«ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԹԵՐԹ Է, Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ Է, ԱՅԼ ՆԱԵՒ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԶԳԱՑՈՂ, ԵՐԿՐԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԱՐՏԱՑՈԼՈՂ ՄԱՄԼՈՅ ՕՐԿԱՆ ՄԸՆ Է։ ԱՅՍ ԹԵՐԹԸ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԱԾ Է ԻՐ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ»

Գրող եւ հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեանի ելոյթը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին առթիւ.-

Յարգելի ներկաներ, թոյլ տուէք մինչեւ իմ խօսքիս սկսիլը շնորհաւորել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը՝ 110-ամեակի առթիւ, շնորհաւորել Արա Գօչունեանը, անոր ծնողքը, կողակիցը, որոնք բոլորով, այս նոր ժամանակաշրջանին, պահպանելով ընտանեկան աւանդոյթը, յառաջ կը տանին շատ պատկառելի կենսագրութիւն ունեցող այս թերթը…

Արայի հետ մենք վաղուց բարեկամներ ենք, ընկերներ ենք եւ այդ երկար բարեկամութեան ընթացքին հասցուցած ենք երկու անգամ նաեւ գործնական շփում ունենալ: Առաջին անգամ, երբ թերթի 100-ամեակի առթիւ կը ստեղծէինք «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» ֆիլմը, որ թերթի պատմութիւնն էր, եւ երկրորդ անգամ, երբ որ Արան որպէս խորհրդատու միացած էր մեր խումբին եւ կը ըս-

տեղծէինք «Փակ սահմանի երկխօսութիւն» ֆիլմը՝ նուիրուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն: Այս երկու փորձառութիւններու վրայ ես կ՚ուզեմ կեդրոնանալ՝ ատոնց միջոցաւ գնահատելու համար թերթը, մինչ այդ կ՚ուզեմ յիշել դէպք մը, որ երբ կը նկարէինք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին ֆիլմը, թուրք հասարակական գործիչ մը, հրատարակիչ մը՝ Օսման Քէօքէրը հարցազրոյցի ժամանակ թերթի մասին երկար խօսք ըսաւ, աւարտին ըսաւ՝ աւելին չեմ կրնար ըսել, միայն կրնամ ըսել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը թերթելով, կարելի է գրել Թուրքիոյ պատմութիւնը:

Այսինքն, ասիկա ո՛չ միայն փոքրամասնական թերթ է, ո՛չ միայն ըս-փիւռքեան հրատարակութիւն է, այլ նաեւ այդ երկրի իրավիճակը զգացող, այդ երկրի իրավիճակը արտացոլող մամուլի օրկան մըն է: Այստեղ կրնան մարդիկ ըսել, որ գիտէ՞ք, հայերը փոքրամասնութիւն են, ստիպուած են ենթարկուիլ, ստիպուած են արձագանգել, որ յանկարծ չըսեն՝ իսկ ինչո՞ւ մեր մասին չէք գրեր եւ այլն: Բայց քանի որ ֆիլմը ստեղծելու ատեն երկար ժամանակ ես կը թերթէի հին համարները, հասկցայ մէկ բան, որ անոնք ոչ թէ ուղղակի վերցուցած են թրքական գործակալութիւններու արտադրած լուրերը եւ զետեղած են իրենց թերթի մէջ, այլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անընդհատ իրադարձութիւններուն մօտեցած է սեփական տեսանկիւնէ, մօտեցած է իբրեւ քաղաքացի, իբրեւ փոքրամասնութեան թերթ: Այս մօտեցումը, անկեղծ ըսեմ, կը նկատեմ մեր հայաստանեան ժամանակակից թերթերու գլխաւոր թերութիւններէն մին, երբ որ դուն մամուլին կը ղրկես մամուլի ծանուցում, որ ընդամէնը ծանուցում է, յաջորդ օրը կը տեսնես, որ թերթը

ուղղակի վերցուցած է եւ նոյն ձեւով տպած է քու ղրկածդ, նոյնիսկ խորագիրը չէ փոխած: Ես կը խօսիմ այն մասին, թէ ինչպիսի արհեստավարժութեամբ այս թերթը առաջնորդուած է իր գոյութեան այս տարիներու ընթացքին:

Երբ որ շեշտեցի երկրորդ ֆիլմը, ըսեմ, որ ուսումնասիրելու համար ընդամէնը քսանհինգ տարուան հատուած վերցուցած էինք՝ 1990-2015 թիւը, եւ կային շատ բաներ, զորս մենք կ՚ուզէինք ճշդել. այս կամ այն բանը ո՛ր թուին եղած է, եւ այդ ամէն ինչը հնարաւոր էր գտնել թերթի էջերուն մէջ, ի հարկէ, եթէ ատոնք փակ բանակցութիւններ չեն եղած: Մնացած բոլոր հրապարակային այցերը, իրադարձութիւնները կարելի էր գտնել եւ ճշգրտօրէն իմանալ ատոնց տարեթիւերը, ատոնց հանգամանքները, մանրամասները եւ այլն, եւ այլն:

Ես շատ ուրախ եմ, որ արդէն վերջին քանի մը տարիներուն գոյութիւն ունի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ելեկտրոնային տարբերակը, ինքս կ՚օգտուիմ անկէ, թէեւ թերթն ալ ամէն օր կը ստանամ իմ ելեկտրոնային հասցէիս վրայ եւ կը կարծեմ, որ շատ լաւ կ՚ըլլայ, որպէսզի ջանք գործադրուի նաեւ նախկին հարիւր եւ աւելի տարիներու թիւերը համացանցին վրայ տեղադրելու, մատչելի դարձնելու մարդոց համար:

Ես երջանիկ եմ, որ բախտ ունեցած եմ թերթը թերթելու, բայց շատերը ուղղակի հնարաւորութիւն չունին, եթէ գրադարան չեն երթար, եւ եթէ այդ մէկը ըլլայ համացանցի վրայ, շատ-շատերը կ՚օգտուին, օգտակար տեղեկատուութիւն կ՚ունենան:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018