ԽՈՀԵՐ՝ ԿԱՐՕՏԻ ՇՈՒՐՋ
Ինքնաշարժը կը յառաջանայ: Բնութիւնը արագ շարժումներով կարծես կը սուրայ ինքնաշարժին հակառակ ուղղութեամբ: Երկու կողմերէն ծառերուն նորածիլ ճիւղերը, տակաւին մերկ ու անհոգի կը թուին, մինչ լեռնաշղթաները թեւաբաց կը դիմաւորեն ինքնաշարժը գեղեցիկ խճանկարներ գծելով: Լեռնագագաթներուն ձիւներու մնացորդները տեղ-տեղ գծագրութիւններ կը պարզեն՝ մէկ լերան գագաթին նախիր մը թափած է կարծես, միւսին՝ հօտ մը, երամակ մը...: Ահա Արան իր ամբողջ հասակովը երկնցած, աչքերը երկնքին, կը դիտէ ամպերը, որոնք մերթ կը մթագնին, մերթ պայծառ բամպակներու դէզերու պէս կը սահին երկնակամարին վրայ: Դէմը՝ Արագածը իր գագաթները ցցած, ալեհեր չորս ընկերներու նման, կը նայի Արային, կը խօսակցին անոնք կարծես, կը պատրաստուին, գարնան այս օրերուն, դիմաւորելու նոր զբօսաշրջիկներ:
Տեսարանին գեղեցկութենէն հմայուած կ՚ուզեմ լուսանկարով մը անմահացնել պահը, մինչեւ առձեռնս պատրաստեմ, կը չքանայ տեսարանը. կ՚ափսոսամ աւելի կանուխ չշարժելուս, ինչպէս կեանքի առիթներուն չքացումէն ափսոսացող մը:
Որքան արագ է կեանքին գնացքը, տարիները կը սահին, կ՚երթան՝ «Արդեօք ի՞նչ իրականացուցինք այս վազվզուքին ընթացքին, նպատակ մը կարողացա՞նք իրականութեան վերածել, եթէ ոչ, արդեօք պիտի կարենա՞նք բան մը գլուխ հանել գալիք տարիներուն», կը խորհիմ պահ մը ուղեկից բարեկամներէս մեկուսանալով. «Պիտի կարօտնամ այս պահերը», կ՚ըսէ յանկարծ բարեկամ մը մտածումներէս խլելով զիս ու նետելով այս անգամ աւելի անդնդայինի մը մէջ՝ ԿԱՐՕՏ:
Ի՞նչ է կարօտը, երբ միշտ անցեալին վերաբերող բաներն են կարօտալի, անցեալինը կարելի՞ է վերագտնել, կարելի՞ է վերապրիլ. ամէն ինչ փոփոխական է, նոյնիսկ այս ծառերը նոյն ծիլերը չեն արձակեր գալիքին. նոյնիսկ ձնծաղիկը դուրս չի ցցեր իր գլուխը հողին նոյն տեղէն. նոյնիսկ հարազատդ, արիւնակիցդ փոխուած կը գտնես, երբ ժամանակաշրջան մը ետք տեսնես զայն: Բայց դուն իր գալուն աւետիսը ստացածիդ պէս կը պատրաստուիս, կը յիշես իրեն հետ ապրածդ, բառերը, նախադասութիւնները կը կրկնուին յիշողութեանդ պաստառին վրայ գծագրելով նոյն պահերը. կը հրճուիս, կ՚երջանկանաս պահ մը ու կը նախապատրաստես ինքզինքդ այդ նոյն պահերը ապրելու, վայելելու...:
Կը ծրագրես այցելութիւններ, ճաշերու ցանկեր կը պատրստես օրերուն համեմատ, իր նախասիրութիւնները մէկիկ-մէկիկ կը վերյիշես ու անցեալէն աւելի համովը, աւելի լաւը կ՚որոշես հրամցնել իրեն, բայց այդ աւելի համովին ու աւելի լաւին մէջ դուն անգիտակցաբար բան մը կը փոխես, նոյնը չէ, այլ ուրիշ բան մը, նորութիւն մը կ՚ուզես հրամցնել, առանց անդրադառնալու այդպիսով քու իսկ մէջդ կատարուած փոփոխութեան:
Ի՛նչ է կարօտը. անցեալին կապող թել մը, ուր դուն էութեամբ ուրիշ էիր, աւելի երիտասարդ թերեւս, աւելի խանդավառ, աւելի աշխոյժ, քանի շրջապատուած էիր հարազատներով, սիրելիներով, քանի չէիր գիտեր բացակայութեան, օտարութեան դառնութիւնը, քանի կ՚ապրէիր առօրեադ, օրդ առանց յուզումի, առանց յիշատակներու կառչած ըլլալու:
Կարօտը էութեանդ կը վերաբերի, կը կարօտնաս դուն քեզ ու կը յուսաս ըլլալ նոյնը երբ անցեալէն կարօտի թելի մը՝ անձի մը, հարազատի մը գալուն աւետիսը կ՚այցելէ քեզի: Աւետիսին հետ հրճուանքն է, որ կը համակէ ամբողջ էութիւնդ. հրճուանքը, որ մտապատկերիդ անուններուն առընչուող կարօտներու թելերէն մէկը կը քակէ, թելերը, որոնք ժամանակի ընթացքին բազմացան մէկը եղաւ երկու, երեք, ...հարիւր, ու ագուցուելով հիւսուեցաւ կրակէ շապիկը կարօտին:
Դառն է կարօտը, մանաւանդ երբ հանդիպումէն ետք աչքերդ սեւեռած կը մնան հոն, սեղանին վրայ մնացած կտոր մը թուղթին, որ քիչ առաջ քաշելով հանեցիր ճամբորդին պայուսակին վրայէն, օդանաւակայանին մէջ նորին տեղը պատրաստելու: Դառն է կարօտը ու անոր երախը միշտ բաց, հիները չմարսած նոր կարօտներ կուլ տալու:
Բայց ո՞վ չունի կարօտ իր սրտին, հոգւոյն մէջ. դառնութենէն բացի յոյս ալ է կարօտը, երկու զոյգ սիրազեղ աչքերէն ճառագող հուրին մէջ թաքուն լոյս մըն է նաեւ կարօտը, վերստին միանալու, վերստին սիրել ու սիրուելու յոյսն է, որ կը թեթեւցնէ կարօտի հուրին այրուցքը, ջանքը կը միանայ յոյսին ու կարօտի թելերուն վրայ թնճուկներ չգոյացած միացումի հեռանկարին հասնելու ճիգ մը կ՚ուրուագծուի սիրահարներուն մտապատկերին մէջ եւ եռեակը՝ սէրը, ջանքն ու կարօտը կ՚օժանդակեն կամքին, համբերութիւնն ալ կը միանայ ու ջանքին առաջնորդութեամբ կը յառաջանան մինչեւ յաջորդ հանդիպում, մինչեւ անորոշութեան ծովուն վրայ տատանող այս սիրոյ նաւը գտնէ ափ մը հանգչելու:
Կարօտը նաեւ ձայն է, գիր ու պատկեր մեքենայական, անհոգի, բարեւի մը մէջ ալ է ան, երբ յանկարծ կը ճչայ առձեռնդ տեղեկացնելով նամակի մը մասին, ու դուն կեանքով կը լեցուիս՝ «Արդեօք ո՞վ յիշեց զիս», կը խօսիս բարձրաձայն: «Յիշեց»ին մէջ արդէն կուտակած ես անցեալը, կարօտը, հրճուանքն ու յոյսը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ