ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Աւետարանը կը վկայէ, թէ աշակերտները զարմացած կը նայէին երկինք, կ՚ուզէին հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս համբարձաւ Քրիստոս։ Եւ հարց մը կը գոյանար իրենց մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք էր, որ համբառնար Քրիստոս, քանի որ Անոր հետ ըլլալ, Անոր հետ ապրիլ մեզի համար հանգիստ եւ ապահով էր. ապա ուրեմն ինչո՞ւ Ան համբառնալու պարտաւորուեցաւ…»։ Սակայն Աւետարանը կը վկայէ, որ Քրիստոս եկաւ՝ մարմնացաւ եւ մարդացաւ՝ վերադառնա՛լու համար, այսինքն՝ համբառնա՛լու համար։ Ան երկինքէն եկաւ, եւ բնակա՛ն էր, որ վերադառնար երկինք՝ ուրկէ ղրկուեցաւ…։

Արդարեւ, Քրիստոս յայտնեց, թէ մարդկութեան համար լա՛ւ է, որ վերադառնայ։ Ինչո՞ւ վերադառնալը աւելի լա՛ւ է։ Այս հարցումին պատասխանը՝ Վերջին ընթրիքի խորհուրդին մէջ է. նախ՝ Քրիստոս կը բաշխուի իբրեւ կերակուր եւ ա՛յդպէս կը շարունակէ ապրիլ մեր մէջ, քանի որ Ան միշտ կենդանի՛ է եւ կ՚ապրի մշտնջենապէս։ Ինչպէս նաեւ՝ Քրիստոս մարդկային ուրիշ մարմին չէր կրնար ընտրել՝ որով կը շարունակէր ապրիլ երկրի վրայ։ Եւ այդ պատճառով Ինքզինք բաշխեց, բաշխուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցով՝ Իր խորհրդաւոր Մարմինը հաստատելով՝ որ է Եկեղեցի՛ն։ Իսկ միւս հանգամանքը այն է, որ Քրիստոս երկրի վրայ այդքան ալ շատ հետք չթողուց՝ դպրոց չհիմնեց, գիրքեր չգրեց, չամուսնացաւ, սերունդ չթողուց։ Քրիստոս Իր հետքը թողուց մարդոց սիրտերուն մէջ եւ հոգի՛ներուն մէջ եւ մարդիկ սկսան Տէրը փնտռել իրենց սիրտերուն մէջ։ Եւ այսօր եւ մի՛շտ Քրիստոս ամէն տեղ է, եւ ամէնքին մէջ։

Մենք կասկածի տակ չենք դներ այն փաստը, որ Քրիստոս համբարձաւ երկինք. ո՛չ մէկ տարակոյս։ Բայց մեզի ցաւ կը պատճառէ այն, որ երբ երկինք կը նայինք, ո՛չինչ կը տեսնենք։ Ակամայ կը մտածենք, որ Քրիստոս երկինք համբառնալով՝ մոռցուելու գնաց։

Ան վերադարձաւ երկինք։ Գուցէ մնար երկրի վրայ, այսքան չարիքներ եւ աղէտներ չըլլային, կարելի է խորհիլ ա՛յդպէս։ Ուստի աւելի հեշտ կ՚ըլլար տեսնել Քրիստոս մարմնաւոր կերպով՝ ֆիզիքական զգայարաններով, քան փնտռել մեր սիրտերուն մէջ։ Սակայն ա՛յն է, որ կը պահանջուի մեզմէ. շփուիլ, հաղորդուիլ, ծանօթանալ ամէն մարդու հետ՝ որուն մէջ Աստուած կը բնակի։ Հաւատացեալի պատասխանատու հանգամա՛նքն է ասիկա։

Համբարձման մասին հարցերու պատասխանը կը սկսի սա առաջին հարցումին պատասխանելով, թէ Յիսուս ինչո՞ւ աշխարհ ղրկուեցաւ եւ մարդացաւ։

Քանի որ Աստուած ի՛նքն է զօրութեան, կարողութեան եւ ամէն լինելիութեան ակը, ապա ուրեմն ինչո՞ւ համար Ի՛նք ուղղակի ի գործ չդրաւ մարդկութեան փրկութիւնը ապահովելու համար՝ այն «ծրագիր»ը՝ զոր ի գործ դրաւ «փոխանորդ»ի մը ձեռքովը՝ որ էր Իր Միածին Որդին։ Ուրիշ բացատրութեամբ, ինչո՞ւ համար Աստուած մարդոց հետ չվերաբերուեցաւ այնպէս, որ վերաբերուած էր «Հին Ուխտ»ի տնտեսութեան ընթացքին՝ նախ քան Քրիստոսի մարդեղութիւնը հազարաւոր տարիներ տեւած էր, եւ դեռ կը տեւէ հրեայ ժողովուրդին համար։

Արդարեւ Հայր Աստուած Իր Որդին ղրկեց եւ Իր Որդւոյն միջոցով խօսեցաւ մարդոց, եւ յայտնեց եւ գործադրեց Իր կա՛մքը։ Կամ, կարծես, Աստուած Իր վեհափառութիւնը «քօղարկեց» մարդոցմէ Յիսուս Քրիստոսով։

Հին Ուխտի տնտեսութեան մէջ Աստուած քօղազերծ էր՝ կը տեսնուէր, կը լսուէր եւ մանաւանդ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուէր մարդոց հետ՝ որոնք ուղղակի՛ Իր հսկողութեան տակ էին եւ որոնց կեանքը կը ձեւաւորէր՝ կ՚առաջնորդէր եւ ընթացք կու տար Իր հրամաններովը։

Աւելի յստակ ընելով հարցումը - քանի որ Աստուծոյ նպատակն էր մեղաւոր մարդկութիւնը փրկել, ինչո՞ւ համար առա՛նց փոխանորդի մը կամ «դեսպան»ի մը չփրկեց։ Միթէ Ինք անկարո՞ղ էր։ Եւ եթէ պահ մը խորհինք, թէ «անկարող» էր. ենթադրենք, ինչպէ՞ս կրնար աւելի կարող ըլլալ Իր Որդին։ Եւ եթէ կարո՛ղ - եւ աներկբայօրէ՛ն եւ անհաշուելիօրէն կարող - ապա ինչո՞ւ համար իր կարողութիւնը փոխանցեց Իր Որդւոյն եւ մարդոց փրկութեան նուիրական գործը վստահեցաւ Անոր։

Եւ այս խորհրդաւոր հարցումին համառօտ եւ բովանդակալից պատասխա՛ն։

Յիսուս Քրիստոսի մարմնացումը եւ մարդեղութիւնը անհրաժե՛շտ էր, քանի որ ո՛չ թէ Աստուծոյ փրկարար զօրութիւնը պիտի յայտնէր միայն, հապա նաեւ՝ այդ զօրութեան ներգործութեան արդիւնքը ցոյց պիտի տար իր ապրած իրական կեա՛նքովը։

Արդարեւ, «փրկող զօրութիւն»ը անծանօթ չէր քանակութեամբ, հապա՝ կենդանի օրինակը այդ զօրութեան յայտնութեան մարդուն մէջ։

Աստուածորդին «պարպուեցաւ», ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը, Իր աստուածութենէն եւ մարմնացաւ, մարդացա՛ւ՝ ենթակայ մարդկային ամէն փորձութիւններու, բայց առանց երբե՛ք փորձուելու, քանի որ աստ-ւածային զօրութիւնով լեցուած եւ պաշտպանուած էր ապահով եւ պարսպապատ քաղաքի մը պէս։

Մարդիկ գիտէին, թէ Աստուած ամենազօր է եւ կրնայ տիեզերքը իր հիմերէն քանդել եւ վերաշինել, բայց չէին գիտեր, թէ ինչպէ՞ս կը յայտնուի մարդ էակին մէջ եւ ի՞նչ կ՚ըլլայ արդիւնքը երբ յայտնուի։

Արդարեւ, Աստուծոյ զօրութեան եւ ամենակարողութեան յայտնութեան փորձարկական եւ գործնական առաջին ցուցադրութիւնը մարդկային կեանքին մէջ եղաւ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղեալ կեա՛նքը։

Եթէ չմարմնանար եւ չմարդանար Աստուծոյ Որդին՝ պիտի կրնար Աստուծոյ զօրութեան երկրաւոր «ներկայացուցիչ»ը ըլլալ, բայց «անկարող» պիտի ըլլար, «իբրեւ մարդ», ցոյց տալու եւ վկայելու անվիճելի ստուգութեամբ, այդ զօրութեան սրբացուցիչ, վերանորոգիչ, վերակենդանացուցիչ եւ կենսաւորիչ ներգործութիւնը. «Ես եւ Հայրը մէկ ենք»։ Իբրեւ Աստուծոյ Որդի՝ Որդի Աստուած՝ արդէն մէ՛կ էր Ան Աստուծոյ հետ, բայց իբրեւ Որդի Մարդոյ, իբրեւ կատարեալ մարդ ալ մէ՛կ եղաւ եւ մէ՛կ մնաց։ Այս կերպով ապացուցուց, թէ ամէն մարդ եւս կրնայ այս փրկարար զօրութեամբ նմանիլ Իրեն, եւ իրեն պէս նոյնանալ Աստուծոյ հետ, կամ մէ՛կ ըլլալ Աստուծոյ հետ։ Ուստի Յիսուս մարդացաւ նպատակի մը համար, բայց Ան կը պատկանէր երկնայինին եւ պէտք էր վերադառնար երկինք՝ որուն կը պատկանէր, մնալով միշտ մեր մէջ, մեզի հետ…։

Լեռը Յիսուսի մարմնաւոր կեանքին մէջ միշտ կարեւոր տեղ մը ունեցած է։ Համբառնա՜լ, անպայմա՛ն, երբ լերան մը վրայ կը գտնուի մարդ հոգեւոր փորձառութեամբ։ Մարդկային մարմինը երկրին, հողին կը պատկանի, անմա՛հ է հոգին՝ որ կը պատկանի երկինքի։ Ուստի երկինքի պատկանիլ կը նշանակէ Աստուծո՛յ պատկանիլ։ Եւ երբ մարդ հոգեւորապէս կը դառնայ Աստուծոյ, եւ մարդ եւ Աստուած կը նոյնանան։ Առաքեալը այս մասին է, որ կ՚ըսէ. «Կ՚ապրիմ, բայց ո՛չ թէ ես, հապա՝ Քրիստոս որ իմ մէ՛ջս է»։ Ուստի անհատապէս բոլորս կարող ենք «համբառնա՛լ» եւ այն ատեն մենք ալ հոգեւորապէս «համբարձած» ենք։

Յիսուս Քրիստոսի թէ՛ մարմինը եւ թէ՛ հոգին կը պատկանէր երկինքի, ուստի մարմինով եւ հոգիով «երկինք» համբարձաւ Ան։ Եւ այս պէ՛տք է կրկնուի ամէն հաւատացեալի մէջ, քանի որ մարդ իր արարչութեան պահէն իսկ կոչուած է անմահութեա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 1, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018