ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Յինանց 7-րդ Կիրակին կը կոչուի «Երկրորդ Կիրակի», պարզապէս այն պատճառով, թէ՝ օրուան Ճաշու Աւետարանը Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի մասին է, ինչպէս կը վկայէ Յովհաննէս Աւետարանիչ. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 12-23)։

Ըստ եկեղեցական օրացոյցին, «Երկրորդ Կիրակի»ն, այս տարի կը հանդիպի 13 Մայիս Կիրակի օրուան։ Եւ հետաքրքրական է, որ Բուն Ծաղկազարդն ալ կը հանդիպի Մեծ պահքի 7-րդ Կիրակիին, որուն կը յաջորդէ երկրորդ Ծաղկազարդը՝ Յինանց 7-րդ Կիրակիին։

Ծաղկազարդը նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Գալստեան յիշատակին, որ պատմական, աւետարանական «Գալուստ» մըն է։ «Գալուստ» մը՝ որուն առջեւ բոլոր Երուսաղէմ կը դղրդի։ Արդարեւ, անսովոր, տարբեր կարգի երեւոյթ մը կայ Քրիստոսի այս գալուստի պարագաներուն մէջ։ Ան նախապէս եկած էր Երուսաղէմ, քարոզներ խօսած եւ հրաշքներ կատարած էր հոն, շատ անգամ ժողովուրդը ոգեւորած, խանդավառած էր, բայց այս անգամ երեւոյթը բոլորովին տարբեր էր՝ աննախընթաց եւ փառաւո՛ր։ Ուստի ամբողջ Աւետարանի պատմութեան մէջ կարելի չէ հանդիպիլ այսպիսի ցոյցի մը՝ ուր Մարդու Որդին մուտք գործած ըլլայ Սուրբ Քաղաք։ Մինչդեռ, այս Սուրբ Քաղաքին՝ Երուսաղէմին պատմական ընդհանուր նկարագիրն էր՝ հալածել ճշմարիտ մարգարէները, պատգամաբերները, մինչեւ իսկ սպաննել ճշմարտութեան քաջ քարոզիչները։ Ան քաղաք մըն էր «անմեղ զոհ»երու, որոնց վերջինը եղած էր Յովհաննէս Մկրտիչ։

Եւ ահաւասիկ, Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը, հիմա առարկայ կը դառնար նախանձելի ցոյցերու։ Բայց այս նախանձելի ցոյցերը Քրիստոսի աչքին տարբեր նշանակութիւն մը ունէին. այդ բոլորը թէեւ իր հրաշալի՜ գործունէութեան, առաքելութեան փառաւորման նուիրուած էին, զինք զգացող եւ հասկցող ժողովուրդին կողմէ, սակայն ինք, այդ ժողովրդական ցոյցերը կ՚ըմբռնէր իբրեւ պաշտօնական դատապարտութիւնը Երուսաղէմին, որ իրօք հինցած էր Հին Ուխտի սխալ եւ նպատակէն շեղած հասկացողութեան եւ գործադրութեան մէջ, եւ հոգեկան այսպիսի յուզումներու մէջ Փրկիչը լացեր էր դառնապէս մատնանիշ ընելով Սուրբ Քաղաքին շլացուցիչ փառքերը, որոնք պիտի անցնէին շուտով եւ նոյնիսկ «քար քարի վրայ պիտի չմնար»։ Դառն էր այսպիսի մարգարէացում մը։

Երուսաղէմ պաշտօնապէս սնանկացա՛ծ էր, հրաշակերտ Տաճարն ալ, որ այլեւս իր արտաքին հրապոյրով ուշագրաւ էր եւ պատկառելի, թափուր էր ներքնապէս իր առաջնորդողի աստուածային ուժէն եւ սնունդէն, հարկ էր, որ իյնար՝ իյնար անկանգնելի կերպով։

Ի՛նչ որ այսպիսի խորհրդածութիւններով կ՚ուզուի բացատրուիլ Յիսուսի այս գալստեան նշանակութիւնը, անշուշտ շատ տկար եւ անզօր կը մնան։

Քանի որ Յիսուս Քրիստոս, Երուսաղէմի այդ «շքեղ մեռելութեան» մէջ կ՚ուզէր վերջին ճիգ մը ընել եւ վերականգնել, վերակենդանացնել զայն Բեթանիացի Ղազարին օրինակով. կենդանի, ցնցող շարժումով ուշի բերել պաշտօնական Երուսաղէմը։ Եւ արդէն Յիսուս Քրիստոսի այս կերպով արտայայտութիւնն է, որ կարեւոր է Ծաղկազարդի յիշատակին մէջ։ Եւ ուրեմն պարզապէս յիշենք եւ անցնինք՝ թէ Քրիստոսի համար պատրաստուած այս շքեղ եւ աննախընթաց ցոյցին պատճառը՝ Բեթանիացի Ղազարոսին հրաշագործ յարութիւնն էր չորս օրուայ մեռելութենէն, թէ ձիթենիի ոստեր եւ արմաւենիի ճիւղեր, որոնք տարածուեցան Քրիստոսի ճամբուն վրայ, կը մարմնացնէին ժողովրդական խանդավառութեան եւ ոգեւորութեան շատ բնական կենդանութիւնը, թէ «Ովսաննա»ները, որոնք կը թնդացնէին օդը, արձակ համարձակ պոռթկացումներ էին սիրոյ, համակրանքի եւ գնահատութեան։ Եւ ասոր հրապոյրը կ՚աւելնար որքան ատեն որ մանկական անկեղծ եւ անխարդախ էութիւններէ կը բխէին ատոնք…։

Եւ եթէ մանուկներ լռէին, Տաճարի բակին մէջ դիզուած քարերը պիտի աղաղակէին, թէ «ծաղկազարդ»ը, որ գարնանային թարմութիւն կը բուրէ, կրնայ հայ հեթանոսական տօնի մը մնացորդը եղած ըլլալ, մանաւա՛նդ իր «Զարզարդար», կամ «ծառազարդ», «ծառզարդար» ձեւերով՝ որ ծիսական լեզուին մէջ «Արմաւենեաց Կիրակի»՝ յունարէն «Ողոգոմեան» ալ ըսուած է, թէ քրիստոնէական եկեղեցիներ այս Կիրակի կը վերակենդանացնեն Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ գալստեան յիշատակը, նորածիլ ընձիւղներով, թարմ եւ թուրմ ծաղիկներով, մշտադալար եւ օծուն ձիթենիի շիւղերով եւ նոյնիսկ Երուսաղէմէն բերուած արմաւենիի ոստերուն չոր չոր հիւսքերով, երբ չկարենան գտնել թարմը եւ կանաչը…։ Հայ Եկեղեցին եւ ժողովուրդը, աւետարանական պատմութեան այս նշանաւոր դէպքը արդեամբ կը վերակենդանացնեն։ Անմեղութեան եւ պարզութեան, չափաւորութեան բոլոր ցոյցերով եւ հանդիսութիւններով՝ վստահութեամբ եւ հաւատքով, թէ աւետարանական այս կեանքը կը հռչակէ Երկինքի Արքայութեան եւ հաճելի Փրկչին, որ սիրեց մանուկները, անմեղները, պարզ բնութիւնը եւ բնաւորութիւնը, եւ բնութեան ծաղիկները եւ կանաչները եւ հիացաւ վայրի շուշանի վրայ։

Եւ երբ կը տօնենք Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ, պէտք չէ անտեսել Անոր կատարած մաքրագործումը Տաճարին մէջ։ Արդարեւ, բան մը, որ կը պատկանի ո՛չ միայն Քրիստոսի ժամանակ, այլ որուն պահանջքը կը զգացուի միշտ եւ այնքան ատեն, երբ Եկեղեցին կա՛յ եւ կը մնայ՝ ներկայիս եւ ապագային մէջ։

Եւ եթէ կ՚ուզենք գոյապահպանել Եկեղեցին եւ անոր գոյատեւման սատարել՝ միշտ պէտք է ի մտի ունենանք անոր մաքրագործումի պահանջքը, մաքրագործել, վերանորոգել եւ վերականգնել՝ ահաւասիկ հաստատութեան մը կեանք տուող եւ կեանքը տեւականացնող սնո՛ւնդները։

Արդարեւ, Եկեղեցին միշտ պէտք ունի մաքրագործուելու, նորոգուելու եւ ասոր համար ալ անհրաժեշտ է «կարգապահութի՛ւն»ը՝ «discipline» ամէն մարզի մէջ եւ մանաւանդ եկեղեցին. պաշտամունքի մէջ, արարողութեան ընթացքին, աղօթքի ժամանակ, պաշտամունքի ատեն, ամէն կարգի եւ ամէն աստիճանի համար եւ նաեւ եկեղեցական արարողութիւններու, խորհրդակատարութիւններու, պաշտամունքի մասնակից ժողովուրդին համար, քանի որ խորհրդականօրէն Եկեղեցին ժողովո՛ւրդն իսկ է։ Եթէ ժողովուրդը կարգապահ ըլլայ՝ Եկեղեցին ալ կարգապահ կ՚ըլայ եւ իր դերը կը կատարէ խաղաղ միջավայրի մը մէջ՝ նպատակայարմար, պատասխանատուութեան կատարեալ գիտակցութեամբ, իմաստին թափանցելով։ Ուստի եկեղեցին միշտ պէտք ունի «մաքրագործութեա՛ն»՝ ձեռնհաս հոգեւորականներու արդար միջամտութեամբը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 1, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018