ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿԱԼԱ
Երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ թատրոնի ոգեւոր կալա մը։ Միութեան թատերախումբը կը ներկայացնէ «Mutlu Noeller» անուն խաղը, որ մէկ արարէ բաղկացեալ զաւեշտ մըն է։ Բեմադրիչն է Սելին Թիւյսիւզ, որ միեւնոյն ժամանակ բեմագրութեան հեղինակն է։ Դերակատարներն են՝ Սելին Թիւյսիւզ, Քեւըն Արիս Քարաքուշ, Լարիսա Հըզար, Տիգրան Փեշտեմալճըկիլ, Մուրատ Հըզար, Թամէր Չընարճըք, Արտա Մելէք եւ Գարին Չեթին։
Կալային ներկայ գտնուեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեան, մեր դերասաններէն յայտնի դէմքեր եւ թատերասէրներ։
Հանդիսատեսները ջերմ ծափողջոյններու առարկայ դարձուցին թատերախումբի անդամները։ Ներկայացման աւարտին Սելին Թիւյսիւզ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան հակիրճ խօսքով մը։
Կալայէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին թատերախումբի անդամները։