Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԵԲԱՍՏԻԱ
Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի եւ Յովսէփ Ուր. Դպիր Գույումճեանի, հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սվասի հայ համայնքին։
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ ընկերակիցները 10 Ապրիլ 2018, Երեքշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցան Սվաս (Սեբաստիա), ուր դիմաւորուեցան տեղւոյն ազգայիններէն՝ Երուանդ Տուրմազկիւլէրի ու Երուանդ Մըղտըսի կողմէ։ Անոնք ուղղուեցան դէպի գերեզմանատուն, ուր ժամը 14.00-ին կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ։ Յիշատակուեցան Սվասի երբեմնի առաջնորդները, հոգեւոր ու ազգային սպասաւորներն ու տեղւոյն հանգուցեալ հաւատացեալները։
Նոյն երեկոյեան, ժամը 21.00-ին, Տուրմազկիւլէր ընտանիքի բնակարանին մէջ մատուցուեցաւ առտնին Ս. Պատարագ։ Արարողութեանց աւարտին ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։ Հայր սուրբը պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հօր ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, քարոզեց եւ շեշտեց վերանորոգութեան կարեւորութիւնը եւ ազգային ու մշակութային արժէքներու կապ-ւած մնալու հրամայականը։ Ան ընդգծեց նաեւ հաղորդութիւն ստանալու եւ Ս. Գրքի ընթերցման կարեւորութիւնը հաւատքի զօրացման համար։
Նոյն գիշերը, այցելութիւն մըն ալ տրուեցաւ նաեւ Սվասի հայ համայնքի երիցագոյն անդամուհի Հերիքնազ Արսլանի։
Յաջորդ օրը, ժամը 11.30-ին, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ իր ընկերակիցները քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Սվասի քաղաքապետ Սամի Այտընին։ Հայր սուրբը փոխանցեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հօր ողջոյնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մերազն ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած մօտիկ հետաքրքրութեան համար։ Աւելի քան մէկ ժամուան հաճելի զրոյցի ընթացքին ինչ-ինչ հարցերու մասին կատարուեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Այցելուները, շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն հանդիպման համար։ Հայր սուրբը Սվասի քաղաքապետին նուիրեց Սեբեստացի Ս. Վլաս Հայրապետի մասին գիրք մը, իսկ քաղաքապետն ալ իր կարգին՝ յուշապնակ մը։ Անոնք նոյն ե
ըւէր ու ինք ելլելով անոր հետ չ՚րեկոյեան օդային ճամբով վերադարձան Իսթանպուլ։
Այցելութիւններու ընթացքին Սվասի հայ համայնքի անդամները մեծապէս ուրախ էին, Պայծառակերպութեան տաղաւարի առթիւ կատարուած արարողութեանց մասնակցած ըլլալով։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։