը ըսաւ միա՛յն «չեմ կրնար գալ»։ Ուրեմն ո՛չ թէ չէր կրնար գալ որեւէ պատճառով, այլ պարզապէս չէ՛ր ուզեր գալ։ Եթէ մարդ «կարող չէ» ընդառաջել արքայութեան հրաւէրին, ապա մեղադրելի կ՚ըլլայ Աստուած՝ հրաւիրողը, իսկ եթէ մարդ «չուզէր» ընդառաջել այդ հրաւէրին, ապա ի՛նքն է մեղադրելին։
Հոս պէտք է նշել, թէ հրաւէրը ընթրիքի համար է, այսինքն օրուան աշխատանքէն եւ զբաղումներուն աւարտին, ապա ուրեմն արտ եւ եզ գնել եւ անոնց հետ հետաքրքրուիլ արգելք չէ՛ հրաւէրին ընդառաջելու։ Ամուսնութիւնն ալ արգելք չէ Քրիստոսի հրաւէրը ընդունելու համար, քանի որ ամուսնութիւնը կ՚օրհնուի Աստուծոյ կողմէ։ Բայց ճշմարտութիւնը այն է, որ ընտանեկան զանազան խնդիրներ, անհաճոյ եւ անլուծելի հարցեր, խռովութիւններ եւ հարազատներ եւ ազգականներ կրնան արգելք հանդիսանալ՝ որ մենք ընդառաջենք հրաւէրին եւ հետեւինք Աստուծոյ։ Արդարեւ, երբեմն ճշմարտութիւնը կը խափանուի արտաքին պատճառներով եւ ուրիշներու միջամտութեամբ։
Առակին մէջ «ամուսնութիւն» բառը կարելի է հասկնալ եւ մեկնաբանել նաեւ որպէս «աշխարհի հետ ամուսնութիւն», այսինքն սերտօրէն եւ հաւատարմօրէն կապուած ըլլալ աշխարհայի՛նին։
«Ծառան վերադարձաւ եւ իր տիրոջ պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն տանտէրը վրդոված՝ ըսաւ ծառային.- Ան-միջապէս քաղաք գնա՛ եւ հրապարակներուն եւ փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 21)։
Ծառային վերադարձը իր տիրոջ, յիշեցումն է մեզի, որ «հոգեւոր առաքելութեան մէջ կանչուած ամէն անհատ օր մը պիտի կանգնի, պիտի ներկայանայ Քրիստոսի ատեանին առջեւ եւ հաշիւ տայ իր ըրած եւ չըրած գործերուն համար։ Արդարեւ, անտարբերութիւնը պիտի դատապարտուի ի վերջոյ, քանի որ անտարբերութիւնը մարդս կը տանի անգործութեա՛ն։
«Տէր»ը՝ Քրիստոս, կը վրդովի եւ տրտում է, որ հրեաները մերժեցին ընդառաջել փրկութեան կոչին։ «Քաղաք»ը Երուսաղէմն է, ուր փրկութեան հրաւէրը առաջին անգամ ա՛յստեղ էր, որ պիտի հնչէր եւ տարածուէր դէպի «հրապարակները՝ եւ փողոցները», ապա դառնար սեփականութիւնը ամբողջ Հրէաստանի, Սամարիայի եւ համայն աշխարհի։
«Հրապարակ», «փողոց», «աղքատ», «խեղանդամ», «կաղ» եւ «կոյր» բառերը կը պարզեն այն՝ որ հասարակ խաւը, ուրիշ խօսքով՝ «աղքատ» եւ «նուազ ուսեալ» խաւին պատկանող հրեաներու մէկ մասը ընդառաջեց արքայութեան հրաւէրին, իսկ մերժողները եղան ընդհանրապէս ուսեալ եւ հարուստ մարդիկ, առաջին հերթին՝ փարիսեցիներ եւ օրէնքի ուսուցիչներ։
Աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր մարդիկ հեթանոս աշխարհը կը խորհրդանշեն՝ որ կոյր եւ անտարբեր են հոգիով։ Անոնք շուտով կ՚ընդառաջեն արքայութեան հրաւէրին, քանի որ կապուած չեն աշխարհի՝ նիւթականով։
Ծառան կը վերադառնայ, եւ Տիրոջը կ՚ըսէ, թէ կատարած է իր հրամանը, եւ տակաւին տեղ կայ։ Տէրն ալ կ՚ըսէ ծառային, որ ճամբաներու վրայ, դաշտերու մէջ ո՛վ որ գտնէ, ստիպէ, որ գան, որպէսզի տունը լեցուի։ Ճամբաներու վրայ եւ դաշտերու մէջ գտնուող մարդիկ «հեթանոս»ներն են, «ստիպել» կը նշանակէ. համոզել՝ որ գան ընթրիքի, քանի որ «Փրկութիւնը… Աստուծոյ պարգեւն է», (ԵՓԵՍ. Բ 8)։
«Որ տունը լեցուի», Աստուծոյ սիրոյն արտայայտութիւնն է՝ մարդոց հանդէպ։ «Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ». առաջին հրաւիրուածները փարիսեցիներ եւ օրէնքի ուսուցիչներ էին, բայց ասիկա բացարձակ իմաստով կարելի չէ հասկնալ, անոնցմէ օրինակ՝ Նիկոդեմոսը (ՅՈՎՀ. Գ 1-4), Պետրոս Առաքեալը (ՓԻԼԻՊ. Գ 5) եւ նոյնիսկ քահանաներ (ԳՈՐԾ. Զ 7) հաւատացին Յիսուսի եւ ընդառաջեցին հրաւէրին…։
Օգտուեցանք մեծ մասամբ՝ Վաղինակ Վրդ. Մելոյեանի «Յիսուս Քրիստոսի առակներու բացատրութիւն»ը ուսումնասիրութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 28, 2018, Իսթանպուլ