ԳՈՎԵՍՏ՝ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻՆ

Մայիս ամիսը քրիստոնեայ աշխարհին համար յատկանշական է անով, որ այս ամիսը ան նուիրած է Ս. Մարիամ Աստուածածինին: Սխալ կարծիք կայ այն մասին, թէ Կաթոլիկ Եկեղեցին շատ աւելի մեծ կերպով յարգանք կը տածէ Մայրիկ Աստուածածինին նկատմամբ, քան միւս եկեղեցիները: Այս կարծիքը սակայն այնքան ալ ճիշդ չէ, որովհետեւ նոյն կերպ եւ նոյնիսկ աւելին կը տածեն քրիստոնեայ միւս աւանդական եկեղեցիները, որոնց շարքին է նաեւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, որ տարուայ ընթացքին եօթ անգամ կը յիշատակէ Ս. Կոյս Աստուածածինը: Աւելին, Ս. Մարիամ Աստուածածինի մասին դարերու ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ գրիչները գրած են բազմաթիւ ճառեր, որոնցմէ մէկն է նաեւ Թէոդորոս Քռթենաւորի հետեւեալ գովեստը, ուղղուած՝ «Սուրբ Աստուածածինին եւ միշտ Կոյս Մարիամին», զոր կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

ԵՐԱՆԵԼԻ ՄԻԱՅՆԱԿԵԱՑ ԹԷՈԴՈՐՈՍԻՆ (ՔՌԹԵՆԱՒՈՐ) ԳՈՎԵՍՏԸ՝ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻՆ ԵՒ ՄԻՇՏ ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄԻՆ

Սքանչելագործութեան բանաւոր եւ ներանձնացած տաճար, երկնաւոր բնակողին համար փառահեղ կարգաւորութեամբ եւ վայելչակազմութեամբ զարդարուած, Հօր փեսայացեալ Բանին, մաքուր եւ պարկեշտասէր հարսնութեան առագաստ, Ս. Երրորդութեան բովանդակ հաւատքով պսակուած Աստուածածին Ս. Կոյս Մարիամ. Քրիստոսի ընդհանրական առաքելաշէն եկեղեցիներ, փառաւորական եւ բարեբանական երգով ու հոգեզուարճ նուագարաններով՝ համախմբուելով այս օրը վերագոչեցէ՛ք. որովհետեւ, այսօր, ամբողջ տիեզերքը մեծայարգ աւետիսը ստացաւ։ Որովհետեւ, Հօր հաւասար Բանն Աստուածը՝ Հօր համագոյակից ըլլալով եւ իր մէջ կենսատու Ս. Հոգին ունենալով, այսօր՝ արքայաշէն Դաւիթ (թագաւորին) Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ ծնաւ։ Որովհետեւ, ըստ եբրայերէն թարգմանութեան՝ Բեթղեհէմ կը նշանակէ, իր երդումը. որու համար, Իր անձը անսուտ էութեամբ դրաւ, եւ կանխապէս կատարուած մարգարէութիւնները հաստատապէս կատարեց Իր ծառաներուն խօսքերը եւ պատգամաբեր հրեշտակները արդարացուց։

Այսօր, աւետալուր եւ ուրախութիւն բերող հրեշտակապետին ձայնը Ս. Կոյս Մարիամին, աւետող ձայնով եւ հեռուները հնչող ձայնով բոլոր տիեզերքին (եղաւ ըսելով), թէ «Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ 2.11)։

Այսօր ամբողջ տիեզերքին համար մեծ խնդութիւն է. որովհետեւ աստղի միջոցաւ արեւելեան ճանապարհի դուռը բացուեցաւ, մոգերուն ընծաներ բերելովը եւ երկնաւոր հրեշտակներուն՝ արքային մատուցանելովը արքայական ոսկի՝ ինքնածին արուեստահնարագործութեամբ մաքրազտուած եւ գունազարդուած դեղին ճաճանչներով հրեղէն լոյսի շողիւնով. երեւելի անուշահոտութեամբ կնդրուկ եւ ընտիր ու շատ խորհրդաւոր զմուռս։ Ոսկի՝ (նշան) ինքնակալ եւ յաղթող թագաւորի, կնդրուկ՝ երկնաւոր Աստուծոյ եւ մարդասէր բարեկամի. իսկ զմուռս՝ ինքնայօժար (կամքով) մեզի համար մահանալուն եւ երկրի մէջ թաղուելուն, որ նշանակ է մեր ալ խաչելութեան եւ երկրաւոր կեանքի համար մեռնելուն, ըստ առաքելախօս Պօղոսի վարդապետութեան, թէ՝ «մեռցուցէ՛ք ձեր մէջ երկրաւոր ցանկութիւնները» (Կղ 3.5) եւ թէ՝ «մեռէ՛ք եւ ձեր կեանքը Քրիստոսով՝ Աստուծոյ մօտ կը գտնուի» (Հմմտ.Կղ 3.3)։

Որովհետեւ, Արեւելքէն եկող մոգերը աստղին հետեւելով՝ որ, Քրիստոսի Արեւելքէն յանկարծահաս փայլատակումներով եւ փառք պարգեւող գալուստը կը նշանակէ, որու (ընթացքին) զինք սիրողներուն բարիքներ պիտի հատուցանէ։ Եւ ինչպէս որ առաջին գալուստին՝ Բեթղեհէմի մէջ ծնաւ եւ խաղաղութիւն բերաւ աշխարհին ըստ Դաւիթ Մարգարէին, նոյնպէս եւ երկրորդ գալուստին պիտի գայ տեսանելի կերպով, եւ հայրական փառքով ու իշխանութեամբ, դատելու համար ամբողջ տիեզերքը։ Դարձեալ, հրեշտակական աւետարանութեամբ եւ գովասանութեամբ անոնց միանալով, անսպառ ուրախութեամբ կը քաջալերուիմ նմանակակիցներուս, տեւողական, գերազանց, հանճարներու արտասանութեամբ ներբողական հանդէսով։ Որովհետեւ, այսօր աւետուեցաւ եւ լրումին հասաւ եկեղեցիին շինութիւնը՝ բազմաթիւ մարգարէներու նախագուշակ քարոզութեամբ։

Այսօր, երկնայիններն ու երկրայինները բերկրական սաղմոսերգութիւններով եւ գեղեցիկ պարախնդութեամբ կը ցնծան. այսինքն՝ հրեշտակներուն դասերը եւ մարդոց կաճառները միասնաբար կ՚աւետեն Աստուծոյ Որդիին գալուստը։ Այսօր, ուրախութեան ժամը հասաւ մեզի. եւ սուրբերու խումբերը անաղօտ ջահավառութեամբ եւ զանազան կերպերով կը պայծառացնեն այս մեծավայելուչ օրուան պատիւը՝ Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր, դէպի վեր նայող զուարթ ծաղկած եւ գունազարդ գարունը, սաղարթազարդ անթառամ բոյսերով վայելչացած է՝ Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր, մեր սիրտերու շտեմարաններուն մէկ անկիւնը ստացանք աստուածգիտութեան ցօղը, որովհետեւ Աստուծոյ Որդիին գալուստը տատրակներու ձայնի քաղցրութեան նման լսելի եղաւ մեր երկրին մէջ։ Այսօր, աստուածային ամպերը եւ հոգեզուարթ ցօղերը՝ նորածիլ բոյսերով, կը ցօղեն մարդոց վրայ, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։

Այսօր, հոգեխաղացք հոսանքները եւ առատաբուխ վտակները, ջրտու կատարելով, կ՚ոռոգեն բուրաստանի նման ծաղկած աւետարանատունկ եկեղեցւոյ զաւակները, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր, երկիրը երկինք եղաւ, որովհետեւ կը տեսնէ զԱստուած՝ աշխարհ եկած։ Այսօր, հողէն ստեղծուած Ադամի սերունդները, կեանքի գիրքին մէջ՝ երկնաքաղաքացի անուանակոչութեամբ գրուեցան, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր, նորափետուր հրաշքներով գեղեցկապէս նորարուեստ զարդարուած են, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր, դառնացած աղբիւրներն ու ջրակուտուած լիճերը, քաղցրութեան ճաշակէն կը տրամադրուին, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր, աղբիւրներու վտակները առատապէս կը հոսին ճահիճներու եւ մարգագետիններու ծաղկանոցներուն մէջ, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։

Այսօր, համատարած ու ընդարձակածաւալ ծովը, իր սահմանները հնչեցնող նուագարաններով խայտաց խաղաղ շարժումով եւ գեղեցկապէս ճեմելով, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր, յորձանք ունեցող գետերու բազմաթիւ ալիքները, անարգել ոլորումներով գեղեցկօրէն կը ծփան, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր ջրային կենդանիներու դասակարգութիւնը վերածնելով կրկնապէս կը բերկրի, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր եւ օդը շահաւոր կերպով սփռուելով կը տարածուի մարդոց պէտքերուն համար, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր լեռներուն գագաթները գեղեցիկ վարսերով պճնելով զարդարուեցան, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր, երկինքի մէջ թաւալուող տարրերը երկու լուսաւորներու (արեւ եւ լուսին) լոյսով՝ պայծառ լոյսով կը փայլին, Աստուծոյ Որդիին գալուստին համար։ Այսօր, երկրի վրայ կը փայլի արդարութեան արեգակը, որուն բժշկարար զօրութիւնը իր մէջ կը գտնուի։ Այսօր, սատանայական առագաստին խաւարը փարատեցաւ եւ կրկին անգամ ճշմարտութեան լոյսը վերայայտնուած տեսանք, որովհետեւ Քրիստոս աշխարհ եկաւ։

Այսօր, անեղը՝ եղական կ՚ըլլայ եւ չտեսնուողը՝ տեսանելի, իր մարդեղութեամբ։ Այսօր, անբաւելին ու անբովանդակելին կը բովանդակուի եւ անժամանակը սկիզբ կ՚առնէ Իր մարդասիրութեամբ։ Այսօր, կամաւորաբար աշխարհ կու գայ, որ աշխարհին մէջ է եւ որմէ բնաւ չմեկնեցաւ։ Այսօր, լեռները կը խոնարհեցնէ՝ ծառայելու համար (Իրեն) եւ (անոնք) հնազանդելով կը սպասեն անոր հրամաններուն։ Այսօր, սնոտի կռաապաշտութիւնը կ՚ունայնանայ եւ ի սպառ կը ջնջուի եւ աստուածպաշտութիւնը գը-թալով աշխարհի մէջ կը ծագի, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր, տրտմական հին տխրութիւններէն զերծ մնացինք եւ որպէս նոր Իսրայէլ եղած՝ կ՚ապրինք, Աստուծոյ Որդիին գալուստով։ Այսօր, հրեաներու Աստուծոյ գիտութեամբ յղփացած շտեմարանները սպառեցան եւ հեթանոսներուն կարօտ մնացած շտեմարանները առաւել զեղումով կը լեցուին, Սուրբ Հոգիին շնորհատու պարգեւներով։ Այսօր, ինքզինքնին բարձրացուցած ամբարտաւանները գետին իյնալով կործանեցան եւ աղքատացած տնանկները օրհնաբանութեամբ մինչեւ երկինք բարձրացան։ Այսօր, ազատեցանք փարաւոնին տաժանելի աղիւսագործութենէն եւ ազատութեան թուղթ ստացանք, Քրիստոսի աշխարհ գալուստով։ Այսօր, աշխարհի անսահման մեղքը վտարանդի կը փախչի եւ կռունկին հետ Յորդանան կը դառնայ եւ մարդոց հոգիները կը լուսաւորուին եւ Քրիստոսով կը մկրտուին, որովհետեւ Աստուած կը յայտնուի աշխարհի վրայ։ 

Այսօր, Յովհաննէսը, Զաքարիայի սերունդէն եւ պառաւ մօր որդին, Եղիսաբէթի դուստրը, մակաբայեցիներու քահանայական մեծ շառաւիղէն, Ղեւիի երկրորդ տոհմը, հոսանապտոյտ Յորդանանի ջուրերուն (մէջ) ըլլալով կը մկրտէ Քրիստոսը, նոյն պատիւը ունեցող Ս. Երրորդութեան վկայ կ՚ըլլայ, տեսնելով Ս. Հոգիին աղաւնակերպ էջքը, Քրիստոսի գլխուն վրայ, եւ (լսելով) Հայրական ձայնը, թէ՝ «այս է Իմ սիրելի Որդիս. Անոր մտիկ ըրէք» (Մտ 17.5)։ Այսօր, անխոնարհելին՝ Իր գլուխը ծառային կը խոնարհեցնէ, որպէսզի մեզ Իր գալուստով բարձրացնէ։ Այսօր, անպարագրելին Իր մարդեղանալովը կը մկրտուի, որպէսզի մեզ՝ տեսնողներս Իր Աստուածութեան միացնէ։ Այսօր, աշխարհի համայն մարդկութեան կը յայտնուի Իր ճառագայթատես լոյսով։ Այսօր, աստուածաշունչ քնարը՝ Յովհաննէս, ահաւոր եւ հրաշակէզ գլխով կը մօտենար եւ Յորդանանի ջուրերը եռալով ու լուացուելով կը մաքրուէին ապականութենէն։ Այսօր, ջուրերը սրբանալով կը մատուցուին, եւ ամբողջ բնութիւնը մաքրազտուելով կը սրբուի, մեր Տիրոջ երեւումով։

Այսօր, երկինքի արքայութիւնը ժառանգեցինք, որովհետեւ անոր արքայութեան վախճան չկայ։ Այսօր, լեռները՝ քաղցրութիւն բխեցին եւ բլուրները՝ բոյսերէն կաթ։ Դարձեալ, այնտեղէն ալիքներու ծալքերը բանալով, կրկին անգամ գեղեցկացուցին ճոխ ու առատ նուագարաններու մեր գովասանութիւնով, եւ նոյն հանճարի հոգեւոր աղբիւրներէն ընթացանք, ճաշակելու հոգեւոր վտակները եւ անով աճեցնելու գովասանքի տունկերը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինին եւ առաջընթաց ըլլալով, ծաղկեցնել մեր պերճախօս կորովը, ձայնակցելով հրեշտակին ահաւոր ճառին։

Յօժարակամ սիրտով ուրախացի՛ր, Տիրուհի Կոյս եւ Մարիամ Աստուածածին, մարգարէութեան շնորհքի դուստր եւ Տիրոջ մայր, որ վայելչապէս Աստուածը ծնար՝ արդարութեան արեգակը եւ քեզմով տեսանք եւ գիտցանք ճշմարտահոս լոյսը՝ Քրիստոսը, որ կը լուսաւորէ իւրաքանչիւր արարած, որ աշխարհ պիտի գայ։ Բերկրական սիրտով ուրախացի՛ր, կիներուն մէջ օրհնուած, պայծառազարդ արեւելք, որ քեզմէ փայլելով ծագեցաւ աստուածաշունչ լուսաւորութիւնը Քրիստոսի դէմքէն, եւ մեր սիրտերը սթափեցուց, քննելու համար ուղղափառ հաւատքին գաղտնիքները։ Հրճուողական սիրտով ուրախացի՛ր, ամէնօրհնեալ, Տիրոջ ծնողն ու աղախինը, որ արժանի եղար Հօր Աստուծոյ Բանին սպասաւորն ու ականատեսը ըլլալու։

Բերկրական ձայնով ուրախացի՛ր, բարեպաշտ Կոյս եւ նախաստեղծը անարատաբար ծնող, եւ ամէն ինչ ստեղծողին ծնունդ տուող, որովհետեւ քու մէջդ բնակիլ հաճեցաւ անիմանալին Աստուած։ Մեծ ցնծութեամբ ուրախացի՛ր, սրբուհի Մարիամ, կիներուն մէջ օրհնուած, բարձր եւ պայծառ երկնակամար, բարձրեալ ճշմարիտ Աստուծոյ փառաւոր աթոռ։ Զուարթագին սիրտով ուրախացի՛ր, բերկրանքներու եւ լուսոյ մայր. ծաղիկներու անդաստան, ցցունքներով (հիւսուած մազ) զարդարուած եւ բազմատեսակ երանգներով գեղազարդուած եւ առատ ցօղով մշտադալար շուշան տուող հովիտ եւ անուշահոտ մանուշակ՝ յաւիտենական առաքինի վարքի, որ մեզի պարգեւեցիր հրաշապէս, աստուածային նախախնամութիւնը՝ Աստուծոյ գեղեցկատես Բանին։

Վայելուչ սիրտով ուրախացի՛ր, Կոյս Տիրուհի եւ Աստուածածին անհարսնացեալ, փափկութեամբ սնուցող դրախտ, տեսակ-տեսակ բողբոջներու, աննման գեղեցկութիւններով՝ առաքեալներով, մարգարէներով, վարդապետներով, ամենայաղթ մարտիրոսներով եւ բոլոր սուրբերով։ Զուարճացիր եւ ուրախացի՛ր, բերկրանքներու եւ լոյսի Մայր, առատ բարունակներով ողկուզաբեր այգի, գինի բխող եւ (մշտապէս) սաղարդազարդ, որովհետեւ քեզմէ վերընձիւղեցաւ հայրատունկ որթը՝ ճշմարիտ Քրիստոսը եւ ներքնապէս երկուքի բաժնեց հրեաներուն կաճառը եւ ատեանը, եւ մսուրները իբրեւ աւար բաժանման պատուհաս դարձան։ Իսկ մեզի՝ քեզ դաւանողներս, ամենասուրբ Աստուածածին Կոյս, անարատ եւ արդարութեամբ կորովի, քու Որդիիդ եւ մեր Աստուծոյն երկրապագողներս, քառամատեանին (Աւետարանին) առատաբուղխ վարդապետութեան եղանակաւորումով կը պաշտենք, յաւիտեանս յաւիտենից։

Դարձեալ արժանապատիւ սիրով ուրախացի՛ր, Կոյս Մարիամ, բոլորը ստեղծողին եւ Աստուծոյ ծնող աղախին, աստուածահրաշ եւ հոգեղէն, որ անընդհատ բխում տուիր անուշահամ վտակներու հոսանքներուն եւ յորդաբուղխ հոգեծաւալ գինիին՝ Քրիստոսի, եկեղեցւոյ հնձանին մէջ. եւ վեցերրորդ դարուն մատռուակուելով, եօթներորդ օրը, Աստուծոյ փեսայացեալ Բանին առագաստին մանուկները հոգին պարարելով կը զմայլեցնեն. հանդերձեալին մէջ ամբարելով, բարի պարգեւներու ձրիօրէն բաշխումին համար։ Ուրա՛խ եղիր, Մարիամ, շնորհքներով զարդարուած տաճար, երկնային հարս եւ արքունական լուսաւոր առագաստ, գործարան՝ Բանին բնութեան միաւորութեան։ Ուրախացի՛ր, անհարսնացեալ Մարիամ, Տիրոջ մայր, հոգեւոր բաժակ եւ աստուածային շնորհքներ տուող, Քրիստոս աւետարանիչներու ձեռքով, որոնք տիեզերքը արբեցուցին։

Դարձեալ երանաւաէտ խօսքերով ուրախացի՛ր, Սրբուհի Մարիամ, կիներուն մէջէն օրհնուած, հոգեւոր ուռկան եւ ձկնորս առաքեալներու խումբին լայնածաւալ հոգեղէն գործին, որոնք բազմազանազան խումբերով որսացին ամբողջ տիեզերքը, յաւիտենական կեանքին համար, եւ չթառամող միասնական կեանքի համար։ Երջանկութեամբ ուրախացի՛ր, անհարսնացեալ Մարիամ, Քրիստոսի անարատ եւ մաքուր աղաւնի, շնորհք տուող Ս. Հոգիին ընդունարան, որ միշտ վայելչապէս զարդարուելով (Սուրբ Հոգիին շնորհքներով), հեթանոսներուն եկեղեցիները կ՚ուղղէ Քրիստոսի։

Դարձեալ ուրախութեա՛մբ ուրախացիր, Մարիամ, երկինքի արքայութեան պտուղ. քու պատուական մայրութեանդ պատճառով, նորափետուր եկեղեցիները հրաշքներով եւ առաքինական ազատ քայլերով կը զարդարուին, կը պայծառանան հաւատքի պտուղով՝ մեր Աստուծոյն եւ քու Որդիիդ ընծայումովը։ Ուրախացիր, Մարիամ Աստուածածին, պարկեշտ եւ սրբակենցաղ. ոչ թէ մեզ նման, այլ՝ անճառապէս յղացար եւ ծնար Էմմանուէլը, Եսայիի մարգարէութեան համաձայն (Հմմտ. Ես 7.14). որովհետեւ, ճշմարտապէս մանուկ մը ծնաւ մեզի ըստ Հոգիին նկարագրութեան եւ Բարձրեալին Որդին, ըստ՝ հրեշտակապետին (տուած) աւետիսին։ Որովհետեւ (իր) հօր ու մօր անուանակոչութենէն առաջ իսկ, առա՛ւ Դամասկոսի զօրութիւնը եւ Սամարիայի աւարը. եւ ասկէ ետք այլեւս չենք վախնար ծխոտած երկու թագաւորներու մեր վրայ տիրելէն, այսինքն՝ մահէն ու դժոխքէն. որովհետեւ «ամբողջ աշխարհին տիրող մեծ Թագաւորն է Անիկա» (Սղ 47.2)։

Դարձեալ ուրախացի՛ր, մեզ նման հարսանեկան վիճակի անփորձ, երկնային հարս եւ անհարսնացեալ Մարիամ. որ հրաշալի կերպով վայելչութեան Աստուածը՝ Էմմանուէլը ծնար, վայելչագեղ արմատը պտղաւորեցիր, ինչպէս ծարաւուտ երկրի մէջ եւ անկէզ մնացիր Սուրբ Հոգիին շնորհքով, սաղմնաւոր զուգաւորութենէն, այլեւ՝ հեթանոսներուն մէջ ալ գործեց ամբողջական, սփռուած, ծաւալուած ոստարձակ քաղցր պտուղ տուող արմատէն, որ քեզմով աշխարհին յայտնուեցաւ, (անոնց)՝ որոնք, ամբողջ սիրտով ծարաւի էին աստուածգիտութեան։

Հրճուալից եւ զուարթալից սիրտով ու լուսալիր դէմքով ուրախացի՛ր, կիներուն մէջ օրհնուած, մարդոց կեանքի եւ փրկութեան Մայր. չթրջուող լուսասփիւռ բուրդ, մարգարէական վկայութիւններով բացայայտուած, որ կոյս հարսի կերպար ես, անախտ, մաքուր եւ պարկեշտ. որու համար մարգարէներէն՝ Դաւիթը, կուսածին հարսնութիւնդ նոյն տիպիդ (համար) քաղցրահունչ քնար նուագարանով՝ Սուրբ Հոգիին ամբողջական էջքը նկարագրելով, կը մարգարէանար, ու կ՚ըսէր. «Հնձուած խոտի վրայ, իջած անձրեւի պէս պիտի իջնէ, տեղատարափներու պէս՝ որոնք երկիրը կը թրջեն։ Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ» (Սղ 72.6-7). այսինքն՝ հեթանոսներուն անհետացումը. որովհետեւ ըստ Պօղոսի. «…ինչ որ հինցած է ու ժամանակավրէպ՝ կ՚անհետանայ» (Եբր 8.13), որովհետեւ Քրիստոսով պիտի խափանուէր։

Դարձեալ, ջերմեռանդ փութով ու հարկադրալից պահանջով, Ս. Հոգիին պարգեւած բազմերանգ գովասանութեամբ ու գեղեցիկ վարսերու խոյրապսակազարդ տեսքով քեզի կ՚ընծայենք մեր չնչին արուեստէն, ո՛վ Տիրուհի, սրբակեաց հռչակուած՝ մեր քոյրը, մարգարէութիւններու դուստր, կարմիր յակինթ եւ գահանակ լուսազգեաց, Սիոնի դուստրերուն մէջէն ընտրուած։ Որովհետեւ, շատերու անհաւատութեան չնայելով, բոլորին Հայրը՝ քեզի հաճեցաւ եւ իր սիրելի միածին Որդին ղրկեց Սուրբ Հոգիին ներգործումով, որ ծառայական մարմինով քու մէջդ բնակեցաւ։

Ուրախացի՛ր, պարկեշտ Մարիամ, Աբրահամեան աւետումի դուստր, Իսահակի բողբոջ, որ անապականաբար ծնար եւ սքանչելի կերպով Աստուծոյ զօրութիւնը, իմաստութիւնը, արարածներու անդրանիկը, ամբողջ բնութեան Արարիչը, որ հիմա տղայացաւ, ան որ հրեշտակներու արքան էր եւ տիեզերքը իր նախկին օրինակին վերադարձուց։

Դարձեալ աստուածավայել սիրտով եւ բարեզուարճ ուրախութեամբ ուրախացի՛ր, անհարսնացեալ Մարիամ եւ առանձնութիւն սիրող կոյս, եւ հրաշագործ ծնունդով երանաւէտ հարս, եդեմական գետին առատագոյն վտակները քեզի կը բերես, որ առատ ջուր տալով կ՚արբեցնես բազմադիմի տունկերը՝ փափկութեան դրախտին, որ այժմ մեր դիտաւորութեան իմանալի է՝ եկեղեցւոյ բուրաստանի նման ծաղկած զաւակները, նորաբողբոջ հաւատքով սնուած եւ անարգել յորդախաղաց վարդապետութիւնը՝ Քրիստոսի Աւետարանին։

Ողջամիտ սիրտով ուրախացի՛ր, լոյսի Մայր, Մարիամ Աստուածածին, աստուածախառն սեղան. ինչ օրինակով որ հրամայուեցաւ Մովսէսին մարդկային հնարաւորութիւններով, վէմով կառուցուած անտաշ սեղան մը շինել՝ Աստուծոյ ընծայ (մատուցելու համար) ընդունուած, նոյնպէս՝ քու պարկեշտ անձդ փորձուեցաւ եւ անվնաս մնաց մեր հարսնութենէն. որովհետեւ Ս. Հոգիին շնորհքներով պարսպուած՝ ընդունելի սեղան եղար երկինքէն իջած երկնային հացին, որ ամբողջ աշխարհին կեանք կու տայ։

Ուրախացի՛ր, Մարիամ, զուարթագին սիրտով, հնազանդ եւ միամիտ աղաւնի, կիներուն մէջ օրհնուած, սրտակից Քրիստոսի, որ տրուեցաւ, Եզեկիէլի համաձայն. որովհետեւ դուն ես Իսրայէլի Աստուծոյն փակուած դուռը, արեւածագին եւ արեւնամուտին։ Որովհետեւ անհասանելի եւ անճառ խորհուրդներ բերիր խիստ պանծալի, ամենասուրբ կուսութեան դուռ։

Դարձեալ երկինքէն եկող աւետիսով ուրախացի՛ր, վայելուչ սիրտով բերկրացող, Քրիստոս Աստուծոյ Մայր, որ անփակը եւ անբովանդակը՝ երկինքի եւ երկրի մէջ, հրաշակերտութեամբ եւ սիրտի կամաւոր յօժարութեամբ հաճեցաւ ինն ամիս արգանդիդ մէջ գեղեցկապէս աճիլ, մինչեւ որ արարածներու անդրանիկն ու Արարիչը ծնար, որուն անունը Յիսուս կոչուեցաւ, հրեշտակին աւետածին համաձայն (Հմմտ. Մտ 1.21)։

Ուրախացի՛ր, Մարիամ, կիներուն մէջ օրհնուած, քեզ տեսնողներէն երանուած եւ բաղձալի՝ չտեսնողներուն. հոգեւորութիւն բխող ջրհոր, որ լի ես աստուածահանճար իմաստաբեր անձկութեամբ, չծարաւող կենդանի ջուրով, որուն բաղձալով Սամարացի կինը միշտ ծարաւի կը մնար, սակաւաջուր (ջրհորը) երթալով, որով եւ մեծ մարգարէն՝ Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը, եռանդուն հոգիով կը ցանկար. «Բեթղեհէմի դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր կրնայ խմցնել» (Ա.Մն 11.17)։ Եւ իրապէս, մարգարէին դուռը մատնանշելը, որովհետեւ դուռին մօտ էր փառապարգեւ գալուստը Քրիստոսի։ Եւ երեք զօրավարները կառքով մարտնչողներն եւ այլազգի ելուզակները վանեցին եւ ըղձացուած ջուրը արքային բերին, որ չուզեց ըմպել (Հմմտ. Ա.Թգ 23.13-17: Ա.Մն 11.15-19), որովհետեւ ծերութեան ժամանակը տակաւին չէր հասած, ոչ ալ ժամանակը Քրիստոսի ծննդեան։ Թէպէտ եւ մարգարէին անբաժան անձը՝ մարմինն ու հոգին աստուածատուր իմաստութեան եւ գիտութեան հետ միասին, եւ անցաւ երկրէն բարձր եղող դիւագունդ փաղանգներու ասպարէզներէն, որ իրենց (սարքած) պատրանքներով, մարդիկ Աստուծոյ թշնամի կ՚ընեն։

Ուրախացի՛ր, Մարիամ, ամբողջ տիեզերքէն փափաքուած ոսկի տուփ՝ անուշահոտ խունկերով զարդարուած եւ մաքարփայլ բուրումով իւղագործական տաշտ. որովհետեւ երփներանգ վարդերու, շուշաններու եւ հովիտներու գեղեցկութիւն տուող ծիրանագոյն մանուշակներու նման՝ վարդերու գեղեցկութեամբ հիւսուած վարսերդ, անհարսնացեալ Մարիամ, պարկեշտասէր եւ առաքինի սրբութեամբ կեանքը սիրող։ Որուն պատճառով մեզմէ կը ստանաս փառաբանական խօսքեր, որոնց՝ մեր պարզ գովասանութեան, բնաւ պէտք չունիս. (որովհետեւ) այդ գովասանութիւններուն չափ՝ ո՛չ թէ մարդոցմէ, այլ՝ Աստուծմէ ընծայուած է քեզի, ո՜վ Տիրուհի Կոյս եւ Մարիամ Աստուածածին։

Արդ, այսպիսի ճոռոմաբան եւ կուսական հոգեւոր տօնախմբութեան (ընթացքին), ո՛վ սիրելիներ, յօժարակամ արագութեամբ ընդունեցէ՛ք այս օրուան շահաբերութիւնը, երիտասարդներ եւ կոյսեր, ծերեր եւ տղաներ, գեղեցկապէս եւ փութով, մարմնաւոր թմբկահարութիւնը՝ հոգեւոր թմբկահարութեան վերածեցէք, որովհետեւ այս է ժամանակը անարգել եւ անխափան ուղեւորութեան (դէպի) երկինքի արքայութիւն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մօտ, որուն փառք, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018