ԴՐԱԿԱՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Երէկ, Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցան կարեւոր հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան համայնքային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերը։ Այսպէս, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օրուան տեւողութեան հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանը եւ ընկերները, ինչպէս նաեւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանը։ Դրական լուծման մթնոլորտով տեղի ունեցան հանդիպումներ։
ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՀԱՐՑԵՐԸ
Համայնքային շրջանակներէն ներս վերջերս հետզհետէ արձագանգ գտան Պէյօղլուէ ներս առկայ խնդիրները։ Պատրիարքարանի Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին եւս այս խնդիրը եկաւ օրակարգի վրայ։ Այս մթնոլորտին մէջ Աբիկ Հայրապետեան եւ ընկերները այցելեցին Պատրիարքարան։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այցելութեան նպատակն էր Պատրիարքական Աթոռը լուսաբանել թաղային խորհուրդի առկայ ներքին հարցերուն մասին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այն շշուկներուն եւ ըսի-ըսաւներուն, որոնք շրջանառութեան մէջ մտած են համայնքէն ներս։
Հարցը խորքին մէջ այն է, որ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի անդամներուն միջեւ ծագած են ներքին տարաձայնութիւններ, որոնք որոշ առումներով անդամալուծութեան եզրին կը հասցնեն աշխատանքային մթնոլորտը։ Նորին սրբազնութեան հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին անոնք խոստովանեցան, որ թէեւ եկեղեցիէն ներս կան հարցեր, սակայն այդ բոլորը լուծելի են եւ իրենցմէ իւրաքանչիւրը ամէն ջանք կը գործադրէ՝ բարօրութեան ու խաղաղութեան հասնելու համար։
Թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Թոքաթլեան խանի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Անոնք անդրադարձան անցեալի, ներկայի եւ ապագայ ծրագրերուն։ Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ երբեմնի Պէզազեան վարժարանի շէնքին վիճակը։ Թաղականները այս նիւթին շուրջ եւս փոխանցեցին մանրամասնութիւններ։ Գումգաբուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ թաղականները խոստովանած են ի մօտոյ հարթել հարցերը, որոնք ծագած են Պէյօղլուէն ներս։
Իր կարգին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Ան պահանջեց, որ մեր համայնքի խաղաղութեան ու վերելքին տեսակէտէ հարկաւոր են շուտափոյթ լուծումներ։ Ան թաղային խորհուրդի անդամներուն յղեց իր օրհնութիւնները եւ անոնց գործունէութեան համար մաղթեց յաջողութիւն եւ կարողութիւն։
Այս առաւօտ սոյն տեսակցութեան կապակցութեամբ հեռաձայնային կապ հաստատեցինք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Ան ամփոփ գիծերու մէջ քանի մը յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց երէկուան այս հանդիպման շուրջ եւ բացատրութիւններ տուաւ իր մօտեցումներուն մասին։ Նորին սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց, որ երէկ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի անդամներուն նախ հայրաբար յորդորած է վերահաստատել միասնականութիւնն ու ներքին ներդաշնակութիւնը։ Ապա, նորին սրբազնութեան մօտեցումը այն է, որ մեր համայնքի խնդիրները պէտք է լուծուին արդարութեան հիմքով, առանց եկեղեցապատկան ստացուածքը կռուախնձորի վերածելու։ «Մեր համայնքային հաստատութիւններուն միջեւ պէտք է բարձրանայ զօրակցութեան մակարդակը», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ աւելցուց, որ բոլորը պատրաստակամ պէտք է ըլլան իրենց հնարաւորութիւնները բաժնելու եւ համայնքին կարելիութիւնները արդարութեան ու հաւասարութեան սկզբունքով պէտք է օգտագործուին՝ բարձր արդիւնաւէտութեամբ։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՏԵԱՆԻ ԱՅՑԸ
Միւս կողմէ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց նաեւ Լեւոն Շատեանը։ Վերջին շրջանին Պատրիարքական Աթոռի եւ Կղզեաց թաղային խորհուրդին միջեւ յարաբերութիւնները որոշ չափով տկարացած են։ Այս ամբողջին մէջ դեր ունի նաեւ հոգեւոր հովիւի փոփոխութեան ուղղեալ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութիւնը։ Այս իրավիճակին մէջ, ընդհանուր փոխանորդն ու Լեւոն Շատեան երէկ ունեցան շինիչ խորհրդակցութիւն մը՝ որպէսզի առկայ հարցերը յաղթահարուին եւ յարաբերութիւնները վերադառնան իրենց բնականոն հունին։ Թէ՛ նորին սրբազնութիւնը եւ թէ թաղային խորհուրդի ատենապետը կողմնակից էին, որ անհրաժեշտ գետինը պատրաստուի՝ որպէսզի մերձակայ ամրան եղանակին բնականոն ծաւալին կղզիներէ ներս աւանդական գործունէութիւնները։ Լեւոն Շատեան յայտնեց, որ համամիտ է, անցեալին ակամայ պատահած են կարգ մը սխալներ եւ այդ կապակցութեամբ ապաւինեցաւ նորին սրբազնութեան հայրական մերձեցման ու ներողամտութեան։ Ան միեւնոյն ժամանակ մանրամասնեց, թէ յառաջիկայ ամրան համար ինչպիսի ծրագրեր մշակուած են եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։ Ատենապետ Շատեանի հիմնական պահանջն էր՝ հոգեւոր հովիւի նշանակման հարցը փութով լուծել, որպէսզի կարելի ըլլայ կղզեբնակ հաւատացեալ ժողովուրդին ծառայութիւն մատուցել ըստ նախընթացին։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լեւոն Շատեանի այցելութեան համար ու բարձր գնահատեց անոր շինիչ կեցուածքը։ Ընդհանուր փոխանորդը խոստովանեցաւ, որ պիտի փորձէ լաւագոյն տնօրինումը կատարել՝ գոհացում տալու համար կղզեբնակ մեր ժողովուրդի պահանջներուն։ Զրոյցի աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Լեւոն Շատեանին փոխանցեց իր օրհնութիւնները՝ յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ յղելով նաեւ իր գլխաւորած թաղային խորհուրդի գործունէութեան համար։
Թրքահայ կեանք
- 12/02/2024