ԻԳԱԿԱՆ ՍԵՌԷ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու լրագրող Իպրահիմ Քոյունպաքանը, որ ներկայիս Իսթանպուլի համալսարանի Հաղորդակցութեան ֆաքիւլթէէն ներս մագիստրոսական թեզի մը պաշտպանութեան աշխատանքը կը տանի։ Ան խմբագրատունս այցելեց գիրքի մը պատրաստութեան ծրագրին համար։ Արդարեւ, յիշեալ ֆաքիւլթէէն ներս կը պատրաստուի գիրք մը՝ ձօնուած իգական սեռէ լրագրողներուն։ Այս ծրագիրը կ՚ընթանայ ֆաքիւլթէի տեսուչ Փրոֆ. Տքթ. Սուատ Սեզկինի ղեկավարութեան ներքեւ։ Ծրագրին մէջ ընդգրկուած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանը, որ տասնամեակներէ ի վեր մամլոյ բնագաւառէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ Իպրահիմ Քոյունպաքան երկարատեւ զրոյց մը ունեցաւ Նատիա Գօչունեանի հետ։ Բազմաթիւ հարցերու շուրջ Նատիա Գօչունեան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնց պատասխանները պիտի ամփոփուին նախատեսուած գիրքին մէջ։