«ԿԸ ԿԱՐԾԵՄ, ՈՐ «ԿԵՍԱՐԻԱ» ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶԻ ՇԱՏ ԲԱՆ ԿՈՒ ՏԱՅ։ ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ ՄԵԾ ԱՐԺԷՔ ՈՒՆԻ ԵՒ ՄԵԶ ՀԱՂՈՐԴԱԿԻՑ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ԹԷՔԷԵԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ, ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ»

Երեւանի Պետական համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Արծրուն Աւագեանի խօսքը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին ձօնուած Երեւանի կրկնակ շնորհանդէսներուն ընթացքին.-

Թէքէեանը մեր այն մեծերէն է, որ կարելի է անպատրաստից ըսել գնահատական խօսքեր, մարդու մը մասին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է իր ժողովուրդին, հայ գրականութեան, իր կուսակցութեան, մամուլին եւ հայ որբերուն:

Թէքէեանի կեանքը եղած է բազմաբովանդակ, տեղէ-տեղ, երկրէ-երկիր եւ անընդհատ պայքարներու մէջ: Ան ճակատագրի բերումով չունեցաւ զաւակ ու ընտանիք, եթէ հաշուի չառնենք իր «Զաւակս» խորագրեալ այն չորս բանաստեղծութիւնները, որոնք մեր քնարերգութեան լաւագոյն նմոյշներէն են:

Եւ ահա, երբ Թէքէեանը իր հերթական կեանքի բերումով, Պոլսոյ ազգային ժողովի որոշմամբ, կը մեկնի Կեսարիա՝ իր նախնիներուն ծննդավայրը, իր նախնիներէն մէկը Պարսկաստանէն Կեսարիա եկած էր, իր գերդաստանի վերջածին ներկայացուցիչը:

1913-ին ան որպէս Կեսարիոյ վանքի տեսուչ, հոն աշխատանք կը ծաւալէ հինգ ամիս, այդ հինգ ամիսները հետաքրքրական են այն առումով որ նախ՝ մեր մեծ գրողներէն մէկուն կեանքի որոշակի կենսագրութիւնն է, երկրորդ որ ինքը հոն ծաւալուն մանկավարժամկան աշխատանք կատարած է, երրորդ որ նոր ուսումնական ծրագիրներ եւ մեթոտներ բերած է:

Երբ 1921-ին սկսաւ գրել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ իր այդ յուշերը սկսաւ տպագրել եւ յետագային այդ յուշերը որպէս գիրք հրատարակուեցան եւ մեզի հասան, սակայն ես այն կարծիքը չունիմ, որ այս գործը Թէքէեանի լաւագոյն գործերէն է, քանի որ իր արձակին կը զիջին իր բանաստեղծութիւնները՝ գեղարուեստական առումով:

Բայց այդ յուշերն ու Կեսարիոյ գործունէութիւնը մեզի կը ներկայացնեն երեք հարցեր, նախ ինք մանկավարժութիւնը կը տանէր որպէս պարտադրանք ու լուծ, իր բողոքներէն յստակ է այս կարծիքը նամակներէն, մանաւանդ տեղ մը կը գրէ, որ երբ Կիպրոսի մէջ կը ծաւալէր մանկավարժական գործունէութիւն, նախ աշակերտները չէին սորվեր, ապա Յակոբ Օշականը այնքան վարկաբեկած էր հայ գրողները, որ աշակերտները չէին ուզեր լսել, երես կը դարձնէին հայ գրականութենէն, բայց իր ապրելու ու օրուան հացի խնդիրը լուծելու համար ինք յաճախ ստանձնած է մանկավարժի պարտաւորութիւնը, պարտականութիւնը:

Ահա այս յուշագրութիւն-ճանապարհորդագրութեան մէջ, որ իր երկրորդն է, քանի մանկութեան ալ եղած է Կեսարիա, հանգստացած է իր ծնողաց տան մէջ, սիրած է Կեսարիան, ինք յաճախ կ՚ըսէր, որ ես կէսով կեսարացի եմ, չնայած Պոլիս ծնած ըլլալուն, ան կը պատմէ թէ երիտասարդները, որոնք կ՚ուսանէին այդ վարժարանէն ներս, կրօնաւորները եւ մանաւանդ թրքական մթնոլորտը, որ կը տիրապետէր այդ ժամանակաշրջանին, ուսանողներուն դէմ կը ծառացնէր ազգանուէր գործունէութիւն եւ ջանք զանոնք յաղթահարելու համար:

Կը կարծեմ, որ Կեսարիա յուշագրութիւնը մեզի շատ բան կու տայ, նախ որ ճանաչողական մեծ արժէք ունի, երկրորդ որ մեզ հաղորդակից կը դարձնէ Թէքէեան բանաստեղծի մտորումներուն, կեանքի վերաբերեալ անոր դատողութիւններուն եւ նաեւ մեզի կը յուշէ, որ ամէն մէկ նուիրեալ աշխատանք, անկախ այն հանգամանքէն թէ դուն հարկադրաբար կը կատարես կամ ոչ, անիկա իսկական հերոսական մեծ հոգիներու մեծ կոչում մըն է մեր կեանքի եւ ընդհանրապէս հայութեան կեանքէն ներս:

Հինգ ամիս յետոյ ան ետ կը կանչուի Պոլիս ազգային ժողովի հրաւէրով, երեք ամիս հոն մնալէ ետք կը մեկնի Երուսաղէմ, Մաղաքիա Օրմանեանի եւ ուրիշներու հետ, որպէսզի հոն երկեղեցւոյ մէջ զանց առնուած հարցերը կարգաւորէ նաեւ ազգային ժողովի նոր կանոնադրութիւնը կիրառէ Երուսաղէմի մէջ եւ այսպէս ահա մենք կը տեսնենք, որ Թէքէեան մարդուն, Թէքէեան բանաստեղծին, Թէքէեան արուեստագէտին իւրաքանչիւր ապրած օրը եղած է իր ազգին ծառայութիւն, մեր մշակոյթին ծառայութիւն եւ ահա մենք այսօր ունինք Կեսարիա յուշագրութիւնը, որ կը ներկայացնէ հեղինակին կեանքի այդ ժամանակահատուածը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018