ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ

Ֆրանսական լեզուին մէջ հաւատք բառը (la foi), ունի իր համահնչունը՝ (le foie) այսինքն լեարդը, մեր ֆիզիքական մարմնոյն այն օրկանը, որ տարրալուծարանի պաշտօնը կը վարէ, մաքուր արիւնը զտելով աղտոտէն։ Մաքուրը՝ ղրկելով դէպի սիրտ, իսկ աղտոտը՝ դէպի դուրս։

Հաւատքը (la foi) այլապէս կը վարէ նոյն տեսակի պաշտօն։ Մարդը աստուածային պատուիրաններու եւ սատանայական օրինազանցութիւններու խառնուրդ մը կ՚ապրի։ Հաւատքը, որ ներգործող յատկութիւն ունի Աստուած ճանչնալու մեր կարողութեան վրայ, կը զատորոշէ աստուածային պատուիրանները սատանայի օրինազանցութիւններէն։ Հաւատացեալը, ինքնաբերաբար որպէս հետեւորդ հաւատքի միջոցով յայտնուած ճշմարտութիւններու, կամովին պիտի ցանկայ թօթափել սատանայական անօրէնութիւնները իր մէջէն։ Մեր եկեղեցին այդ անօրէնութիւններէն մաքրուելու համար «Հրաժարիմք» անունով զօրաւոր աղօթք մը ունի, յիշենք, որ հանապազօրեայ ժամապաշտութիւնը մեր մօտ կը սկսի այդ աղօթքով. «հրաժարիմք ի սատանայէ եւ յամենայն խաբէութենէ նորա, ի պատրանաց նորա, ի խորհրդոց նորա, ի գնացից նորա, ի չար կամաց նորա, ի չար հրեշտակաց նորա, ի չար պաշտօնէից նորա, ի չար կամարարաց նորա, եւ յամենայն չար զօրութենէ նորա, հրաժարելով հրաժարիմք»։ Եւ, «ապա դառնամք դէպի լոյս աստուածգիտութեան»։

Խոստովանութեամբ եւ հաւատքով, կ՚առաջարկուի մարդուն, որ իր հոգեւոր սիրտը դառնայ ընդունարանը աստուածային խօսքին։ Մարդուն հոգեւոր աշխարհը, ներքին սիրտը, պատուաստուած է աւազանին մաքրութեամբ, Քրիստոսի յարութեան, Աստուծոյ Որդւոյն սուրբ սրտին վրայ։ Աստուծոյ սրտին, որ աղբիւրն է սիրոյ մշտնջենականութեան։

Սիրոյ մշտնջենականութիւնը բաղձալի զգացում մըն է, որովհետեւ մարդը զերծ կը պահէ անձկութենէ, կը վանէ քէնը, ոխը, թշնամական վարմունքները, ընկերային յարաբերութիւններու մէջ կը հաստատէ խաղաղութիւնը, ընտանեկան կեանքի մէջ կը կանխէ ամուսնալուծումները, կ՚ապահովէ յարգանքը ծնողաց եւ զաւակաց միջեւ։

Իսկ որքա՜ն ժամանակաւոր եւ կարճատեւ է մեր օրերուն սիրոյ ապրումը, զգացումը, թէկուզ աւազանին մկրտութեամբ մաքրուածներուն մէջ։ Այս երեւոյթը մտածել կու տայ, թէ արդեօք խանգարիչ վարմունքներ կա՞ն հաւատքի զատորոշող աշխատանքի հոլովոյթին մէջ։ Հաւատքը աստուածային պարգեւ մըն է։ Հաւատքին առաքինութիւնը լծորդուած, ներդրուած է մարդու իմացականութեան, անձնիշխանութեան հետ. անիկա կ՚ազդուի երբ խափանարար մտքեր, - ինչպէս երկբայութիւնը, թերամտութիւնը որոնց հետ հաւատքը չի բնակիր միասին, - միջամտեն իր գործառնութեան վրայ եւ այն ատեն հաւատքը, հաւատքին առաքինութիւնը, որ կոչուած է լուսաւորելու աստուածային գերբնական գաղտնիքները, յայտնաբերելու Աստուծոյ ծածկուած ճշմարտութիւնը մարդու ներաշխարհին մէջ, կ՚ենթարկուի անաշխատութեան։ Ո՛չ գործունեայ հաւատը կը դադրի իր պաշտօնը կատարելէ անհատի կեանքին մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ անհատը ինքզինք հաւատացեալ կը համարէ։ Այս կացութեան մէջ, հաւատացեալին մօտ պարագայական հոգեվիճակներ կը ստեղծուին, երբեմն եկեղեցի կ՚երթայ, երբեմն աստուածային սիրոյ կարօտը կ՚ապրի, բայց կը մնայ զրկուած սիրոյ մշտնջենականութենէն, եւ Աստուծոյ հետ ըլլալու տեւականութենէն։

Ո՛չ գործունեայ հաւատքի տէր հաւատացեալը, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ, չի՛ տարբերիր այն ատեն անհաւատէն։ Մարդու հոգեմարմինը, կենսունակ կը պահուի շնորհիւ գործունեայ եւ հաստատ հաւատքի։ Անաշխատ դարձնել հաւատքը, պիտի նմանէր հիւանդացած լեարդին որ չի՛ կրնար այլեւս մաքուր արիւն ղրկել սրտին առողջ պահելու համար մարմինը։

Հաւատքը կը ձգտի սրբութեան մէջ բերելու կորուստի ենթակայ անձը, կը ձգտի որ մարդիկ լսեն Աստուծոյ իմաստութեան ձայնը եւ պատասխանեն անոր կոչին, զայն սնանելով մշտապէս պատգամներով եւ պատուիրաններով։

Հաւատքը աստուածային պարգեւ է տրուած բոլորին, եթէ անիկա գործունեայ չէ հոգիներուն մէջ, յանցանքը չի վերաբերիր աստուածային բարերարութեան, այլ՝ այն մարդկանց տրամադրուածութեան, որոնք կամովին կը մերժեն ունկնդրել աստուածային խօսքը եւ Քրիստոսի քարոզութիւնները։

ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ

«Նոր Յառաջ», Փարիզ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2018