ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐ ՇԱՒԱՐՇ ՔՈՉԱՐԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՇԻ-ՈՒՇՈՎ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Երեւան հետեւութիւններ կ՚ընէ Ռուսաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու գործընթացին շուրջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շաւարշ Քոչարեան երէկ Հայաստանի կառավարութեան ժողովէն վերջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ փոխ-նախարարը յայտնեց, որ Հայաստան կը հետեւի Ռուսաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու գործընթացին եւ կը կատարէ հետեւութիւններ։ Այս անդրադարձը կը վերաբերի նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կատարած վերջին այցելութեան։

«Իւրաքանչիւր պետութիւն կ՚առաջնորդուի իր շահերով։ Տուեալ պարագային աւելի շատ է միտումը, թէ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի շահերը կը համընկնին։ Մենք պէտք է հաշուի առնենք այս բանը, ուշի ուշով հետեւինք։ Տուեալ փուլին գոյութիւն ունի անոնց շահերու համընկման աւելի մեծ դաշտ մը», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան՝ միեւնոյն ժամանակ խորհուրդ տալով եզրակացութիւններու մէջ յառաջ չերթալ։ Արդարեւ, սա գործընթաց է, կրնան պատահիլ հակասութիւններ ու կրնան ըլլալ պահեր, երբ մերձեցում կը յառաջանայ։ Ի հարկէ, Երեւան կը հետեւի այդ բոլորին ու կը կատարէ իր հետեւութիւնները։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 6, 2018