«ԵԹԷ ԽՕՍՔԸ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՄԱՍԻՆ Է, ՄԵՆՔ ԿՐՆԱՆՔ ՎՍՏԱՀ ԸԼԼԱԼ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ»
Հայաստանի Հանրային ռատիոյի տնօրէն Մարկ Գրիգորեանի ելոյթը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին առթիւ.-
Լրագրողներու մօտ ընդունուած է ըսել՝ ժամանակը ցոյց կու տայ: Ես շատ ալ չեմ սիրեր այդ արտայայտութիւնը եւ բոլոր իմ ուսանողներուս կ՚ըսեմ, որ երբեք մի՛ գործածէք այս արտայայտութիւնը յօդուածներ գրելու ժամանակ: Անշուշտ, այսօր, այս պարագային այս արտայայտութիւնը լրիւ ուրիշ իմաստ մը կը ստանայ, որովհետեւ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի մասին կը խօսինք եւ ես շատ ուրախ եմ՝ ըլլալով մէկը այդ թերթի ընթերցողներէն: Եւ այո, կրնամ ըսել, որ եթէ խօսքը պոլսահայ համայնքի մասին է, եթէ խօսքը Թուրքիոյ մէջ կատարուող իրադարձութիւններու մասին է, մենք կրնանք վստահ ըլլալ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ցոյց կու տայ: Ես շատ ուրախ եմ, որ արդէն շուրջ տասն տարիէ ի վեր հնարաւորութիւն ունիմ այդ թերթի ամէնօրեայ, առօրեայ աշխատանքին ծանօթ ըլլալու եւ պէտք է հաւաստիացնեմ ձեզ (եթէ ի հարկէ, դուք չէք կարդար թերթը), որ Արա Գօչունեանը շատ արժանի հետեւորդն է Միսաք Գօչունեանի, Մարտիրոս Գօչունեանի աշխատանքի եւ անոնց ստեղծածի: Միայն պատկերացուցէք՝ 110 տարի ամէն օր տպուող օրաթերթ.. Ապա նայեցէք հայաստանեան թերթերուն եւ տեսէք ո՞ր մէկ թերթը ի վիճակի է ունենալու այդպիսի երկար կեանք եւ ներկայացնելու այդպիսի լրագրութիւն: Ես մեծ սիրով կ՚ողջունեմ թերթի 110-ամեակը եւ նուազագոյնը եւս 110 տարի կը մաղթեմ: