Մռայլ պատկեր

Հայաստանի ընդհանուր պատկերը կը շարունակէ մնալ մռայլ։ Արդէն քսան օրէ ի վեր կեանքը բնականոն հունէն դուրս եկած է երկրին մէջ։ Այո՛, ճի՛շդ է, յեղափոխութիւն մը տեղի ունեցաւ երկրին մէջ՝ Սերժ Սարգսեանի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելով։ Ինչպէս ամէն պատերազմ աւարտին կը հասնի խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրումով, յեղափոխութիւններն ալ պէտք է տրամաբանական աւարտ մը ունենան՝ քաղաքական հարթութեան վերադառնալով։ Ներկայիս, խնդիրը ա՛յս կէտին վրայ է Հայաստանի մէջ։ Կարելի չ՚ըլլար բանեցնել քաղաքականութեան միջոցները՝ երկիրը աստիճանաբար բնականոն հունին վերադարձնելու եւ ըս-տեղծուած իրադրութեան համապատասխան քայլեր առնելու համար։ Առերեւոյթ տկար կամ զօրաւոր, բոլոր կողմերը կաղ են Հայաստանի մէջ։  Յեղափոխութիւն իրականացուցած ուժերուն կամքը հնարաւոր չ՚ըլլար ամբողջութեամբ ցոլացնել քաղաքականութեան վրայ։ Սա տկարութիւն մըն է։ Միւս կողմէ, քաղաքականութեան հիմնական հասցէն՝ խորհրդարանը հնարաւորութիւն չ՚ունենար համարժէք արձագանգելու ստեղծուած իրավիճակին, ինչ որ իր հերթին նոյնպէս տկարութիւն մըն է։ Խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հանրապետական կուսակցութիւնը ի վիճակի չէ կարգ ու կանոն վերահաստատել երկրէն ներս, ինչ որ, նոյնպէս, տկարութիւն մըն է։

Այս ամբողջ կաղացումներու եւ թերութիւններու մթնոլորտին մէջ Հայաստան կը ջանայ գտնել ելք մը։ Ծայր աստիճան սահմանափակ ներուժով երկիրը ինչքա՞ն կրնայ դիմադրել այսպիսի արտասովոր պայմաններու։ Մէկ կողմէ քաղաքական կառոյցները կարելիութիւն չեն ունենար ճգնաժամը յաղթահարելու, իսկ միւս կողմէ ակնյայտ ճշմարտութիւն է, որ քաղաքական խնդիրներու լուծումը պէտք չէ փնտռել փողոցի մէջ, հրապարակներու վրայ։ Բոլոր քաղաքական ուժերը թէեւ պէտք է հաշուի նստին փողոցի մէջ ժողովուրդի արտայայտած կամքին հետ, սակայն պէտք չէ խուսափին քաղաքական առումով իրենց վիճակած պատասխանատուութենէն եւ անկէ բխած զոհողութիւններէն։ Հակասութիւններու, հակադիր երեւոյթներու լաբիւրինթոսին մէջ կողմնորոշուելու մարտահրաւէր ծառացած է հայոց պետականութեան առջեւ։

Ժողովրդավարութիւններու մէջ խնդիրներու վերջնական լուծումը եթէ վերապահուած է ժողովուրդին, ապա Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերը ժամ առաջ պէտք է համաձայնութեան գետին մը գտնեն՝ երկիրը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջնորդելու համար։ Եւ բոլորը կանխաւ պէտք է պատրաստ ըլլան՝ հաւանական կանխահաս ընտրութիւններու արդիւնքը յարգելու տեսակէտէ։

Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումները պարզ կը դարձնեն, որ Հայաստան երկար ժամանակ չունի կորսնցնելու։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2018