ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ՝ 1904

Երբեմն «հին էջեր» թղթատել, անբացատրելի գոհունակութեան պատճառ կը դառնայ՝ նախ մարդ կրնայ բաղդատել հինը եւ նորը, անցեալը եւ ներկան, յետոյ կերպով մը ինքզինք կը ճանչնայ եւ ամենէն կարեւորը՝ իր երախտապարտութեան տուրքը կը վճարէ մասամբ, իր անցեալի երախտաւորներուն հանդէպ։ Այս իմաստով օգտակար է, նոյնիսկ անհրաժե՛շտ յիշել՝ անցեալը, անցեալի իրադարձութիւնները, դէմքերը եւ հաստատութիւնները։

Երբ կը թղթատէինք «հին էջեր», հանդիպեցանք հետաքրքրական ծանուցումներու, ազդերու՝ «ՄԱՍԻՍ»ի 1904 տարուայ թիւերուն մէջ, որոնք փափաքեցանք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ յուսալով, որ շահեկան պիտի ըլլայ անոնց համար երթալ մօտաւորապէս 115 տարի ետ՝ ուր թերեւս պիտի գտնեն իրենց անցեալէն, իրենց մեծ ծնողներէն յիշատակներ։

Եւ ահաւասիկ, այդ ազդերէն օրինակներ։

ՎԻԵՆ­ՆԱ­ԿԱՆ ՄԽԻ­ԹԱ­ՐԵԱՆ
ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱՆ
ի Բան­կալ­թի
48-րդ տա­րեշր­ջան

Վարժարանս վերստին կը բացուի 1/14 սեպտ. 1904։

Վարժարանս ունի արդի երկրորդական դպրոցներու (école secondaire moderne, Realschule) Ծրագիրը՝ միջավայրիս պիտոյիցը յարմարցուած։

ԼԵԶՈՒՆԵՐ.- Հայերէն, Թուրքերէն, Գաղ-ղիերէն, Գերմաներէն, Անգլիերէն։

Գիտութիւններ.- Ուսողական, Բնագիտական, Բնապատմական, պատմական (կ՚աւանդուի. Գերմաներէն եւ Գաղղիերէն լեզուներով)։

Առեւտրական Աշխարհագրութիւն. Թուաբանութիւն, Թղթակցութիւն (Գերմաներէն, Գաղղիերէն եւ Անգլիերէն լեզուներով)։

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ.- Ներքին եւ արտաքին՝ 20 ուսուցիչներ պիտի դասաւանդեն։

Նորամուտ աշակերտաց ընդունելութիւնն.

Օգոստոս, 16-էն կը սկսի

Վարիչ

Հ. Գաբրիէլ Ծ. Վ. ՄԷՆԷՎԻՇԵԱՆ

***

ՌՕՊԷՐԹ ԳՕԼԷՃ

Վարժարանիս յառաջիկայ տարեշրջանը կը սկսի Սեպտեմբեր 2/15, 1904-ին։

Կարգադրութիւններ եղած են վաճառականական ուսումը բաղձացուած կատարելութեամբ աւանդելու համար։

Վարժարանին մասնաւոր բժիշկը՝ ուսանողներու առողջութեան, մարմնամարզներուն եւ խաղերուն, ինչպէս նաեւ վարժարանին ընդհանուր առողջապահական վիճակին վրայ կը հսկէ։ Մարմնամարզի նոր եւ գեղեցիկ շէնք մը կառուցուած է նորոգապէս, իր մէջ ունենալով մարմնամարզի ամէն տեսակ գործիքներ, վերջին դրութեանց համաձայն։ Երկու տարիէ ի վեր բացուած է նաեւ փոքր տղոց յատուկ նոր շէնք մը, ուր կ՚ընդունուին մինչեւ տասը տարեկան աշակերտներ։

***

ՀԱՅՈՒՀԵԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԱՏԱԲԱԶԱՐ

Վարժարանիս յառաջիկայ տարեշըր-ջանը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 2/15, 1904. Եշ. առաւօտ։

Գիշերօթիկներու տարեթոշակն է 12 Օսմանեան ոսկի, որուն կէսը պէտք է վճարել Սեպտեմբերի մէջ, եւ կէսը Յունուարի մէջ։ Շաբաթը դաշնակի մէկ դասի համար տարեկան 3 Օսմանեան ոսկի եւ երկու դասի համար տարեկան 5 Օսմանեան ոսկի աւելի կը պահանջուի։

Երգեհոնի դաս առնողները տարին 1 ու կէս ոսկի աւելի կը վճարեն։

Վարժարանիս յայտագիրը ուզողներուն ձրի կը տրուի, եւ կամ կը ղրկուի։ Ուրիշ տեղեկութեանց համար դիմել Մր. Բիթի, Պայպըլ-Հաուս, Կ. Պոլիս, կամ գրել Տոքթ. Ս. Էֆ. Գավալճեանի, Ատենապետ խնամակալութեան, Ատաբազար։

***

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Կը բացուի Սեպտեմբեր 6/19, 1904-ին։ Ունի մէկ տարի նախակրթարանի եւ եօթը՝ կրթարանի շրջան մը։

Յետոյ ուսանողք եթէ յարմար դատ-ւին՝ կը ղրկուին Վենետկոյ Բարձրագոյն Վարժարանը եւ անկից Եւրոպայի արուեստից համալսարաններ։

Լեզուներէն կ՚աւանդուին Թուրքերէն, Հայերէն, Գաղղիերէն (նաեւ խօսելուն պարտաւորիչ), Իտալերէն, Գերմաներէն, Անգղերէն։- Ուսմանց ծրագրին մէջ կան նաեւ ձայնական եւ գործիական երաժշտութիւն, մարմնամարզ եւ առողջաբանութիւն։

- Վարժարանը ունի քսան ուսուցիչներ ներքին եւ արտաքին, Պոլսոյ կարողագոյն դասատուներէն ընտրուած։

- Իր ծովահայեաց անհամեմատ դիրքէն զատ՝ շէնքին վրայ այս տարի կրեց կարեւոր փոփոխութիւններ՝ առողջապահութեան աւելի եւս նպաստելու համար։

Փափաքողաց կը ղրկուի Յայտագիրը։

***

ԵՐԿՈՒ ԳԻՐՔԵՐ

8 Սեպտեմբեր 1904, Չորեքշաբթի.- Այս առտու գրասենեակի գրասեղանիս վրայ կը գտնեմ երկու նոր հրատարակութիւններ,- Մ. Ա. Պարսամեանի ոտանաւորներու հատորիկը, «Անրջանք», բաց կապոյտ, ծաղկազարդ կոխքով գիրք մը որ համակ երիտասարդութիւն եւ զգացում կը բուրէ, եւ տոկուն կազմով բաւական ստուար հատոր մը, «Ճաշակ Նոր Գրականութեան», հրատարակութիւն Ս. Դաւթեանի, որ մինչեւ ցարդ մեր ունեցած հաւաքածուներուն լաւագոյնը կրնայ համարուիլ, նիւթերուն ընտրութեամբը, դասաւորութեամբը, եւ որ վերջին քառորդ դարու մեր լրագրական - գրականութեան խտացումն է։ Եւ այս 430 էջով գիրքը դեռ առաջին հատորն է միայն, որուն պիտի յաջորդէ երկրորդ մըն ալ։

Կը թաղուիմ այս երկու նոր հրատարակութեանց ընթերցումին մէջ։ «Անըր-ջանք»ը սիրտերու խօսող գիրք մըն է. այդ թրթռուն ոտանաւորները՝ սիրող սիրտերու, զուարթ կամ թաղծալից սէրերու շուրջը կը դառնան, ոսկեգոյն թիթեռնիկի մը պէս. «Ճաշակ»ը միտքերու կը խօսի, հոն՝ քերթուածներու քով՝ իմաստասիրութիւնը, կրօնային ու բարոյական նիւթերը, նորավէպը, նկարագրութիւնը, կենսագրութիւնը զիրար կ՚ընդգրկեն։

Ու կը թողում գրիչս, ընթերցումս շարունակելու համար, որ գրական ու լրագրական կեանքի յիշատակներով լեցուն է անոնց համար որ ապրած են կամ կ՚ապրին այդ կեանքով։

ՄԵՆԱՍԷՐ

***

Հետաքրքրական եւ հաճելի չէ՞, սիրելի՜ բարեկամներ, պահ մը երթալ դէպի անցեալ՝ 1904, եւ զայն բաղդատել 2018-ի հետ. փորձեցէ՛ք, հաճելի՜ պիտի գտնէ՛ք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 26, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018