ՈՒԽՏԸ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ (Դ.)

«Ո՛Վ ՏԷՐ ԵՀՈՎԱ, ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳԻՏՆԱՄ ԹԷ ԵՍ ԶԱՆԻԿԱ ՊԻՏԻ ԺԱՌԱՆԳԵՄ» (ԾՆ 15.8)

Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ խոստումին։ Այս հարցումը կասկածամտութեան արդիւնք չէ։ Աստուած Աբրահամի ըսաւ. «Ես եմ Տէրը, որ քեզ քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցի՝ այս երկիրը բերի, զայն քեզի իբր ժառանգութիւն տալու համար», Աբրահամ ըսաւ. «Ինչպէ՞ս պիտի գիտնամ»։

Ս. Գրային այլ դրուագներու մէջ ալ՝ ինչպէս Գեդէօնի (Տե՛ս Դտ 6.36-40) կամ Եզեկիայի (Տե՛ս Դ. Թգ 20.8-11), Աստուծոյ խնդրանքներ ներկայացուած են, եւ պատասխան ստացած՝ ոչ իբր արդիւնք անհաւատութեան, այլ՝ հաւատքը ամրապնդելու համար։ Այստեղ երեւութապէս միայն հակասութիւն մը կ՚երեւի «Աբրահամ հաւատաց» խօսքին եւ անկէ ետք անոր հարցումին, թէ «Ինչպէ՞ս պիտի գիտնամ»։

Աներկբայօրէն Աստուած Աբրահամի հարցումէն չվշտացաւ, որովհետեւ Աստուած անմիջապէս առարկայական հաստատում տուաւ, թելադրելով որ ան անասուններ պատրաստէ, որպէսզի Իր պաշտօնական ուխտը հաստատէ «հանդիսաւոր արարողութեամբ»։

Ինչպէս գիտենք, թէ ուխտ մը, օրինական եւ պաշտօնական կապակցութիւն մը կամ համաձայնութիւն մըն է։ Աստուած այս տեսակ առարկայական համաձայնութեամբ կնքուած ուխտ մը կը նախապատրաստէ։

ՈՒԽՏԻ ՆՇԱՆԸ՝ ԹԼՓԱՏՈՒԹԻՒՆ

Աստուծոյ ուխտի խոստումները միայն Աբրահամին սեփականութիւնը չէին, այլ նաեւ իր սերունդներուն։ Ասիկա մեզ կ՚առաջնորդէ կարեւոր հարցի մը. ինչպէ՞ս Աբրահամի սերունդները այդ խոստումները պիտի անձնաւորէին։

ՄԱՐՄՆԱՒՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԷՆ ԸԼԼԱԼԸ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԷ (ՀՄՄՏ. ՀՌ 9.6-7)

Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներուն նամակին մէջ կը զարգացնէ այն գաղափարը թէ, որպէսզի մէկը Աբրահամի խոստումները ժառանգէ, պայման չէ որ ան Աբրահամի զաւակ ըլլայ մարմնաւորապէս, այլ՝ հոգեւորապէս։

Աբրահամի հաւատքը արդարութիւն սեպուեցաւ։ Աստուած Աբրահամի արդար ըլլալը իր հաւատքով յայտնեց։ Ուստի, Պօղոս առաքեալ այն հաստատումը կ՚ընէ, թէ Աբրահամ հոգեւոր հայրն է բոլոր անոնց, որոնք նոյն օրինակով Աստուծոյ կը հաւատան, ըլլան անոնք քրիստոնեայ կամ հեթանոս։ «Թլփատութիւնը Աստուծմէ ստացաւ որպէս նշան եւ կնիք՝ անթլփատ վիճակի մէջ ցուցաբերած իր հաւատքով արդարացած ըլլալուն, որպէսզի ատով հայրը ըլլայ բոլոր անոնց՝ որոնք առանց թլփատուած ըլլալու կը հաւատան, որպէսզի անոնք եւս արդար համարուին, եւ նաեւ ըլլայ հայրը անոնց՝ որոնք թլփատուած են. բայց ո՛չ թէ պարզապէս թլփատուած ըլլալնուն համար, այլ անոնց՝ որոնք կ՚ընթանան նոյն հաւատքին հետքերով, որ մեր հայրը Աբրահամ ցուցաբերեց անթլփատ վիճակի մէջ» (Հռ 4.11-12)։

ԹԼՓԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻԲՐԵՒ ՆՇԱՆ «ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՒԽՏԻ» (ՀՄՄՏ. ԾՆ 17.9-14)

Աստուածաշունչին մէջ երեք տեսակ նշաններու կը հանդիպինք.

1- Հրաշագործութիւններ՝ իբրեւ համոզումի միջոց։

2- Մարգրաէութիւններ, որոնք ապագային պատահելիքները կը նկարագրեն։

3- Յիշողական նշաններ, որուն մէջ թլփատութիւնը կ՚իյնայ։

Թլփատութիւնը Աբրահամի ուխտի նշանն էր, որուն նպատակն է Իսրայէլի ժողովուրդին յիշեցնել, թէ անոնք Աստուծոյ ուխտի ժողովուրդն են։ Թլփատութիւնը հրեայ ժողովուրդին մէջ խիստ պարտադիր էր եւ պայման՝ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան, այլապէս ան ժողովուրդէն եւ Աստուծմէ կ՚անջատուէր։ Թլփատութիւնը նշան էր, որ թլփատուող անհատը Աստուծոյ կը հաւատար, որ Աբրահամի հետ խօսեցաւ եւ Իր ուխտը կնքեց։ Հետեւաբար, թլփատուողը ինքն ալ խոստումներուն մասնակից եւ ժառանգորդ էր։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒԽՏԸ ՄՈՎՍԷՍԻ ՀԵՏ

Ամէն ընտանիք պէտք ունի օրէնքի, որպէսզի ընտանիքը մնայ առողջ եւ զաւակները դիւրաւ եւ արագ կերպով հասունութեան հասնին։ Առանց օրէնքի, մէկու մը հասունացումը կը դանդաղի եւ իր նկարագրային կերտուածքը թիւր կը մնայ։ Նոյնն է պարագան Իսրայէլի ժողովուրդին։ Աստուած Աբրահամի սերունդը ընտրեց, որպէսզի Իր ժողովուրդը դառնայ։

Ժամանակն էր, որ Աստուած Իր օրէնքները Իսրայէլի ժողովուրդին յայտնէր, որպէսզի իրենց հաւատքին մէջ աճին եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնեն։ Նաեւ ժամանակն էր, որ Աստուծոյ Աբրահամին տուած Քանաանի երկիրը ժառանգելու խոստումը իրագործուէր, ինչպէս որ Աստուած Մովսէսին պիտի ըսէր. «Նաեւ անոնց հետ հաստատեցի Իմ ուխտս, որպէսզի անոնց տամ Քանաանի երկիրը», եւ ուստի Աստուած խոստացաւ. «Ձեզ այն երկիրը պիտի տանիմ, որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին տալու երդում ըրի՝ ու զայն ձեզի ժառանգութիւն ըլլալու պիտի տամ» (Ել 6.4,8)։

Մովսէս մօտաւորապէս երկու միլիոն ժողովուրդ Եգիպտոսէն դէպի Սինայի թերակղզին առաջնորդեց, եւ Աստուած Իր յարատեւ ներկայութիւնը ցոյց տը-ւաւ, ճեղքեց Կարմիր ծովը, մանանա հայթայթեց որ ուտեն եւ զիրենք ամպի եւ կրակի սիւնով առաջնորդեց։

Այդ սիւնը իսրայէլացիները առաջնորդեց դէպի Սինա լեռ եւ Աստուած այնտեղ Մովսէսի միջոցաւ Իր ժողովուրդին Իր Օրէնքը տուաւ, որպէսզի ժողովուրդը անով ապրէր։ Այդ Օրէնքը շատ անգամ ակնարկուած է Հին կտակարանի մէջ որպէս «Մովսիսական ուխտ», «Մովսէսի Օրէնք» եւ յաճախակիօրէն միայն «Օրէնք»։

Աստուծոյ տուած Օրէնքը կը կոչուի «ուխտ»։

ՄՈՎՍԻՍԱԿԱՆ ԿԱՄ ՕՐԷՆՔԻ ՈՒԽՏԻՆ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ իսրայէլացիները անապատ հասան, Աստուած Մովսէսը կանչեց, որպէսզի Օրէնքներ ստանայ։ Երբ յիշեալ Օրէնքին կ՚ակնարկուի, մեր միտքը անմիջապէս տասը պատուիրանները կ՚ըմբռնէ, որ Աստուածաշունչի Օրէնքներուն մէջ ծանօթ է որպէս բարոյական Օրինագիրք։ Սակայն հրէական աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ Օրէնքը միայն տասը պատուիրաններ չի պարունակեր։ Հին կտակարանի Օրինագիրքը 613 հրահանգներ կը պարունակէ։

Մովսիսական Օրէնքը ունէր քաղաքական կանոններ եւ ոճրագործային կանոններ։ Մովսէսի Օրէնքը Իսրայէլի համար քահանայագործութիւն եւ զոհագործական արարողութիւն հաստատեց։ Մովսէսի Օրէնքը «մաքուր» եւ «անմաքուր» ուտելիքը զատորոշեց, ինչ որ կարելի է ուտել եւ ինչ որ կարելի չէ։ Օրինադրեց ամուսնական եւ ընտանեկան կեանք, զինուորական գործողութիւն, պաշտամունք եւ կրօնական հանդիսատօներ։ Սահմանեց փոխառութեան, փոխատուութեան եւ երկրագործական, աղքատներ խնամելու, օտարներու հետ յարաբերութեան, առողջապահութեան, արանց եւ կանանց հագուստեղէնի, մորթային հիւանդութեանց եւ բազմաթիւ պարագաներու օրէնքներ։ Այլ խօսքով՝ մարդուն ծնունդէն մինչեւ մահ բոլոր կարեւոր դէպքերուն եւ կարիքներուն համար Մովսէս օրէնքներ սահմանեց։

Մովսիսական Օրէնքները հիմնական երկու բան կը հետապնդեն. մարդոց սորվեցնել ինչպէս յարաբերիլ Աստուծոյ եւ իր նմանին հետ։

«Ահա ձեզի կանոններ եւ դատաստաններ սորվեցուցի, ինչպէս իմ Տէր Աստուածս ինծի պատուիրեց, որպէսզի անոնք գործադրէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար։ Ուստի դուք անոնք պահեցէք ու ըրէք. վասն զի ձեր իմաստութիւնն ու հանճարը այս պիտի ըլլայ ազգերուն առջեւ, որոնք այս բոլոր կանոնները լսելով պիտի ըսեն. «Իրաւցընէ այս մեծ ազգը իմաստուն ու հանճարեղ ժողովուրդ մըն է»։ Քանզի ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որուն աստուածները իրեն այնքան մօտ ըլլան, որքան մեր Եհովա Աստուածը մեզի մօտ է՝ ամէն ատեն երբ Իրմէ կը խնդրենք։ Ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որ այսօր ձեր առջեւ դրուած այս բոլոր օրէնքին նման արդար կանոններ ու դատաստաններ ունենայ» (Բ.Օր 4.5-8)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Օրէնքը ինք սուրբ է եւ պատուիրանն ալ սուրբ է, արդար ու բարի» (Հռ 7.12)։

ՕՐԷՆՔԸ ՊԱՀԵԼՈՒՆ ԵՒ ԼՈՒԾԵԼՈՒՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Այս ամէնը մանրամասնօրէն արձանագրուած է Բ. Օրինաց գրքի 28-րդ գլուխին մէջ։ Ասիկա արձագանգն է Աստուծոյ գերիշխանութեան, որով Ան Իր որոշումներուն մէջ հաստատ է եւ ինչ որ որոշէ՝ կը գործադրէ։

ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀՆԱԶԱՆԴՆԵՐՈՒՆ (ՀՄՄՏ. Բ.ՕՐ 28.1-14)

Այս օրհննութիւնները կը պատականին իսրայէլացի ոեւէ սերունդի պատկանող զաւակի։ «Բոլոր այս օրհնութիւնները քու վրադ պիտի հասնին» եւ կ՚աւելցնէ «Տէրը բարիքներով քեզ պիտի լեցնէ, քու անասուններուդ պտուղը ու քու երկրիդ պտուղը շատցնելով այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու։ Տէրը բարիքներով քեզ պիտի լեցնէ, քու որովայնիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը ու քու երկրիդ պտուղը շատցնելով այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի համար։ Տէրը Իր բարութեան գանձը, այսինքն երկինքը, քեզի պիտի բանայ, որպէսզի քու երկրիդ անձրեւը ժամանակին տայ ու քու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնէ եւ դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ պիտի չառնես» (Բ. Օր 28.11-12)։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018