«ՄԵՆՔ Ի՞ՆՉ ԳԻՏԵՆՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։ ԺԱՄԱՆԱԿ ԹԵՐԹԸ ԲԱՑԱՌԻԿ ԳՈՐԾ Կ՚ԸՆԷ ՀԻՄԱ, ԱՀԱՒԱՍԻԿ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐԸ ԿԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԷ ԻՐ ԷՋԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՏՊԱԳՐՈՒԱԾ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՆԻՒԹԵՐԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵԼՈՎ»
Գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի խօսքը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին ձօնուած Երեւանի կրկնակ շնորհանդէսներուն ընթացքին.-
Անոնք որոնք քիչ թէ շատ ծանօթ են 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի արեւմտահայ մամուլին, ապա պատկերացում ունին թէ ան ինչ վիթխարի ծով է, ովկիանոս՝ տարեգիրքեր, օրացոյցներ, պարբերագիրքեր, ամսագիրքեր, հանդէսներ եւ այլն... եւ այդ բոլորին մէջ, մանաւանդ մամուլին մէջ, մենք ունինք շատ հարուստ գրականութիւն, որոնք, ցաւ ի սիրտ, մեծ մասով մնացած են մամլոյ էջերուն մէջ: Խորհրդային տարիներուն կարելի չէր, անշուշտ հասկնալի պատճառներով, հիմա ալ տարբեր պատճառներով հնարաւոր չէ զանոնք մէկտեղել: Եւ եթէ որեւէ տեղ մը բան մը կը կատարուի, անիկա պէտք է համարել, մեծագործութիւն բացառիկ գործ:
Բիւզանդ Քէչեանի «Բիւզանդիոն»ի էջերուն մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ, Զմիւռնիոյ «Դաշինք»ի էջերուն մէջ... գիտէ՞ք ինչ գրականութիւն կայ սփռուած, որ կը մնայ շտեմարաններուն մէջ, սակայն արժանի է գիրք դառնալու:
Մենք ի՞նչ գիտենք արեւմտահայ գրականութենէն: Դպրոցէն սկսելով՝ Դուրեան, Պարոնեան, Մեծարենց, Սիամանթօ, Վարուժան եւ Ռուբէն Սեւակ, եւ վերջ: Բայց գիտէ՞ք ինչ բացառիկ եւ հրաշալի գրողներ կան, որոնցմէ, ցաւ ի սիրտ, մեզի քիչերը յայտնի են: Անոնցմէ մէկը՝ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանն է, որ աւելի յայտնի է Երուխան անունով՝ Երուանդ եւ ազգանունէն հանած է խան մասնիկը, անոր պէս ըրած է Երուանդ Օտեանը, որ պարզապէս կը ստորագրէր՝ Երօտ:
ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը բացառիկ գործ կ՚ընէ հիմա, ահաւասիկ 5-րդ հատորը կը հրատարակէ իր էջերուն մէջ տպագրուած արժանաւոր նիւթերը համախմբելով: Ես կ՚ուզեմ ըսել, որ գործը իրապէս բացառիկ է: Սփիւռքի գիրքերը, եթէ մօտէն հետեւինք, կը տեսնենք Պէյրութի, Փարիզի հրատարակութիւն եւ այլն, որ անոնք այլ թերթերէն կը վերցնեն նիւթեր, կը կտրեն ու կը տեղաւորեն իրենց էջերուն վրայ ու կը հրատարակեն մամուլէն առանց սրբագրութեան ու խմբագրական ուղղումներու, բնագրագիտական աշխատանքներու, ծանօթագրութեանց...: Այս գիրքերը բացառիկօրէն մշակուած աշխատանքներ են, ինծի համար ամենակարեւոր արժանիքներն են: Սփիւռքի մէջ բացառիկ երեւոյթ է ասիկա: Ես կ՚ուզէի, որ Սեւան Տէյիրմենճեանը՝ Գրիգոր Պըլտեանը բոլորդ գիտէք, եթէ հոս ըլլար, որ երիտասարդ բացառիկ ձիրք է, շատ բծախնդիր գիտական ամենաբարձր մակարդակով ծանօթագրութիւններ ըրած է, ոչ միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութիւնները նկատի ունիմ, այլեւ «Արաս»ի հրատարակած շարք մը գիրքերը:
Երուանդ Սրմաքէշխանլեանին դառնամ, որ մեզի քիչ ծանօթ է, 60-ականներուն անոր «Ամիրային աղջիկը» անշուշտ հրատարակուած է Հայաստանի մէջ եւ նորավէպերու գիրք մը, ան բացառիկ նորավիպագիր է, Նովելիստ, մենք կը հպարտանանք Գրիգոր Զօհրապով հարկաւ, բայց ըսեմ եթէ Գրիգոր Զօհրապի կողքին չէ, այնուամենայնիւ եթէ Զօհրապը հաւասարներու մէջ առաջինն է, ապա Երուխանը այդ հաւասարներէն մէկն է:
Դժուար կեանք ունեցած է՝ 1870-ին Խասգիւղի, Պոլսոյ մէջ ծնած Երուխանը, դժուար կեանք, աղքատ ընտանիք, նախակրթարան եւ այլն, հայրը ուզած է բժշկական ուսումնարան ուղարկել զինք, բայց կարողութիւն չունենալուն համար Կեդրոնական վարժարան տեղաւորած են զինք:
Շատ հետաքրքրական ձեւով կը յիշէ ինք այդ տարիները, կ՚ըսէ՝ չէի կրնար որեւէ նախադասութիւն ընդարձակել, երբ շարադրութիւն կը գրէի Մինաս Չերազը կ՚ըսէր՝ «Երուանդ մէյ մը կարդա՛ հեռագիրդ», այնքան կարճ եւ համառօտ էր, չէի կրնար շարադրել:
Աղքատ էին, հայրը չէր կրնար վճարել, դպրոցը կը թողու, կը զբաղի ինքնակրթութեամբ, սակայն կը յայտնուի «Արեւելք»ի խմբագրատան մէջ 1890-ին, նշանաւոր խմբագիրներու կողքին, կ՚աշխատակցի, թարգմանութիւններ կ՚ընէ, առաջին պատմուածքը կը գրէ, կը տպագրէ, կը դառնայ գրական գործիչ:
Կը հասնի 1895-96 թուականները՝ Պապը Ալիի ցոյցը, կը խուսափի, կը փախչին հայերը Պոլիսէն, նաեւ ինք կը թողու Պոլիսը, կ՚երթայ Վառնա, հոն խմբագրական աշխատանք կը տանի, կը տպագրէ «Շարժում»ը, «Շաւիղ»ը, որուն խմբագրականները շատ բացառիկ են:
Երեք հիմնասիւն կը տեսնէ կեանքի մէջ՝ մամուլը, դպրոցը եւ եկեղեցին, աշխատած է ահա այդ երեք սիւները ամուր պահելու ջատագովութեամբ, մտադրութեամբ: Աչքի ինկող մարդ չէ եղած: Գրականութեան մէջ բոլոր ժամանակներուն կան համեստ աշխատանքի մարդիկ, որոնք մեծ գործ կ՚ընեն: Հայաստանի մէջ կար Յակոբ Մանասեանը, հսկայ պատմաբան մը: Ո՞վ գիտէր անոր անունը, ո՞վ գիտէ այսօր, բայց անոր գրութիւններուն իւրաքանչիւր յօդուածը արժէք մը կը ներկայացնէ: Բոլոր ժամանակներուն մէջ կան այդպիսի մարդիկ՝ գեղարուեստական գրականութեան եւ գիտութեան ասպարէզներէն ներս: Երուխանը եղած է անոնցմէ մին:
Ան կ՚երթայ Եգիպտոս, 1908-ի սահմանադրութենէն ետք, շատերու նման ուրախ կը վերադառնայ Պոլիս, կը տեսնէ բոլորովին ուրիշ բան մը, կը դառնայ ուսուցիչ իր աշակերտած դպրոցի՝ Կեդրոնականի դասարաններէն մէկուն, զայն չի գրաւեր մանկավարժութիւնը, եւ ահա 1909-ի աշնան մի քանի ամիս կ՚աշխատակցի ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին, կը տպագրէ 19 յօդուած, եւ չորս նորավէպ, որոնցմէ մէկը՝ «Ժանգոտ հրացանը» բացառիկ գործ է, մնացեալը էթիւտներ են՝ «Պոլսահայ բարքեր» խորագրով:
1909 թուականն է, Պուլկարիոյ մէջ հակահայ շարժում մը կը սկսի, հայ առեւտրականները աւելի զօրաւոր էին, կը գրգռէին պուլկարացիներուն նախանձը, արհեստաւորները աւելի ընդունուած էին, Երուխանը այս բոլորը գիտէր եւ Վառնայի կեանքէն դէպք մը կը պատմէ. «Կ՚երազէի ինքս կուսակցութեան մասին, որ շատ մեծ համբաւ ունէր, կ՚երազէի ձեւով մը դառնալ այդ կուսակցութեան անդամ, օր մը իրականացաւ այդ երազանքս»: Ընկերներէն մէկը կը կանչէ հաւաքի, ուր զայն կ՚անդամագրեն, երկար մազերով սուր մօրուքով ռուսահայ մը, փանջունիի նախատիպն է, բացառիկ գործ է:
Կ՚անցնի երկու տարի, ճամբան տանտէրը կը տեսնէ փոքրիկ խանութի մը դիմաց, որ խշտեակի մը վրայ փողոցը կը քնանար: Հարցուցի ճանչցայ զինք Պրն. Տիգրանը, ըսաւ մի՛ խօսեցներ, հարցուցի ինչ եղան կինդ ընտանիքդ, ըսաւ կինս փախաւ այդ յեղափոխականին հետ, ու խշտեակին տակէն ժանգոտած զէնքը հանելով կ՚ըսէ՝ ինծի ասիկա մնաց:
Դառն երգիծանք կայ հոս, 1900 թուականն է, երբեք մէկու մը միտքէն չ՚անցնիր այլ հայեացքով նայիլ մեր ազատագրական շարժումներուն: Մենք ամէն բան երբեմն կ՚ընդունինք շատ մաքուր, փայլեցուած, յղկուած, ստուերազերծ, մինչդեռ իրականութիւնը բոլորովին այլ է, Երուխան եղած է խորատես մարդ:
«Փոքր Ասիոյ մէջէն» վիպակին մէջ 1913 թուականն է, հեղինակը անհանգիստ է, տարին 40 հազար մարդ կը գաղթէ Պուլկարիա, ուրիշ երկիրներ, սարսափելի բան էր ազգին համար, երբ հայը մէկտեղուած է, ուժ է, որակ է, գոյութիւն է, իսկ երբ կը տարտղնուի արդէն անիկա ողբերգութիւն է, տակաւին դարասկիզբին ինքը իր յօդուածներով խմբագրութիւններուն մէջ կը գրէ այս հարցերուն մասին:
Ինք ոգեւորուած չէր ո՛չ սահմանադրութեամբ, ոչ այդ փոփոխութիւններով, 1913-ի այդ յայտնի դէպքերէն ետք, կը ձգէ դպրոցը եւ կ՚երթայ Խարբերդ որպէս տեսուչ: 19 օրուան ճամբորդութենէն ետք հազիւ կը հասնի Խարբերդ՝ Մեզրէ, կը նկարագրէ իր դառն ճամբորդութիւնը, խոշտանգումները, զրկանքները, ժողովուրդին վիճակը, իր զրոյցները ժողովուրդին հետ, որոնք կը նկարագրէ գրական փառաւոր ոճով: Հազիւ երկու տարի կը տեւէ իր տեսչութիւնը հոն, ապա 1915-ին Պսակ Վարդապետին հետ եւ Եփրատ քոլէճի բոլոր ուսուցիչներուն հետ կը ձերբակալուի եւ կը նետեն զիրենք բանտ։ Կինն ու երկու զաւակները կը կորսուին Տէր Զօրի ճամբուն վրայ:
Ահա այսպիսի ճակատագիր մը ունէր խոհուն գեղեցիկ վէպերու՝ «Ամիրայի աղջիկը», «Հարազատ որդին», եւ բազմաթիւ նորավէպերու հեղինակը:
Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակած այս գիրքը կու գայ ամբողջացնելու նշանաւոր գրողին դիմանկարը, որուն հանդէպ մենք՝ արեւելահայերս պարտք ունինք, եւ ոչ միայն իրեն, այլ այն բոլոր դէմքերուն, որոնց գրականութիւնը կը մնայ մամլոյ էջերուն մէջ եւ դուրս է, ցաւ ի սիրտ, մեր հայեացքէն:
Կը շնորհաւորեմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիրին յաջողութիւնները, յոբելեանը, անձնակազմը եւ բոլոր անոնք, որոնք սատարեցին այս նուիրեալ աշխատանքին: