«ՅԱՐՈՒԹԻ՜ՒՆ» Կ՚ԱՒԵՏԵՆՔ ՄԻՇՏ
«Յարութի՜ւն»ը աւետելով կ՚ողջունեն հաւատացեալներ, եւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» ըսելով իրարու՝ մանուկ կամ տարեց, հոգեւորական կամ աշխարհական, հաւատացեալ կամ սկեպտիկ՝ այս օրերուն, զուարթ եւ ցնծագին, կը յիշեն եւ կը յիշեցնեն Քրիստոսի Յարութեան հրաշալի՜ իրողութիւնը։ «Յարութի՜ւն» կ՚երգեն եկեղեցիներու զանգակները ջերմ արձագանգներով, որոնք անգամ մը եւս մեզ կը տանին «լուրջ եւ մշտնջենաւոր ճշմարտութեա՛ն» մը գիտակցութեան, քաղցր յիշատակներով պարուրելով մեր հոգին եւ մեր միտքը։
Ուրախութիւն, ցնծութիւն, ոգեւորութի՜ւն կը բխին Յարութեան աւետիսը իրարու փոխանցողներու սրտէն, եւ կարծես «Նոր կեա՛նք» մը կը ստանան անոնք։ Ուրախութեան, ոգեւորութեան անկեղծ արտայայտութիւն մըն է ողջունել զիրար այս օրերուն, ըսելով. «Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց…»։ Եւ այս ողջոյնները ջինջ արձագանգներով կը տարածուին սիրտէ՜ սիրտ, հոգիէ հոգի՛…։
Եւ սակայն ուրախութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան երբ ուրախացողը գիտակցութիւնը ունենայ, թէ ի՞նչ է իր ուրախութեան պատճառը, եւ թէ ի՞նչ բանի համար է որ կ՚ուրախանայ, եւ վերջապէս ի՞նչ է իրեն այդ ուրախութիւնը պատճառող իրողութեան իսկական իմաստը։ Արդարեւ, առանց պատճառի եւ առանց բանաւոր եւ գոհացուցիչ իմաստի ուրախանալ կը նշանակէ՝ ուտել բան մը, ճաշակել ուտելիք մը՝ որուն էութեան մասին որեւէ գաղափար, տեղեկութիւն չունի ուտողը կամ ճաշակողը։ Ուստի, մարդ, որպէս բանաւոր էակ, պահանջքը կը զգայ, եւ զգալո՛ւ է իր արարքներուն պատճառը, նպատակը եւ իմաստը գիտնալու եւ հասկնալո՛ւ։
Մարդիկ, որ այս օրերուն զիրար կ՚ողջունեն եւ կը շնորհաւորեն վերոյիշեալ խորհրդաւոր կարգախօսով, թերեւս քիչ անգամ՝ եթէ երբեք, կ՚անդրադառնան ընդհանրապէս անոր ետեւը գտնուող գաղափարին՝ իմաստին, քանի որ այս խորիմաստ խօսքը այնքան պայմանադրական ասացուածք մը դարձած է, որ կը մոռցուի կամ զանց կ՚առնուի մտածել, տարին գէթ անգամ մը, այդ հրաշափառ դէպքին եւ իրականութեան, եւ զայն յատկանշող խորհուրդին վրայ։ Իրականութի՛ւն, զոր աւելի քան երկու հազար տարիներ նուիրագործեր եւ վաւերացուցեր են, եւ որ համայն քրիստոնեայ աշխարհի հաւատքին հիմն է կազմեր։
Յարութեան, այս հրաշալի, նոյնքան աննախընթաց, եզական դէպքը «մեռած» եւ «թաղուած» մարմինի մը յարութիւնն է՝ վերակենդանութի՛ւնը, եւ այդ յարութիւնը խորհրդանշող իրականութիւնն ալ «անմահութի՛ւն»ն է։
Մարդ էակին բոլոր վախերուն եւ մտահոգութիւններուն խորը կը գտնուի մահուան իրողութեան վա՛խը։
Արդարեւ, մարդուս ամբողջ կեանքը հիմնոււած եւ ընթացք գտած է այս հիմնական վախով եւ անմահութեան ձգտումով։ Մարդուս բոլոր արարքներուն խորը կա՛յ, յայտնի կամ անյայտ կերպով, անմահանալու փափաքը, անմա՛հ ըլլալու տենչը։
Ուստի, մարդ ի՛նչ որ կ՚ընէ՝ կ՚ընէ իր գոյութիւնը պահելու եւ գոյատեւելու համար։ Եւ մարդկային հոգիին խորը կայ միշտ գոյապահպանուելու եւ գոյատեւելու անվերջ փափաքը, իղձը՝ գիտակցաբար եւ ընդհանրապէս անգիտակցաբար. բայց մի՛շտ կայ այդ փափաքը՝ անմահանալու՝ կեանքը տեւականացնե՛լու։
Եւ երբ այս տեսանկիւնէն դիտել փորձենք «Յարութեան» ճշմարտութիւնը, կը տեսնենք, որ մարդուս փափաքներուն իրականացման, պահանջներուն կատարեալ գոհացում տուող հրաշալի՜ իրողութիւն մըն է ան։
«Յարութիւն», այս ուղղութեամբ, համազօր եւ մերձիմաստ է՝ «Անմահութեա՛ն», ի՛նչ որ մարդուս մշտնջենական փափաքը եւ անշեղ նպատա՛կն է։ «Յարութիւն» եւ «Անմահութիւն»՝ երկու խորհրդաւոր բառեր՝ որոնք «սկեպտիկ»ին, թերահաւատին հեգնանքին առարկան են շարունակ. բառեր՝ որոնք կրօնքի հանդէպ անտարբեր գտնուող անձերու վրայ եթէ ո՛չ սարսափի՝ գէթ անհաճոյ հեռանկարի մը տպաւորութիւնը կը գործեն։ Իսկ բազմաթիւ լուրջ գիտուններու եւ իմաստասէրներու մտքին առջեւ տարակոյսի, անորոշութեան եւ երկբայութեան ամպեր կը յարուցանեն։
Ուստի, գիտութիւնը կը պատգամէ. «Տիեզերքի մէջ նիւթը չի՛ կորսուիր երբեք, այլ կը ձեւափոխուի»։
Այս լուրջ պատգամին առջեւ կը խոնարհին՝ հաւատացեալ, թերահաւատ կամ անհաւատ ամէն բանաւոր էակ։
Պատմութիւնը կը վկայէ «մեծ»երու եւ «վսեմ»ներու կեանքին եւ գործունէութեան եւ կը վճռէ. «մեծեր եւ վսեմներ չե՛ն մեռնիր, անմա՛հ են անոնք»։ Եւ մարդկային ընդհանուր փորձառութիւնը կը հաստատէ այս վճիռը, երբ ետ՝ պատմութեան կը նայի հի՜ն դարերու վրայ եւ կը տեսնէ «անմահացած»ներ՝ Հոմերոսը, Տանթէն, Ռաֆայէլը եւ Միքայէլ Անճէլօն, Դաւիթը եւ Պօղոսը, եւ շատեր, որոնք անմահացած են իր անձնաւորութեամբ եւ գործերով։ Ուստի վսեմ ամէն գործ՝ վսեմ խօսք մը, վսեմ նուագ մը, վսեմ արարք մը, վսեմ խորհուրդ մը, զգացում մը, նուիրական գործ մը իրենց ազդեցութիւնը կը յաւերժացնեն, կը հաստատեն, եւ զայն կը փոխանցեն սերո՜ւնդներու եւ դա՜րերու՝ ինչպէս ովկիանոսի ջուրերուն մէջ նետուած խիճի մը յարուցած ծփանքը յառաջ կ՚երթայ ալիքէ ալիք եւ հետզհետէ կը տարածուի, մինչեւ անծանօթ եւ անծայրածիր հորիզոններ։
Եւ ժամանակը՝ որ մարմարը եւ կրանիթն իսկ կը մաշեցնէ եւ «կ՚ուտէ», անզօր է վսեմութեան ազդեցութիւնը բնաջինջ ընելու եւ մոռացումի մատնելու համար։
Այս իմաստով իսկ, իրական մեծերը եւ վսեմները չե՛ն մեռնիր, այլ կ՚ապրին եւ կը շարունակեն գործել։
Արդարեւ, մարդ էակը, անասուն եւ անբան կենդանիէն զատող, գեր ի վեր էակ մը հանդիսացնողը անոր հոգիին եւ ամբողջ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող «աստուածային տարր»ն է՝ Աստուծոյ իմաստութենէն մաս մը ունենալը՝ անոր բանականութիւնը եւ իմացականութի՛ւնն է։ Եւ դարձեալ, այս իսկ պատճառով, մարդ էակն է միայն, որ ունի «անցեալ»ի եւ «ապագայ»ի գիտակցութիւնը, երբ ան կ՚ապրի ներկայ կեանքը։ Եւ այս գիտակցութիւնն է, որ մարդուն մէջ կը ստեղծէ յիշողութեան պահաջնքը՝ որպէս զգացում, եւ ապագայի գաղափարը՝ որպէս մտահոգութի՛ւն։
Մարդ եթէ չունենար անցեալի գաղափարը եւ ապագայի ըմբռնումը, այլապէս անմահութիւն եւ մահ որեւէ մտահոգութիւն պիտի չպատճառէր իրեն եւ պիտի ապրէր միա՛յն ներկան, կարծելով թէ կեանքը միայն ներկա՛ն է…։
Եւ այս իսկ պատճառով է, որ մարդուն կեանքը արժէք մը կը ներկայացնէ եւ մարդ չ՚ուզեր երբեք կորսնցնել որեւէ արժէք՝ որ իրեն կը պատկանի։
Այս զգացումին եւ գիտակցութեան պատճառով՝ «Յարութիւն»ը եւ «Անմահութիւն»ը մեծ արժէք կը ներկայացնեն մարդուն, որ անոնց շնորհիւ ապահոված կ՚ըլլայ իր ապագան, իր կեանքին տեւականութիւնը։
Մարդուն մէջ «աստուածային տարր»ին գոյութիւնը մշտնջենաւոր է՝ անմա՛հ է երկրի վրայ եւ շիրիմէն ալ անդին։ Չէ՞ որ Յիսուս ալ մեռաւ մարմնապէս եւ Իր աստուածութիւնը միշտ մնաց կենդանի, քանի որ աստուածային տարրը անմա՛հ է։ Եւ այս աստուածային տարրն է, որ մա՛րդն ալ կ՚անմահացնէ եւ պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդը ապրի բնազդներէ վե՛ր, եւ հոգեկան անսահման, անվերջ կարելիութիւններու մէջ։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է մարդուն իսկական էութիւնը եւ նկարագիրը՝ էական ստուգանիշը։
Մարդ մեծ է եւ վսեմ, եւ ուրեմն անմա՛հ, իր աստուածային իմաստութեան, հանճարին, բանականութեան, անձնուիրութեան եւ մանաւա՛նդ սիրոյ չափովը։
Մարդուն հոգին որ կը ծնի, յարութիւն կ՚առնէ եւ կ՚անմահանա՛յ, այն հոգին է, որ կրնայ իր ստորին բնազդներուն վրայ, այն հոգին՝ որ կրնայ մահացնել եւ թաղել ինչ որ երկրաքարշ է եւ մեղաւո՛ր, մեղապա՛րտ։ Եւ այն հոգին՝ որուն մէջ կը փթթին բարութեան, ազնուութեան եւ առաքինութեան եդեմաբո՜յր ծաղիկները։
Եւ ա՛յս իսկ է մարդուն յարութիւնը եւ անմահութի՜ւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 6, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024