ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՄԷՏ ՈՐՈՇՈՒՄ
Յունական Կիպրոսի խորհրդարանը երէկ միաձայնութեամբ ընդունեց հայանպաստ որոշում մը։ Այսպէս, հաւանութեան արժանացաւ բանաձեւ մը, որով կը նախատեսուի «քրէականացնել հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը»։
Այս որոշումը զուգադիպեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի կողմէ Յունական Կիպրոս կատարուած պաշտօնական այցելութեան օրերուն։ Սահակեան այս առթիւ երախտագիտութիւն յայտնեց Յունական Կիպրոսին։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան նշեց, որ Յունական Կիպրոս կարեւոր ներդրում մը կատարած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին մէջ։
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ խորհրդարանէն ներս Ապրիլի 24-ին շուրջ մէկ ժամուան քննարկումներ նախատեսուած են հայկական հարցին շուրջ։ Գերմանացի խորհրդարանականները այս առթիւ կանգ պիտի առնեն այն հանգամանքին վրայ, որ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը պէտք է օգտագործել այս պարագային, թէ ոչ։ Կը նախատեսուի քուէարկութեան ներկայացնել բանաձեւ մը, որու պատրաստութեան համար ստեղծուած է կուսակցական չորս ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ անպաշտօն աշխատանքային խումբ մը։