ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՍԱՐՔՈՒԱԾ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՍԵՂԱՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Ս. Զատկի առթիւ կազմակերպուեցաւ մնայուն բնակիչներու աւանդական սեղանը։ Ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի ջանքերով կազմակերպուած այս հաւաքոյթին ընթացքին Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ ջերմօրէն շնորհաւորելով մնայուն բնակիչներուն եւ հիւանդանոցի ամբողջ անձնակազմի տաղաւարը։
Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան օրհնեց սեղանները, որոնց շուրջ համախմբուած էին հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, պաշտօնէութենէն դէմքեր, բժշկական կազմէն անդամներ եւ մնայուն բնակիչներ։
Բոլոր ներկաները բարձր տրամադրութեան մէջ էին՝ Ս. Զատկուան աւանդական հաւկթամարտերուն ժամանակ։ Ներգրաւուած էին նաեւ ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Ճաշկերոյթին զուգահեռ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր, որով բոլորը ունեցան հաճելի ժամանց՝ որպէս սեղանակիցներ։