ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջվարժարանային գիտական փառատօն մը, որ 14-րդն է իր տեսակին մէջ։ Մեր համայնքային միջնակարգերէն աշակերտական խումբեր այս գիտական փառատօնին մասնակցութիւն բերին՝ զանազան ծրագրերով։ Տղաքը զանազան գիտական փորձերու հիման վրայ պատրաստած էին գործեր, որոնք ներկայացուեցան հիւրընկալ վարժարանի դասարաններուն մէջ։ Անոնք իրենց ստեղծագործական միտքն ալ միացուցած էին այդ աշխատանքին՝ գիտութեան ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ։ Ամբողջ օր մը տեւեց այս գիտական փառատօնը, որու սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։ Օրուան տեւողութեան դպրոց այցելեց նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ դասարանները մի առ մի շրջելով ծանօթացաւ տղոց գիտական նախագծերուն եւ անոնց հետ զրուցեց անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը աշակերտական խումբերուն փոխանցեց իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը։
Փառատօնին մասնակից տղաքը կէսօրուան ժամերուն միասնաբար ճաշեցին Մայր վարժարանին մէջ։ Մինչ այդ, անոնց նախագծերը դասաւորուեցան գիտութեան ուսուցիչներուն կողմէ։ Եզրափակիչ փուլին յուշանուէրներ ստացան փառատօնի մասնակից վարժարաններու գիտութեան ուսուցիչները։ Աշակերտներուն ալ տրուեցան մասնակցութեան վկայականներ։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիր դարձեալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ արտասանեց օրհնութեան խօսք մը։ Ուսուցիչներ՝ Ֆիլիփ Ելէկէն եւ Հիւսէյին Քարաքուշ հրապարակեցին կատարուած դասաւորման արդիւնքները։
Այսպէսով իր աւարտին հասաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած գիտական փառատօնը, որ արդէն դարձած է աւանդական։