Իրատես եւ համաչափ

Հայաստանեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին զանազան լուրեր, որոնք յոյս կը ներշնչեն երկրէն ներս ստեղծուած մռայլ պատկերի յաղթահարման առումով։ Ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար երկրէն ներս տեղի կ՚ունենան կարգ մը խմորումներ, որոնք կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ Հայաստանը ցնցումներէ զերծ պահելու տեսանկիւնէն։ Ամէն յեղափոխութենէ վերջ դժուար է իրադարձութիւնները վերադարձնել քաղաքական բեմահարթակ։ Ուժերու վերադասաւորումէն սկսեալ, մինչեւ մարդկային գործօնները՝ կը յառաջանան գործնական խոչընդոտներ, որոնք կ՚արգելափակեն բոլորին համար բաղձալի կայունութեան հասնիլը։ Յեղափոխութեան յաջորդած յարափոփոխ մթնոլորտին մէջ այս է նաեւ Հայաստանի պարագան։ Յամենայնդէպս, երէկ սկիզբ առած խմորումները կրնան նպաստել երկրի ընդհանուր իրադրութեան աստիճանաբար բնականոնացման։ Քաղաքական ուժերը պատրաստակամութիւն ցոյց կու տան իրատես եւ համահունչ արձագանգելու համար իրավիճակին։

Յեղափոխութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ այս օրերուն առնուած քայլերը ունէին ճակատագրական նշանակութիւն։ Իր հիմնական խաղաքարտն էր ամբողջ երկրէն ներս փողոցներու մէջ, հրապարակներու վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն ուժը։ Բարեբախտաբար, Նիկոլ Փաշինեան այդ ուժը չմսխեց։ Լաւ ըմբռնեց, որ այդ ուժին ամբողջ գաղտնիքը ցոյցերու, քաղաքացիական անհնազանդութեան մեծ շարժման խաղաղ բնոյթն է։ Եթէ այդ ալիքը զուգորդուէր բռնութիւններով, ապա ձախողումները պիտի դառնային անհրաժեշտ։ Փաշինեան այս առումով կառավարման ընդունակութիւն ցոյց տուաւ եւ յաջողեցաւ ամբողջ քսան օրերու տեւողութեան քաղաքացիական անհնազանդութեան ալիքը պահել խաղաղ հունի մը մէջ։ Սա բազմապատկեց իր կարողութիւնները։ Պարզ էր, որ վերջին հաշուով խնդիրները փողոցի մէջ պիտի չլուծուէին, սակայն ան քաղաքական հարթութեան համար լուրջ ներուժ մը կուտակեց՝ սիրոյ եւ համերաշխութեան կարգախօսները ընդգծելով։

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնն ալ խորհրդարանի նախորդ օրուան ժողովին ընթացքին ըրաւ ուժի ցոյց մը։ Սա թէկուզ ոմանց համար շինիչ չէր կամ ինքնանպատակ էր, սակայն վերջին հաշուով յիշեցում մըն էր, թէ խնդիրները պիտի չլուծուին փողոցի մէջ։ Հարցերը պիտի կարգաւորուին քաղաքական հարթութեան վրայ եւ այս առումով օրինական թիւ մէկ հասցէն է խորհրդարանը։ Հետեւաբար, այս առանցքի պարագային ալ հնարաւորինս յստակութիւն մը ապահովուեցաւ։

Երբ հիմնական դերակատարները ապահովեցին սեփական թիկունքը, այդ փուլէն սկսեալ համարձակութիւն ունեցան նաեւ որոշ չափով ճկունութեամբ հանդէս գալու։ Հանրապետական կուսակցութիւնը որոշեց յաջորդ քուէարկութեան սատարել Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան։ Իսկ այս վերջինն ալ յայտարարեց, որ վերջ կը գտնեն քաղաքական անհնազանդութեան ցոյցերը։ Սա տուեալ պայմաններու ներքեւ հնարաւոր լաւագոյն վիճակն է, որ բարեբախտաբար կարելի եղած է ապահովել Հայաստանի մէջ։ Եթէ անակնկալներ չպատահին, եթէ ամէն ինչ շարունակուի բնականոն հունի մէջ, ապա մօտաւոր ապագային պաղարիւնութիւն մը կրնայ գերիշխել երկրին մէջ։ Եթէ Հայաստանի մէջ կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, ապա այդ պաղարիւնութիւնը օդի, ջուրի նման կենսական է այս փուլին երկրին տեսակէտէ։

Միայն հնարաւորինս պաղարիւն միջավայրն է, որ կրնայ տարրականօրէն երաշխաւորել՝ որպէսզի Հայաստանի ժողովուրդին կամքը առաւելագոյնս ցոլանայ երկրի կառավարման դրութեան վրայ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 3, 2018