ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Պարտաւորութիւնն է յաճախ, որ կը մղէ մարդս ասպարէզի մը մէջ աշխատանք մը ծաւալելու: Երբեմն միայն կեանքի պահանջքը: Ապրուստի ու գոյատեւելու դրդումով է, որ կ՚աշխատի մարդ արարածը, ինչպէս օրինակ՝ սովորական բանուոր մը: Աշխատանքը հետզհետէ կը դառնայ սովորութիւն, որեւէ արարք, որ կ՚առընչուի գոյատեւման հետ՝ ուտել, քնանալ, ծարաւութիւն յագեցնել...:
Սակայն կեանքը լի է առիթներով, որոնք կը ներկայանան երբեմն, երբ սորված բաներդ ինքնստինքեան դուրս կը թափին մարմնէդ ու տեղ մը, բան մը կը գծագրեն գիրի մը, տողի մը, պարբերութեան մը միջոցով, ճիշդ այնպէս, ինչպէս գարնան ջուրէն ու ձմրան ձիւնէն յագեցած արտերուն երեսներուն կը պայթին ձնծաղիկները:
...Ու գնահատանքը կը ջրէ այդ գիրը, տողը, պարբերութիւնը, կ՚աճեցնէ զանոնք, մէկը կը դառնայ երկու, երեք,... էջ մը, երկու, երեք...: Կը յայտնուի որոնումը էջերուն ու տողերուն միանալով, նորանոր մտքերու որոնում մը, որ կը պարուրէ անհատը, փափաք մը թերեւս գծագրուածին ամբողջական տեսք մը տալու:
Նոր գիրերու, տողերու ու պարբերութեանց շարաններ կու գան որպէս զարդարանք, կը զարդարեն անոնք էջերը, միտքերը կը սկսին սփռուիլ ու յայտնուիլ այլ էջերու վրայ, նոյնիսկ հոն ուր դար մը եւ աւելի շրջած են հսկայ անուններ՝ Օտեաններ, Պարոնեաններ..., հոն որուն տողերէն արեան բոյրը կը հոսէր ատենին, հոն որ գոյութիւն մըն է հսկայ, պատմութիւն մը ինքնին, որուն էջերէն սնուելով գիրքեր կազմուած են, լոյսեր որպէս տարածուած...:
Ու զարմանքը յանկարծ կը շողայ աչքերէն անհատին, երբ այդ մեծութիւններուն յայտնուած էջերուն վրայ կը նշմարէ անունն իր, ի՛ր՝ այդ հսկաներու շուքին տակ ստորակէտ մ՚իսկ չեղող ի՛ր անունը: Զարմանքին հետ սակայն կը կրկնապատկուին պատասխանատուութիւնը, փափաքը շարունակել հոն յայտնուելու, սորվելու մարմաջը եւս, նորը արտադրելու ու նոր գնահատանքներու արժանանալու ցանկութիւնը, ինչպէս մանուկը, երբ նախակրթարանի գրասեղաններու ետին իր ընկալածը կ՚արտադրէ ու կը ստանայ յարմար նիշը՝ գնահատանքը, նիշին հետ ձգտումը կ՚աճի անոր մէջ, աւելի բարձրանալու, աւելին սորվելու ու լեցնելու իր դատարկ շտեմարանը, լուսաւորելու եւ պայծառացնելու իր կեանքը այսպիսով:
Ու երբ հասնի ժամանակը եւ այդ գիտելիքը ինքնստինքեան դուրս հոսի, յորդի հանգչած հացի խմորի նման, որուն եփած թարմ համին ու հոտին ոչ մէկ ախորժակ կը դիմանայ, ահա միայն այն ատեն է, որ անհատը կարողացած կ՚ըլլայ երազի մը իրականութեան, շօշափելիութեան ականատեսը ըլլալ:
Մինչ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը մնայ, սերունդներն է, որ կը փոխուին ու կը զարդարեն անոր դարերու գոյութիւնը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ